ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
Կը խօսուի, որ հայ եկեղեցին դադրած է հետաքրքրական ըլլալէ ու շահագրգռելէ: Այս հաստատումը սովորութիւն է կապել նոր սերունդին, թէ` ան հետաքրքրական չի գտներ եկեղեցին, եւ ոչինչ, կամ գրեթէ ոչինչ կը գտնէ անոր մէջ` զինք շահագրգռող: Անկասկած, արդար չէ հաստատումին բացարձակ առնչումը նոր սերունդին, որովհետեւ զայն կատարողները իրենք ալ գրեթէ բացակայ են եկեղեցիէն. մկրտութիւններուն, պսակներուն եւ մանաւանդ թաղումներուն եկեղեցի գալը` եկեղեցի գալ չէ, այսինքն` ժողովուիլ մը խորհուրդին շուրջ, որ Ս. հաղորդութիւնն է: Տեսանելի է, որ արեւմտեան կողմն աշխարհի դժուարացած է ու հետզհետէ աւելի պիտի դժուարանայ եկեղեցի ըլլալը:
Արդ, ի՞նչ է հետաքրքրականը եւ ի՞նչ` շահագրգռողը:
Հետաքրքրականը ուշադրութիւն հրաւիրողը կամ գրաւողն է, իրմով զգալ, մտածել եւ երեւակայել տուողն է: Իսկ շահագրգռողը` շահ (օգուտ) թելադրողը եւ իբրեւ այդպիսին` իրեն ձգողը:
Ուրեմն, հետաքրքրական եկեղեցւոյ մը ակնկալութիւնը` ուշադրութիւն հրաւիրող կամ գրաւող, իրմով զգալ, մտածել եւ երեւակայել տուող (այս վերջին տարրին կապակցաբար կը նախընտրեմ ըսել` տեսիլքներու առաջնորդող) եկեղեցւոյ մը ակնկալութիւնն է: Իսկ շահագրգռող եկեղեցւոյ մը ակնկալութիւնը` շահ (հասկնալ` հոգեւոր օգուտ) թելադրող եւ իրեն ձգող եկեղեցւոյ մը:
Գիտենք, որ հետաքրքրութիւնը եւ շահագրգռութիւնը պայմանաւորուած են հոգեբանութեամբ (թէ՛ անհատական, եւ թէ՛ ընկերային), կրթութեամբ, այլազան արժէքներուն ուղղուածութեամբ: Այսինքն մարդիկ հետաքրքրական եւ շահագրգռող կը գտնեն կամ կը տեսնեն, բան մը, կառոյց մը` ըստ իրենց անհատական կամ ընկերային հոգեբանութեան, ըստ կրթութեան, ըստ այլազան արժէքներուն, որոնց մէջ կ՛ապրին:
Այսօրուան հոգեբանութեան, կրթութեան եւ այլազան արժէքներուն վիճա՞կը: Գիտես:
Ժամանակակից աշխարհին մէջ, մանաւանդ` Արեւմուտքին, որ վայրն է հայութեան մեծագոյն հատուածին սփռման, անհատականացումի գործընթացը մարդ էակը հասցուցած է հոն, ուր անհատը դադրած է ինքզինքին հետ ըլլալէ, խախտած է ընտանիքը, խախտած կամ խախտելու վրայ են կառոյցները, մթնոլորտը ապակրօնական եւ ապամշակութային է, եւ շուկան, սաստկացող ընթացքով մը, կը տիրապետէ առաւելագոյն ժամերուն:
Քանի որ այս է վիճակը, եկեղեցին ինչպէ՞ս կրնայ հետաքրքրական եւ շահագրգռող ըլլալ: Անկասկած` ինքզինք ըլլալով:
Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ` ինքզինք ըլլալ:
Կը մտաբերեմ Ատլանտեան սոմոնին օրինակը: Անոր պէս սեփական ծննդավայրը վերադառնալը կենսական է` ե՛ւ սեփական հոգիին համար ե՛ւ սեփական սերունդի ապագային:
Կրօնական առումով, ինքզինք ըլլալը` մշտանորոգ դարձն է դէպի Լոյսը:
Ինչպէ՞ս կարելի է անիկա Հայ եկեղեցւոյ պարագային:
20-րդ դարու հայ եկեղեցականութեան ամենալուսաւոր դէմքերէն մէկը` Զարեհ արք. Ազնաւորեան այդ մասին հինգ մատնանշումներ կատարած է. ահա զանոնք ամփոփ կը սեւեռեմ.
