Յօդուածներ

Խմբագրական.  100-Ամեակ. Արցախ (Դ.)

Խմբագրական. 100-Ամեակ. Արցախ (Դ.)

Ընդհանուր դիտարկումը կը յուշէ, որ Արցախը Խորհրդային Միութեան օրերուն հասկնալիօրէն ցեղասպանութեան հարցի արծարծման շատ տեղ ու առիթ չունէր: Ազրպէյճանի խորհրդային հանրապետութեան մէջ յայտնուած ինքնավար մարզը  նման համարձակութեամբ հանդէս գալու վտանգի հետեւանքներուն կշռաչափումով այդ ուղղութեամբ քայլեր առնելէ կը խուսափէր: Անկէ ետք արդէն Արցախի ազատամարտն էր եւ ըստ էութեան ինքնորոշման իրաւունքը հայութիւնը կը փրկէր երկրորդ ցեղասպանութեան ենթարկուելու անմիջական վտանգէն: Պաքուն փաստած էր...

«Ամերիքանա» Առեւտուրի Կեդրոնը Կ՛արգիլէ Ցեղասպանութեան Նուիրուած Շապիկներու Վաճառքը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Անցեալ ամիս երեք հայ երիտասարդ գործարարներ Կլենտէյլի մէջ գտնուող «Ամերիքանա»  առեւտրական, ճաշարանային եւ թատերական մեծ համալիրին մէջ սեղան վարձած էին` իրենց shop1915.com կայքին մէջ ծանուցուող շապիկները, գլխարկները եւ հագուելիքի վերաբերող այլ իրեր վաճառելու համար: Թինա Չուլճեան, Ալեքս Գոտակոլեան եւ Արմին Հարիրին (յայտնի որպէս ռեփըր «Ար-Մին») «Ամերիքանա»-ի պայմանանագրային աշխատակիցներու կողմէն հաստատում ստանալէն ետք, սկսան իրենց ապրանքներու վաճառքին: Այդ երեք...

Հայկական Նեմեսիս.  Թեհլիրեան` «Մարդ Եմ Սպաննել, Բայց Մարդասպան Չեմ»

Հայկական Նեմեսիս. Թեհլիրեան` «Մարդ Եմ Սպաննել, Բայց Մարդասպան Չեմ»

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Լուսանկարում ՀՅԴ Պոլսում լոյս տեսնող «Ճակատամարտ» թերթի 1921 թուականի մարտի համարներից մէկն է, որի առաջին էջի վրայ, մէկ տողով կ՛ըսուի, որ Հայ ուսանող մը կը սպաննէ Թալէաթ փաշան: 1921թ. մարտի 15-ը հայ ժողովրդի մեծագոյն դահիճներից Թալէաթ փաշայի կեանքի վերջին օրն էր: Գրող Շահան Նաթալին Սողոմոն Թեհլիրեանին բացատրել է, թէ ինչ պէտք է անի 25-ամեայ հայ վրիժառուն Պերլինում Թալէաթին...

Երազանքս Է` Դատաստանի Օրը Հայի Կորուստ Չունենանք

Երազանքս Է` Դատաստանի Օրը Հայի Կորուստ Չունենանք

ԱՆԻ ԱԶԱՏԵԱՆ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան: Ծնուել է Սումկայիթում:  Ընտանիքով տեղափոխուել է Երեւան: Սովորել է Երեւանի պոլիտեխնիկական հիմնարկ: Ընդունուել է Բրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուների հիմնարկ: Ուսանել է Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանում: Լրացուցիչ աստուածաբանական կրթութիւն է ստացել Լենինկրատի (Ս. Փեթերսպուրկի) հոգեւոր ակադեմիային կից ասպիրանտուրայում: Դասաւանդել է Գէորգեան ճեմարանում: Ձեռնադրուել է եպիսկոպոս: Վազգէն Ա. կաթողիկոսի կոնդակով նշանակուել է Արցախի վերահաստատուած  թեմի առաջնորդ: Ստացել է արքութեան տիտղոս: Գործուն մասնակցութիւն է ունեցել Արցախի Հանրապետութեան պետականաշինութեան եւ բանակաշինութեան գործընթացին:  Արցախի...

Օսմանահայեր…

Օսմանահայեր…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Վերջերս փորձեր կ՛ըլլան «արեւմտահայութիւն» (Western Armenians) եզրը «օսմանահայութիւն» (Ottoman Armenians) անհեթեթութեամբ փոխարինելու: Այս երեւոյթը առայժմ կը դրսեւորուի անգլիագիր յօդուածագրութեան եւ հրապարակային ելոյթներու մէջ եւ սակայն հետզհետէ կը թափանցէ համացանցային կայքերու լաբիւրինդոսէն ներս եւ կը ձեւաւորէ իր եզրաբանական նստուածքը: Ասիկա ոչ միայն կոպիտ սխալ մըն է եւ մեղանչում մը` պատմական ճշմարտութեան դէմ, այլեւ վիրաւորական պիտակաւորո՛ւմ մը` մեր ժողովուրդի հասցէին:...

Պատանիի Օր

Պատանիի Օր

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան, շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ պատանեկան յատուկ ձեռնարկ մը` Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին` գիւղի հոգեւոր հովիւ  Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի, ՀՅԴ ԼՊՄ-ի Ընդհանուր վարիչ մարմինի, միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, միութեան...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի (Մարտ Բ./2015) .   Մեծարելով Հայ Կինը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի (Մարտ Բ./2015) . Մեծարելով Հայ Կինը

8 մարտը աշխարհին մէջ կը նշուի որպէս Կիներու միջազգային օր: Այս օրուան հետ առնչուած պատմական առաջին իրադարձութիւնը տեղի ունեցած է 8 մարտ 1857-ին, երբ Նիւ Եորքի մէջ հագուստեղէնի եւ հիւսուածեղէնի գործարաններու կին աշխատաւորներ բողոքի ցոյցեր կատարած են ու դժգոհած իրենց աշխատանքային ծանր պայմաններէն եւ ցած աշխատավարձերէն: Հետագային, տարբեր ժամանակներու, ծնունդ սկսած են առնել ֆեմինիստական շարժումներ, որոնք ձեւաւորած են ֆեմինիզմ հասկացողութիւնը:...

Պահանջատիրութիւն` «Լուռ Բողոք»-ով, «Նուռի Հիւթ»-ով Եւ Մասամբ Նորին…

Եղիշէ Չարենց (Սողոմոնեան, 1897-1937). Հայաստանի Եւ Հայութեան Յեղափոխաշունչ Բանաստեղծը

Ն. Պ. Մարտ 13-ին աշխարհի ո՛ր կողմն ալ ապրի, հայ մարդը կը նշէ ծնունդը մեր ժողովուրդի «Անուշ Հայաստանի արեւահամ բառը» շնչաւորած ու յաւերժացուցած անզուգական Եղիշէ Չարենցի: 13 մարտ 1897-ին լոյս աշխարհ եկած Եղիշէ Սողոմոնեան կոչուած էր Հայաստանի եւ հայութեան ամէնէն յեղափոխաշունչ բանաստեղծը դառնալու: Հանճարեղ Չարենցի ծննդեան 118-րդ տարեդարձը նշելով` Մեծ եղեռնի 100-ամեակի այս տարին, հայ մարդը յատուկ պատճառ ունի Չարենցի...

Հայաստանի Մէջ Ղեկավար Պաշտօններուն Վրայ Գտնուողներուն 29 Տոկոսը Կիներն Են

Հայաստանի Մէջ Ղեկավար Պաշտօններուն Վրայ Գտնուողներուն 29 Տոկոսը Կիներն Են

Կիներու միջազգային օրուան առիթով «Կրանթ Թորնթոն»-ի հրապարակած հետազօտութեան համաձայն, Հայաստանի մէջ ղեկավար պաշտօններուն 29 տոկոսը կիները կը զբաղեցնեն: Այս ցուցանիշը աւելի ցած է 2014-ին հրապարակուած արդիւնքներէն, երբ Հայաստանի մէջ ղեկավար պաշտօններուն 35 տոկոսը կիները կը զբաղեցնէին: Բայց եւ այնպէս այս տարուան ցուցանիշը բարձր է վերջին 5 տարուան ընթացքին արձանագրուած միջին արդիւնքէն: Այսպիսով, Հայաստան կը պահէ իր դիրքերը աստիճանաւորման լաւագոյն տասնեակին...

Տեսակէտ.  Հետաքրքրական Եւ Շահագրգռող Եկեղեցի

Տեսակէտ. Հետաքրքրական Եւ Շահագրգռող Եկեղեցի

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ. Կը խօսուի, որ հայ եկեղեցին դադրած է հետաքրքրական ըլլալէ ու շահագրգռելէ: Այս հաստատումը սովորութիւն է կապել նոր սերունդին, թէ` ան հետաքրքրական չի գտներ եկեղեցին, եւ ոչինչ, կամ գրեթէ ոչինչ կը գտնէ անոր մէջ`  զինք շահագրգռող: Անկասկած, արդար չէ հաստատումին բացարձակ առնչումը նոր սերունդին, որովհետեւ զայն կատարողները իրենք ալ գրեթէ բացակայ են եկեղեցիէն. մկրտութիւններուն, պսակներուն եւ մանաւանդ...

