Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 100-Ամեակ. Արցախ (Դ.)

March 16, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր դիտարկումը կը յուշէ, որ Արցախը Խորհրդային Միութեան օրերուն հասկնալիօրէն ցեղասպանութեան հարցի արծարծման շատ տեղ ու առիթ չունէր: Ազրպէյճանի խորհրդային հանրապետութեան մէջ յայտնուած ինքնավար մարզը  նման համարձակութեամբ հանդէս գալու վտանգի հետեւանքներուն կշռաչափումով այդ ուղղութեամբ քայլեր առնելէ կը խուսափէր: Անկէ ետք արդէն Արցախի ազատամարտն էր եւ ըստ էութեան ինքնորոշման իրաւունքը հայութիւնը կը փրկէր երկրորդ ցեղասպանութեան ենթարկուելու անմիջական վտանգէն: Պաքուն փաստած էր այդ վարկածի արցախեան անմիջականութիւնը:

100-ամեակի իւրայատուկ նշումի ծրագիրներ նախատեսուած են Արցախի մէջ: Նախագահական մակարդակով կազմակերպուող ձեռնարկները նկատի ունեցած են գիտաժողովներ, քննարկումներ, համերգներ, ցուցահանդէսներ: Այստեղ ցեղասպանական քաղաքականութեան կը ներառուին նաեւ 1920-ի Շուշիի ջարդերն ու 20-րդ դարու վերջաւորութեան Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Շահումեանի մէջ ազրպէյճանական եղեռնագործողութիւնները: Տարին ուրեմն, Արցախի համար եւս յագեցած է Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին յատկացուած աշխատանքներու ժամանակացոյցով: Յատկանշականը այս բոլորին մէջ Ցեղասպանութեան յիշատակին յատկացուած յուշակոթող-զանգակատան կառուցումն է: Պաշտօնապէս յայտարարուած է արդէն, որ այնտեղ պիտի զետեղուին Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ յատկացուած նահատակներու մասունքները:

Վերը նշուած պատճառներով` ցարդ ստեղծուած հիմնական բաց մը համարժէքօրէն կը լրացուի այս ձեւով եւ հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին սրբավայր-յուշակոթող մը:

Ձեռնարկներուն եւ շինարարական ծրագիրներուն առընթեր կայ բնականաբար քաղաքական երանգներ պարփակող բաժին: Պատահական չէ, որ Արցախը 100-ամեակի առիթով կազմակերպուած գիտաժողովներուն եւ քննարկումներուն ներառած է Պաքուի կողմէ սանձազերծուած ջարդերը: Այստեղ հարցը չի վերաբերիր միայն հանրային կարծիքը ճիշդ կողմնորոշելուն, թէ արցախահայութեան կը սպառնայ երկրորդ ցեղասպանութիւն, այլ նաեւ պայքարելու ազրպէյճանական խեղաթիւրումներուն եւ ապատեղեկատուութիւններուն դէմ: Աւելի ճիշդը, թուրքեւազրպէյճանական միացեալ մեքենայի արտադրանքներուն միջազգային շուկայի մէջ գնողական արժէքի անկման:

Ստեփանակերտի մէջ կայանալիք գիտաժողովներուն ընթացքին երրորդ կողմի պատմաբաններուն եւ ցեղասպանագէտներուն Խոջալուի ընդհարումներուն մասին առարկայական եւ սկզբնաղբիւրային նիւթեր տրամադրելը գլխաւոր առաջադրանք է Արցախի իշխանութիւններուն համար:

Խոջալուն շահարկման նիւթ է ինչպէս Պաքուի, այնպէս նաեւ Անգարայի համար, որ «ցեղասպանութիւն ընդդէմ ցեղասպանութիւն» սպառած խաղին կառչած կը մնայ: Խոջալուի հեքիաթի հիւսման համար Անգարայէն ստացած օժանդակութեան դիմաց Պաքու կը փոխհատուցէ Կալիփոլիի 100-ամեակի նշման աշխուժ եւ բարձրագոյն մակարդակի մասնակցութեամբ:

Նախադրեալները կը յուշեն նաեւ, որ Խոջալուի ընդհարումներուն շահարկումը դուրս կու գայ իսլամական երկիրներու վեհաժողովներէն եւ կը փորձէ մուտք գործել միջազգային կառոյցներ: Ահա այստեղ է, որ ոչ միայն Պաքուին համար, այլեւ իր իսկ շահերէն մեկնելով Անգարան զայն կ՛օգտագործէ ժխտողականութեան քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ հայերուն կողմէ իր կրտսեր եղբօր դէմ գործադրուած «ցեղասպանութիւն»-ը տարածելով:

Խոջալուի միջազգայնացման նկրտումներուն դէմ պայքարելու համար հայկական աշխարհը չէզոքացման քարոզչաքաղաքական գործողութիւններն ու հանրային կարծիքը ճիշդ ուղղութեամբ կողմնորոշելու միտուած աշխատանքները պիտի համադրէ Ստեփանակերտի հետ. ոչ միայն տեսանիւթեր, արխիւներ շրջանառութեան մէջ դնելով  եւ հասանելի դարձնելով հեղինակաւոր միջազգային կառոյցներուն թէ լրատուամիջոցներուն, այլ նաեւ քաղաքական լոպիիստական աշխատանքները համակարգելով:

Անգարան նախապայմանային իր քաղաքականութեան մէջ հայ-թուրք յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացն ու արցախեան տագնապի լուծման բանակցութիւնները կը փոխկապակցէր:

Փոխկապակցութիւն կա՛յ այո՛, երկու թղթածրարներոն միջեւ, սակայն հայկական դիտակէտի տարբերակով: Հայութեան ինքնորոշման եւ պատմական իրաւունքներու վերականգնումը համազգային առաջադրանք է հռչակագիրով ամրագրուած: Իսկ 100-ամեակին առիթով Ստեփանակերտի մէջ կանգնելիք յուշակոթող-զանգակատունը լաւագոյնս կը խորհրդանշէ հայութեան իրաւունքներու փոխկապակցուած ամբողջականութիւնը:

Նախորդը

Նախագահը Համաձայնութիւն Տուաւ Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հայեցակարգին

Յաջորդը

Սամուէլ Պետրոսեան` Գանձասար Կապանի Թեքնիք Տնօրէն

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.