Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճանչնանք Լիբանանահայ Գործարարները. Հարցազրոյց Սարգիս Եւ Յակոբ Լուսարարեաններու Հետ

Մարտ 16, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

20150310_095013«ԱԶԴԱԿ».- Ձեր հաստատութիւնը ի՞նչ անունով ճանչցուած է: Ե՞րբ հիմնուած է, ո՞վ հիմնած է եւ ինչո՞վ կը զբաղիք:

ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՅԱԿՈԲ ԼՈՒՍԱՐԱՐԵԱՆ.– Մենք երկու եղբայր ենք` Սարգիս եւ Յակոբ: Ընկերութիւնը մեր անունով կը կոչուի Սարգիս եւ Յակոբ Լուսարարեան: Մենք ունինք նաեւ այլ ընկերութիւն մը, որուն անունը «ՍԱՀԱԼՔՕ» է (Սարգիս-Յակոբ Լուսարարեան) մեր ընկերութիւնը շինարարական է, կը գործակցինք Լիբանանէն դուրս այլ ընկերութիւններու հետ, որպէսզի մեր ապրանքները անոնցմէ գնենք: 1986-էն ի վեր այս գործով կը զբաղինք: 1986-ին Ֆանարի մէջ շէնք մը կառուցեցինք, սակայն այն ատեն ընկերութիւն հաստատած չէինք, այլ ընկերովի ուրիշ անձերու հետ կ՛աշխատէինք: 1990-ին հիմնեցինք մեր հաստատութիւնը Մզհերի մէջ եւ սկսանք աշխատանքի: Ես ու եղբայրս որբ մեծցած ենք եւ ինքնաշխատութեամբ ոտքի կանգնած ենք, մինչեւ օրս գոյատեւած ենք:

3-16-15_Sahalco«Ա.».- Անցեալին ո՞ւր կը գտնուէր Լուսարարեան հաստատութիւնը եւ ներկայիս ո՞ւր է: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ձեր գործունէութիւնը:

Ս. Յ. Լ.- Բոլորս ալ գիտենք, որ Լիբանանի պատերազմը բաւական ջախջախած եղաւ ընկերութիւններուն եւ գործերուն համար: Մենք սկզբնական շրջանին երկաթագործութեամբ կը զբաղէինք եւ երբ 1986-ին ընկերովի շէնք մը շինեցինք, մենք շարունակեցինք աշխատանքը: Երկրորդ շէնքի պարագային մէկը հող տրամադրեց, եւ մենք հոն կառուցեցինք, իսկ անկէ ետք մենք ամբողջովին առանձին սկսանք աշխատանքի: Կը  կարծեմ, թէ գաղութին մէջ բաւական լաւ անուն կը վայելենք:

«Ա.».- Ինչ դժուարութիւններ դիմագրաւած է «Լուսարարեան» հաստատութիւնը:

Ս. Յ. Լ.- Բաւական դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցանք, որովհետեւ տակաւին նոր աւարտած էր պատերազմը, իսկ մեր հայրը մահացած ըլլալով` նեցուկ մը չունէինք: Ո՛չ խորհուրդ եւ ոչ ալ դրամ տուող կար: Զերոյէն սկսելու համար շէնք շինելը բաւական դժուար է, սակայն կամքը աւելի ուժեղ էր, եւ մենք Աստուծոյ օգնութեամբ կրցանք դիմանալ եւ գոյատեւել: Բնական է, որ մեր գործը նիւթականի կը կարօտի, ուստի սկզբնական շրջանին քիչ մը դժուարութիւններու հանդիպեցանք, սակայն կրցանք պայքարիլ եւ յաջողիլ:

«Ա.».- Ի՞նչ ներդրում ունեցած էք Լիբանանի մէջ:

Ս. Յ. Լ.- Լիբանան օգտուած է բոլոր հայերէն նոյնպէս ալ հայերը օգտուած են Լիբանանէն: Իրենք օգտուած են մեր կամքէն, խելացութենէն: Հայ ազգը միշտ շինարար եղած է, միշտ յիշած է անցեալը, թէ ի՛նչ դժուարութեան հասած է իր գտնուած այժմու երկիրը, իբրեւ հայ միշտ ճակտի քրտինքով տեղ հասած ենք, մէկը մեզի ոչինչ նուէր տուած է: Մենք համբերող ենք, աշխատասէր, եւ լիբանանցին շատ մը արհեստներ սորված է մեզմէ:

«Ա.».- Հաստատութիւնը ինչպէ՞ս յաջողութիւն գտած է:

Ս. Յ. Լ.-  Համբերութեամբ, աշխատանքով, սպասելով, չյուսահատելով, պայքարելով: Նախ աշխատանք, ապա «կեանք» նշանաբանով կը գործենք:

«Ա.».- Խօսինք ձեր շինած շէնքերուն մասին: Ցարդ քանի՞ շէնք շինած էք:

Ս. Յ. Լ.- Մենք մինչեւ օրս 33 շէնք կառուցած ենք Մըզհերի, Պսալիմի շրջաններուն մէջ:

Մենք ընդհանրապէս այս շրջաններուն մէջ կ՛աշխատինք եւ կը շինենք: Սակայն յատուկ պարագայ մը եղաւ: Համազգայինը հող մը ունէր Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ եւ մեր հետ համաձայնեցան, որ մենք շինենք շէնքը: Այսօր շէնքը կառուցուած է, 14 հայ ընտանիք յարմար գիներով տուն ունեցան:

20150310_094906«Ա.».- Խօսինք ձեր ապագայ ծրագիրներու մասին:

Ս. Յ. Լ.- Մենք ներկայիս ծրագրած ենք Հայաստանի մէջ շէնք մը շինել: Աշխատանքները արդէն սկսած են. մէկ տարիէն պատրաստ կ՛ըլլայ: Եթէ յաջողութիւն գտնենք հոն եւս պիտի շարունակենք շէնքերու կառուցումը: Այս աշխատանքին կողքին երկու ամիսէ Պիաքութի շրջանին մէջ սկսած ենք համալիրի մը շինութեան, երեք շէնքեր են, 40 յարկաբաժին, եւ 20 ամիսէն պատրաստ կ՛ըլլան:

«Ա.».- Խօսինք յաճախորդներու հետ ձեր ունեցած յարաբերութեան մասին:

Ս. Յ. Լ.- Մեր ընկերութեան ծրագիր կանոնագիրը հետեւեալն է, երբ անձ մը իբրեւ յաճախորդ կը մտնէ մեր ընկերութիւնը, մեկնումի պահուն կ՛ունենայ այն զգացումը, որ ինք հաստատութեան տէրն է, մեր ընկերն է: Մեր ամբողջ ժամանակը կը տրամադրենք անոր: Մեր գործին մէջ բազմաթիւ եւ բազմատեսակ անձերու կը հանդիպինք. եւ բոլորին հետ կ՛աշխատինք նոյնպէս: Մեր յաճախորդները մենք կ՛ընդունինք, մենք կը հիւրասիրենք, մենք կ՛ընկերակցինք անոնց, եւ ցոյց կու տանք շէնքեր: Չունինք պաշտօնէութիւն: Մեր յաճախորդներուն 95 տոկոսը հայ է, իսկ 5 տոկոսը արաբ քրիստոնեայ:

«Ա.».- Ի՞նչ են այն պայմանները ձեր շինած շէնքերէն յարկաբաժին գնելու:

Ս. Յ. Լ.- Ժամանակին դժուարութիւնը մեր մօտ էր, որովհետեւ պատրաստ գումար չունէինք եւ մեծ գործի նախաձեռնած էինք վստահելով մեր աշխատանքին եւ մտածելակերպին: Կը համակերպէինք յաճախորդին ունեցած գումարին եւ առանց տոկոսի մուրհակներ ստորագրել կու տայինք 5-6 տարուան վրայ, եւ տոկոսը մենք կը վճարէինք. ներկայիս այդ դիւրութիւնները չենք կրնար տրամադրել յաճախորդին, հակառակ անոր որ մենք աւելի ինքնաբաւ եղանք, զօրացանք: Ներկայ դժուարութիւնը հողերու մնայուն սղութիւնն է: Ժամանակին յաճախորդը տունի մը գումարին 35 առ հարիւրը կրնար վճարել, իսկ մնացեալը մուրհակի կը վերածէինք, սակայն այն ատեն տուներուն գիները նպաստաւոր էին օրուան կեանքին եւ ապրուստին հետ համապատասխանաբար, եւ մենք երեք ամսուան մէջ արդէն իսկ շէնքի յարկաբաժինները ծախած կ՛ըլլայինք: Սակայն ներկայիս պայմանները նոյնը չմնացին, տուներուն գիները աւելցան, եւ մեր աշխատելաձեւը փոխուեցաւ: Ներկայիս մենք օգտակար կը դառնանք յաճախորդներուն բոլոր դրամատուներու միջոցով, որոնք մեր հետ կը գործակցին: Մենք դրամատուներուն տարեկան 35-40 յաճախորդ  կը տրամադրենք: Դրամատուները մեզի կը ներկայացնեն իրենց առաջարկները, եւ մենք սերտելէ ետք զանոնք կը փոխանցենք յաճախորդին, որպէսզի ինք ընտրէ իրեն նպաստաւոր առաջարկը: Ներկայի մեր գործակցած դրամատունը աւելի նպաստաւոր պայմաններ կը հայթայթէ յաճախորդին, քան իսքանը:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1965)

Յաջորդը

Տեսակէտ. Հետաքրքրական Եւ Շահագրգռող Եկեղեցի

RelatedPosts

Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Հայերի Միջեւ Լեզուական Խորթութիւնը, Պառակտումն Ու Երկփեղկումը Պէտք Է Վերանան
Հարցազրոյց

Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Հայերի Միջեւ Լեզուական Խորթութիւնը, Պառակտումն Ու Երկփեղկումը Պէտք Է Վերանան

Մարտ 17, 2023
«Երաժշտութիւնը Բուժիչ Է Ու Մխիթարող, Եւ Եթէ Աւելի Մեծ Ներկայութիւն Ունենար Աշխարհի Վրայ, Չարութիւնները Նուազ Կ՛ըլլային Հոս» Հարցազրոյց Սէրուժ Գրաճեանի Հետ
Հարցազրոյց

«Երաժշտութիւնը Բուժիչ Է Ու Մխիթարող, Եւ Եթէ Աւելի Մեծ Ներկայութիւն Ունենար Աշխարհի Վրայ, Չարութիւնները Նուազ Կ՛ըլլային Հոս» Հարցազրոյց Սէրուժ Գրաճեանի Հետ

Մարտ 15, 2023
«Ազատութեան Շրջափակում Արցախը Չի Զգացել Եւ Չի Զգում»
Հարցազրոյց

«Ազատութեան Շրջափակում Արցախը Չի Զգացել Եւ Չի Զգում»

Մարտ 7, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In