Ճանչնանք Լիբանանահայ Գործարարները.  Հարցազրոյց Սարգիս Եւ Յակոբ Լուսարարեաններու Հետ

Ճանչնանք Լիբանանահայ Գործարարները. Հարցազրոյց Սարգիս Եւ Յակոբ Լուսարարեաններու Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ «ԱԶԴԱԿ».- Ձեր հաստատութիւնը ի՞նչ անունով ճանչցուած է: Ե՞րբ հիմնուած է, ո՞վ հիմնած է եւ ինչո՞վ կը զբաղիք: ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՅԱԿՈԲ ԼՈՒՍԱՐԱՐԵԱՆ.- Մենք երկու եղբայր ենք` Սարգիս եւ Յակոբ: Ընկերութիւնը մեր անունով կը կոչուի Սարգիս եւ Յակոբ Լուսարարեան: Մենք ունինք նաեւ այլ ընկերութիւն մը, որուն անունը «ՍԱՀԱԼՔՕ» է (Սարգիս-Յակոբ Լուսարարեան) մեր ընկերութիւնը շինարարական է, կը գործակցինք Լիբանանէն դուրս...

Խմբագրական   100-Ամեակ. Երեւան (Ա.)

Խմբագրական. 100-Ամեակ. Սփիւռք (Գ.)

Սփիւռքեան զանազան միջավայրերու մէջ 100-ամեակին հետ կապուած աշխատանքներն ու մանաւանդ քաղաքական ձեռքբերումները գլխաւոր երկու գործօն ունին: Նախ անշուշտ տեղւոյն համայնքներու կազմակերպուածութեան եւ քաղաքական աշխուժութեան փաստը. վերջին շրջանին հայկական գործօնին կը ներառուի նաեւ պետականութեան մասնակցութիւնը կամ աւելի ճիշդ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւններ եւ Հայ դատի յանձնախումբեր համատեղ աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը: Եւ երկրորդ` տուեալ պետութեան եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակը: Երկու յատկանշական...

Նշմար.  Շփոթահարութի՞ւն, Թէ՞ Տգիտութիւն

Նշմար. Շփոթահարութի՞ւն, Թէ՞ Տգիտութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թրքական «Ա. Հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է. «Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր խնդիրներու կեդրոնը Հայաստանն է: Բոլոր դրացիներու հետ խնդիրներ ունեցող երկիրը պէտք է կանգ առնէ եւ ետեւ նայի»: Թրքական դիւանագիտութեան պետին այս յայտարարութիւնը անոր խիստ շփոթահար ըլլալուն եւ տգիտութեան ցուցանիշն է: Ան առնուազն պաշտօնի բերմամբ պէտք էր ծանօթ ըլլար իր...

Ճորճ Եւ Ամալ Քլունիի Ներկայութեամբ` «100 Lives» Նախաձեռնութեան Մեկնարկ

Ճորճ Եւ Ամալ Քլունիի Ներկայութեամբ` «100 Lives» Նախաձեռնութեան Մեկնարկ

Հոլիվուտի նշանաւոր աստղերէն Ճորճ Քլունին իր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակի օրուան` նեցուկ կանգնելով եւ սատարելով այս առիթով կայացած նոր նախաձեռնութեան: Արդարեւ, 10 մարտին Նիւ Եորքի մէջ ազդարարուած «100 Lives» («100 կեանք») նախաձեռնութեան մեկնարկի արարողութեան մասնակցած են ինք եւ իր կինը` յայտնի իրաւապաշտպան Ամալ Քլունին: Մրցանակը հիմնադրուած է մոսկուաբնակ յայտնի գործարար Ռուբէն Վարդանեանի ջանքերով: Այս մասին կը...

«100 Կեանք» Նախագիծի Մեկնարկը.  Հարցազրոյց Գործարար Եւ Բարերար Ռուբէն Վարդանեանին Հետ. «Պէտք Է Զարմացնենք Եւ Կարծրատիպեր Կոտրենք»

«100 Կեանք» Նախագիծի Մեկնարկը. Հարցազրոյց Գործարար Եւ Բարերար Ռուբէն Վարդանեանին Հետ. «Պէտք Է Զարմացնենք Եւ Կարծրատիպեր Կոտրենք»

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐԱ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի շեմին «Մետիամաքս»-ը շարունակում է հարցազրոյցների շարքը Հայաստանում եւ սփիւռքում ապրող մտաւորականների հետ, որոնց միջոցով փորձում ենք տարբեր կարծիքներ հաւաքել այն մասին, թէ արդեօք Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը կարո՞ղ է որոշակի «նոր սկիզբ» դառնալ հայութեան համար: Այսօր մեր զրուցակիցն է IDeA հիմնադրամի համահիմնադիր, բարերար եւ գործարար Ռուբէն Վարդանեանը: ԱՐԱ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ.- Այսօր պաշտօնապէս մեկնարկող «100 Lives»...