1.- Վերանորոգում հոգեւորականութեան: Պատրաստ, պաշար ունեցող, լայնախոհ, եւ հաւատքն ու կեանքը ներդաշնակ. «առանց այսպիսի հոգեւորականութեան մը` Հայ եկեղեցին չի կրնար ունենալ նոր ժամանակներուն ճիշդ սերմնացանը, եւ իր անդաստանները դատապարտուած կ՛ըլլան անպտուղ մնալու»:
2.- Վերանորոգում ծէսին: Կ՛ապրինք արագընթաց եւ հեւքոտ կեանքի մը մէջ, ուստի աստուածաբանական խորհրդածութիւններով յագեցած լայնաշունչ աղօթքները, շարականներն ու երգերը, ընթերցումները, մեղեդիներն ու տաղերը դժուար կը հաշտուին անոր հետ: Կայ դեռ լեզուի հարցը. գրաբարը «արդէն գրեթէ անանցանելի պատուար մըն է»: Հայ եկեղեցւոյ ծէսին վերանորոգութիւնը ո՛չ թէ միայն ստիպողութիւն մըն է, այլեւ շատ է ուշացած (վստահ եմ, որ հոգելոյս սրբազանը տխուր կը նայի երկինքէն, երբ Հայ եկեղեցին հինգ տարիներ կը դնէ մկրտութեան կարգը խմբագրելու համար…):
3.- Վերանորոգում մտածողութեան: Սրբազանին մատնանշումը կը վերաբերի ո՛չ թէ անհատական մտածողութիւններուն, այլ` եկեղեցւոյ հաւաքական մտածողութեան: Հաւատքի նորովի բանաձեւում, սեփական աստուածաբանութեան, բարոյագիտութեան եւ արժէքներուն սահմանում, հարցերու եւ տագնապներու դիմաց` ճշդում կեցուածքներու եւ առաջնորդութիւն:
4.- Պատրաստութիւն ժողովուրդի: Թէ՛ նոր սերունդին եւ թէ՛ մեծերուն: Այդ պատրաստութեան համար` մատուցում գրականութեան. նախ` «այսօրուան մարդուն լեզուով խօսող» Աստուածաշունչ, ապա` մանուկներուն եւ պատանիներուն համար հայթայթում «լաւ մշակուած ծրագիր»-ի (կը խորհիմ` ծրագիրներու եւ ըստ միջավայրի) եւ այն ծրագիրը ջամբող դաստիարակներու: Բոլորին համար` օգտագործում հաղորդակցութեան միջոցներուն:
5.- Եկեղեցւոյ երիտասարդացում: Տարեցներու եկեղեցի մը չի կրնար իր առաքելութիւնը լիութեամբ կատարել: Ուստի, Հայ եկեղեցին անմիջապէս պէտք է ձեռնարկէ երիտասարդ մասնագէտ անձերէ բաղկացած ընկերային ու հոգեւոր ծառայութեան բջիջներ կազմելու: Նոյնիսկ, «եկեղեցականներու շեշտուած բացը դարմանելու համար»` առնելու է «յեղափոխական քայլ մը» եւ հիմը դնէ «աշխարհիկ» միաբանութեան մը, որուն անդամները իրենց առօրեայ գործն ու զբաղումները պահելով հանդերձ` նուիրուին եկեղեցւոյ առաքելութեան բազմազան կարիքներու սպասարկութեան:
Ուշագրաւ է, որ Զարեհ սրբազան «եկեղեցւոյ երիտասարդացում»-ին զուգորդած է «առաքելական գործ»-ը*: Վստահաբար` ենթամիտքով մը, ըստ որուն, եկեղեցւոյ երիտասարդացումը միայն երիտասարդներ լեցնելով չ՛ըլլար, այլեւ` առաքելական գործին անոնց մասնակցութեամբ:
Անկասկած, այն գործը, ինչ հասակի սպասարկուներու կողմէ ալ որ կատարուի, կ՛երիտասարդացնէ եկեղեցին:
Ասոնք ինքնախաբէութիւն չեն, այլ` սպասում պայծառ գալիքին, որ հաստատ պիտի գայ, կը հաւատար Սուրբ Գրային տեսանողներէն ներշնչուած սրբազանը:
Ու աւարտեմ.
Հայ եկեղեցին (եկեղեցականութիւն, պատասխանատու աշխարհական դաս եւ հօտ) հետաքրքրական եւ շահագրգռող կ՛ըլլայ, երբ այսպիսի ուղեգիծով մը յառաջ կը դիմէ:
________________________________________
* Տե՛ս` «Հայց. եկեղեցին 1700-ամեակին դիմաց եւ 21-րդ դարու սեմին» ճառը, հատոր` «Հայց. եկեղեցին 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու շեմին», Նիկոսիա 2005, էջ 31-35: