Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջին Արեւելքի Նոր Քարտէսը

March 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այսօր ականատես կ՛ըլլանք զանազան տեսակի բարբարոսութիւններու: Ամբողջ աշխարհը լուռ կը հետեւի հազարամեակներ ունեցող արուեստի ու պատմութեան վկաներու հրկիզումին եւ քանդումին: Ոչ ոք դատապարտումէն անդին կ՛անցնի: Քրիստոնեաները անզօր եւ անօգնական են Միջին Արեւելքի մէջ: Ղպտի բանուորներու ջարդը, եկեղեցիներուն, թանգարաններու եւ հնութիւններու ոչնչացումը, կազմակերպուած եւ շարունակական գաղթը դէպի Արեւմուտք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` քրիստոնեաներու պարպումը Միջին Արեւելքէն:

Միջին Արեւելքի նոր քարտէսի մը պատրաստութեան ականատես կ՛ըլլանք: Ուժը կ՛իշխէ եւ կ՛որոշէ սահմանագիծերը: Իրաւունքը եւ սկզբունքը մէկ կողմ դրուած է: Այս պայմաններուն մէջ լուռ դիտողները մասնակից են բոլոր ողբերգութիւններուն, կնքահայրն են Միջին Արեւելքի նոր քարտէսին:

Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ կամաց-կամաց Եգիպտոսի հովանաւորութեամբ եղած արաբական գարունը, ուրիշ ծաւալ եւ տեսանկար ունեցաւ: Ոչ ոք կը նախատեսէր ծայրայեղականներու սանձարձակ եւ անհակակշռելի վիճակը:

Սակայն  այս տակնուվրայութեան մէջ կան հարցեր, որոնց պատասխանը չունինք: Ո՞վ է ՏԱՀԵՇ-էն քարիւղ գնողը: Ո՞վ է անոր գաղափարախօսը եւ որո՞ւ նեցուկը կը վայելէ: Ինչպէ՞ս կարելի չէ Թուրքիոյ սահմանները հսկողութեան տակ չառնել: Ինչպէ՞ս մեծ պետութիւնները Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը կ՛անտեսեն: Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ Թուրքիան չի դատապարտուիր:

Փաստօրէն այսօր Թուրքիոյ դերակատարութիւնը բացայայտ է եւ նոր Միջին Արեւելքի քարտէսի իրագործման մէջ ամէնէն շահաւորը ան պիտի ըլլայ: Մէկ կողմէ` քիւրտերու հարցը լուծած պիտի ըլլայ, միւս կողմէ` իր թափանցումը եւ ազդեցութիւնը պիտի զօրանայ մանաւանդ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:

Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ վերջին շաբաթներու մերձեցումն ալ ընդհանուր ծրագիրի արագացման եւ զօրակցութեան կը նպաստէ:

Ամերիկան եւ Եւրոպան, ինչպէս միշտ, անուղղակի մեղսակիցներն են այս ծրագիրին: Յաջողութեան պարագային` որդեգրողը, իսկ ձախողութեան պարագային` դատապարտուողը:

Միջին Արեւելքի նոր ձեւաւորման մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները նկատի չեն առնուած: Բնական եւ կազմակերպուած գաղթը օրէ օր աւելի կը տկարացնէ քրիստոնեայ գաղութները: Մասնաւորաբար Եգիպտոսի ղպտիները, Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքները, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տակաւին տոկացող փոքր համայնքները ձեւով մը յանձնուած են ճակատագիրին:

Դժուար է լաւատես ըլլալ: Փաստօրէն բոլորն ալ լուռ եւ անզօր են: Միջին Արեւելքի նոր քարտէսի ձեւաւորման մէջ տակաւին յայտնի չէ, թէ ո՞վ է շահաւորը: Բացայայտօրէն կ՛երեւի Թուրքիոյ ախորժակը, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի ներդրումը եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի նեցուկը:

Վերջապէս մէկ բան ալ յստակ է, որ Իրաքի փորձառութենէն ետք բոլորն ալ համաձայն են, որ Սուրիոյ մէջ նոյն սխալը չընեն: Այսինքն բանակը չանջատեն, չբաժնեն, չլուծեն: Փաստօրէն արաբական իշխանութիւնները իրենց վարչակարգը տարիներով պահած են միայն իրենց բանակներով: Իրաքի մէջ գործադրուած սխալը բանակի լուծարելը մեծ վնաս հասցուց երկրի վերականգնման եւ գերիշխանութեան: Ըստ երեւոյթին, Սուրիոյ բանակին հարուածելու սահման մը գծուած է եւ բոլորն ալ Սուրիոյ բանակը պահելու սկզբունքին հետ են:

Հարցը իրենց համար վարչակարգն է: Այդ մէկն ալ անշուշտ ժամանակը կը ճշդէ:

 

Նախորդը

Մահախօսական. Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Հազա՜ր Համբոյր Հայ Լիբանանին

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.