Մահախօսական. Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Դժուար է կորսնցնել գաղափարակից ընկեր մը, որ իր կեանքի բոլոր ճակատներուն վրայ բարի պատերազմ մղեց, քաջութեամբ ու նոյնքան հաստատ: Դամբանական չունիմ, ոչ ալ կրցայ հետեւիլ անոր դագաղին: Ան Հալէպէն հայրենիք գացած էր իր թոռը տեսնելու ու միանալու իր զաւակին ընտանիքին, սակայն ճակատագիրը իր կեանքին թելը կը կտրէ: Մինչ քառասուն օրեր առաջ, երբ զինք հայրենի հողին կը յանձնէին, մենք...

















