Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օսմանահայեր…

March 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

0221garoarmenian1Վերջերս փորձեր կ՛ըլլան «արեւմտահայութիւն» (Western Armenians) եզրը «օսմանահայութիւն» (Ottoman Armenians) անհեթեթութեամբ փոխարինելու: Այս երեւոյթը առայժմ կը դրսեւորուի անգլիագիր յօդուածագրութեան եւ հրապարակային ելոյթներու մէջ եւ սակայն հետզհետէ կը թափանցէ համացանցային կայքերու լաբիւրինդոսէն ներս եւ կը ձեւաւորէ իր եզրաբանական նստուածքը: Ասիկա ոչ միայն կոպիտ սխալ մըն է եւ մեղանչում մը` պատմական ճշմարտութեան դէմ, այլեւ վիրաւորական պիտակաւորո՛ւմ մը` մեր ժողովուրդի հասցէին: Այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ, բացայայտ դիմազեղծումն է մեր մշակութային ժառանգութեան. ինքնութեան ջա՛րդ մը` իր բոլոր եպերելի հետեւանքներով:

Երեւի հեղինակները չեն անդրադառնար, որ «օսմանահայութիւն» պիտակով ինքնաբերաբար կը հարազատագրեն (legitimize) շահագործումի եւ ցեղասպանութեան այն մեքենան, որ օսմանեան բռնատիրութիւնն է եղած իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Զայն ինքնաբերաբար կը վերածեն քաղաքակրթական օրրանի մը` արեւմտահայութիւնն ալ միամտօրէն ցոյց տալով որպէս անոր բաղկացուցիչ մասը: Այսպէս է, որ ինքնաբերաբար կը սկսին աղաւաղելու մեր ժողովուրդին կողմէ բծախնդրօրէն նուիրագործուած իմացութիւնները: Արեւմտահայ գրականութիւնը կը դառնայ օսմանահայ գրականութիւն, արեւմտահայ լեզուն` օսմանահայ լեզու, արեւմտահայ մշակոյթը` օսմանահայ մշակոյթ… Համատարած օսմանացում մը հայեցի արժէքներու` 21-րդ դարու այս սահմանակէտին վրայ:

Ասիկա անորակելի մտայնութիւն մըն է, զոր կարելի չէ անտեսել: Օսմանեան արիւնածարաւ իշխանութեան տակ ապրող մեր հայրերը այնուամենայնիւ կրցան դիմադրել այսպիսի ոտնձգութիւններու եւ համարձակութիւնը ունեցան (իրենց կեանքի գնով) արեւմտահայ գրականութիւնը անուանելու հայաստանեա՛յց գրականութիւն: Ժամանակակից կեանքի կաղապարները կարելի չէ այսպէս անփութօրէն եւ անգրագէտ կիրառումներով հրել հանրութեան կոկորդն ի վար: Օսմանեան բռնատիրութիւնը ոչինչ ունէր քաղաքակրթական եւ ոչինչ տուած է մեր մշակոյթին: Ան միայն խլած է, քանդած է եւ շնչահեղձ ըրած է մեր ստեղծագործական կարելիութիւները: Ան ամէն ինչ ըրած է` ոչնչացնելու մեր քաղաքակրթութիւնը: Իր գոյութեան վերջին քսան տարիներուն միայն ան կազմակերպած է երեք ցեղասպանական եղեռնագործութիւններ մեր ժողովուրդին դէմ եւ ներշնչած չորրորդը` քեմալական իշխանութեան ձեռքով: Հետեւաբար ոչ ոք իրաւունք ունի այս զազրելի օսմանեան լաչակը փաթթելու մեր մշակոյթի գլխուն:

Օսմանականութեան այս շինծու տարատեսակը ստեղծողը այսօրուան թուրք իշխանութիւններն են: Պատահականութիւն չէ, որ Թուրքիոյ նախագահն ու վարչապետը հետեւողականօրէն կը պնդեն, որ հայոց սփիւռքը… նոյն ինքն Թուրքիոյ սփիւռքն է: Ահաւասիկ հարիւր տարի ետք, փանթուրքիզմով սնած Թուրքիոյ վարչապետը հայ ժողովուրդը ընդունելու միայն մէկ ձեւ ունի` զայն անգամ մը եւս «իւրացնելու», զայն օսմանացնելու, զայն թրքացնելու ձեւը: Հասկնալի է թրքական այս խաղը որպէս համաթրքական քաղաքականութիւն, եւ անշուշտ տրամաբանութեան չափանիշներով` բացարձակապէս ծիծաղելի: Արեւմուտքի մէջ հասակ առած սփիւռքահայ գիտաշխատողները իրե՛նք ինչո՞ւ կ՛իյնան այս խաղին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Պատանիի Օր

Յաջորդը

Երազանքս Է` Դատաստանի Օրը Հայի Կորուստ Չունենանք

RelatedPosts

Յուշերու Կապոց.  Զայրացող Լեզուագէտը, Որ Փափուկ Սիրտ Ունէր  (Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Արմենակը

November 14, 2026
«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.