«Մեր Անմեղ Զոհերու Թափած Արեան Փոխարէն Ապրած Ու Գոյատեւած Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Արեամբ Նոր Կեանք Պիտի Տանք»  Սիրուն Վարդապետեան

Ընկերային Հանդիպում` ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղին Մէջ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 3 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի նորակառոյց ժողովասրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներու եւ բարեկամներու: Լիբանանեան, հայկական եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Գարայեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրի գլխաւոր կէտերը: «Բռնագրաւուած հայրենիքի պահանջատէր պայքարի քոյրե՛ր եւ մայրե՛ր, զօրանանք ներքնապէս,...

«Մեր Անմեղ Զոհերու Թափած Արեան Փոխարէն Ապրած Ու Գոյատեւած Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Արեամբ Նոր Կեանք Պիտի Տանք»  Սիրուն Վարդապետեան

«Մեր Անմեղ Զոհերու Թափած Արեան Փոխարէն Ապրած Ու Գոյատեւած Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Արեամբ Նոր Կեանք Պիտի Տանք» Սիրուն Վարդապետեան

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը պիտի նշուի տարբեր ձեւերով: Առողջապահական յանձնախումբի ծրագիրներուն, յատկապէս արեան տուչութեան արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու միտումով հարցազրոյց մը կատարուած է ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանին հետ: Հարցազրոյցը կը հրատարակենք ստորեւ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբը 100-ամեակի սեմին ի՞նչ ձեռնարկներ կազմակերպած է: ՍԻՐՈՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ.-  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ինչպէս բոլոր միութիւններն...

Հեղուշ Փափազեան

Հեղուշ Փափազեան

Հեղինէ ծնած է Երեւան, 1892-ին: Հասակ նետած է ազգային հայրենասիրական մթնոլորտով ընտանիքի մը յարկին տակ, որ ծանօթ եղած է իբրեւ Դաշնակցութեան տունը, ուր ապաստան կը գտնէին դաշնակցական գործիչներ: 1905-1906-ին Հեղուշ կ՛անդամակցի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Աշակերտական միութեան, Կարմիր խաչ գաղտնի կազմակերպութեան, եւ երկսեռ երիտասարդութեան կազմակերպութեան: Հեղուշ բժշկութիւն կ՛ուսանի Մոսկուայի համալսարանին մէջ: 1916-ին Թիֆլիսի մէջ կ’ամուսնանայ Կոմսի` Վահան Փափազեանի հետ: Կամաւորական շարժման...

Հազա՜ր Համբոյր Հայ Լիբանանին

ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ Լիբանանի մէջ հրատարակուող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պաշտօնաթերթերու խմբագիրները, յետ խորհրդակցութեան, որոշած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրատարակել ԱԶԴԱԿ-ԱՐԱՐԱՏ-ԶԱՐԹՕՆՔ միացեալ թիւ, ապրիլ 24-ի օրը: Ի՜նչ հաճելի լուր եւ համազգային ոգի ու կեցուածք` հայկական սփիւռքի սիրտ Պէյրութէն: Ի՜նչ դաստիարակիչ գործակցութիւն եւ եղբայրակցութիւն` հայ իրաւապահանջ սերունդներուն: Ի՜նչ ազգային առողջ մտածում` հաւաքաբար ներկայացնելու իրար ամբողջացնող միտքերը մեր: Շատոնց կը խօսուէր...

Միջին Արեւելքի Նոր Քարտէսը

Միջին Արեւելքի Նոր Քարտէսը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այսօր ականատես կ՛ըլլանք զանազան տեսակի բարբարոսութիւններու: Ամբողջ աշխարհը լուռ կը հետեւի հազարամեակներ ունեցող արուեստի ու պատմութեան վկաներու հրկիզումին եւ քանդումին: Ոչ ոք դատապարտումէն անդին կ՛անցնի: Քրիստոնեաները անզօր եւ անօգնական են Միջին Արեւելքի մէջ: Ղպտի բանուորներու ջարդը, եկեղեցիներուն, թանգարաններու եւ հնութիւններու ոչնչացումը, կազմակերպուած եւ շարունակական գաղթը դէպի Արեւմուտք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` քրիստոնեաներու պարպումը Միջին Արեւելքէն: Միջին Արեւելքի...

Page 1082 of 1110 1 … 1,081 1,082 1,083 … 1,110

Արխիւներ