Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Անմեղ Զոհերու Թափած Արեան Փոխարէն Ապրած Ու Գոյատեւած Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Արեամբ Նոր Կեանք Պիտի Տանք» Սիրուն Վարդապետեան

March 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը պիտի նշուի տարբեր ձեւերով: Առողջապահական յանձնախումբի ծրագիրներուն, յատկապէս արեան տուչութեան արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու միտումով հարցազրոյց մը կատարուած է ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանին հետ:

Հարցազրոյցը կը հրատարակենք ստորեւ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբը 100-ամեակի սեմին ի՞նչ ձեռնարկներ կազմակերպած է:

ՍԻՐՈՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԵԱՆ.-  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ինչպէս բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը եւ աշխարհատարած միաւորները ամիսներէ ի վեր յատուկ ձեռնարկներով կ՛ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութիւնը` մտաբերելով այն ահաւոր  անմարդկային ոճիրը, որ գործադրուեցաւ 1915-ին հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Անշուշտ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր կարգին ծրագրած է ձեռնարկներ, իսկ ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբը, որ կը գործակցի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին հետ, այդ առնչութեամբ տարեկան իր ծրագրին մէջ նախատեսած է երկու ձեռնարկներ, որոնք կը վայելեն Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հովանաւորութիւնը:

1.- Արեան տուչութիւն` 20 մարտ 2015-ին:

2.- Դասախօսութիւն` 16 ապրիլ 2015-ին:

Նիւթ` Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք հայ ժողովուրդին կորուստները առողջապահական մարզին մէջ»

Հ.- Արեան տուչութեան ձեռնարկին նպատակը ի՞նչ է:

Ս. Վ.- Նախ ըսեմ, որ արեան տուչութեան բարոյական իմաստը շատ խորն է…  սրբազան արարք մըն է արիւն տալը, որ կը կատարուի սրտաբուխ, առանց նիւթական կամ այլ վարձատրութեան:

Արեան տուչութիւնը ընկերային եւ մարդասիրական արարք է, իսկ մեզի` հայերուս համար, մանաւանդ այս պարագային ազգային պարտականութիւն է, որովհետեւ յստակ նպատակ կը հետապնդէ ու կը կատարուի ընդառաջելով ԼՕԽ-ի կոչին:

Նախաձեռնութեան նպատակը Ցեղասպանութեան 100-ամեակը յատուկ ձեւով ոգեկոչելն է, յատուկ ձեւով յարգել մեր նահատակներուն յիշատակը:

Մեր անմեղ զոհերուն թափած արեան փոխարէն ապրած ու գոյատեւած մեր ժողովուրդէն 100 առողջ անձերէ արիւն առնելով` մենք ի մտի ունինք նոր կեանք, նոր յոյս տալ հայրենակիցի մը, կարեկցինք հիւանդի մը եւ մահը կեանքի վերածենք:  Հաւաքուած արիւնը մեր կարգին պիտի տրամադրենք Լիբանանի կարմիր խաչին, որուն հետ գործակցաբար տեղի պիտի ունենայ արեան տուչութեան արշաւը «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ:

Հ.- Ի՞նչ են ձեր ակնկալութիւնները եւ ի՞նչ կը սպասուի մեր ժողովուրդէն:

Ս. Վ.- Նախ ըսեմ, որ քարոզչական ամէն միջոցի դիմած ենք, որպէսզի ԼՕԽ-ին կոչը լսելի դարձնենք բոլորին: «Ազդակ» օրաթերթով, «Վանայ ձայն»-էն ԼՕԽ-ի դիմատետրի էջին վրայ օրական դրութեամբ նոր լոզունգներ, յայտարարութիւններ, յատուկ թերթիկներ ու որմազդներ պատրաստուած է առողջապահական յանձնախումբին կողմէ եւ բաժնուած ժողովուրդին:

Մեր ակնկալութիւնն է, որ 18-60 տարեկան իւրաքանչիւր առողջ անձ յանձնառու բաժին մը ունենայ, ընդառաջէ եւ ներկայանայ ԼՕԽ-ի կեդրոն, 10 վայրկեան տրամադրէ իր ժամանակէն, տայ իր արիւնէն փոքր քանակ մը եւ փոխարէնը ստանայ հոգեկան մեծ գոհունակութիւն: Այդպիսով ան յարգած կ՛ըլլայ մեր նախնիներուն յիշատակը, որովհետեւ բոլոր հայ ընտանիքները ունեցած են նահատակներ: Արիւն տուողը նաեւ կեանքի յոյս ներշնչած կ՛ըլլայ հիւանդի մը, որ արիւնի կարիք ունի:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՋԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Նախորդը

Հեղուշ Փափազեան

Յաջորդը

Ընկերային Հանդիպում` ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղին Մէջ

RelatedPosts

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Իրան` Կործանման Եզրի՞ն

January 20, 2026
Ա՛յս Է Միակ Լուծումը
Անդրադարձ

Ա՛յս Է Միակ Լուծումը

January 20, 2026
Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ
Անդրադարձ

Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.