Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերային Հանդիպում` ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղին Մէջ

Մարտ 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 3 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի նորակառոյց ժողովասրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներու եւ բարեկամներու: Լիբանանեան, հայկական եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Գարայեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրի գլխաւոր կէտերը: «Բռնագրաւուած հայրենիքի պահանջատէր պայքարի քոյրե՛ր եւ մայրե՛ր, զօրանանք ներքնապէս, դառնանք ուժ ու բռունցք, թող Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը գօտեպնդիչ ուժ դառնայ` մեզ մղելու յաւելեալ պայքարի եւ հասնելու մեր սրբազան ուխտին, որ ազատագրուած հայրենիքն է», յայտնեց Գարայեան: Այս առթիւ ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն, յատկապէս` վարչական անդամներուն, լիբանանահայ ծանօթ արուեստագէտ Շաքէ Պաղտասարեանին, Րաֆֆի Հէյպէլեանին եւ Պերեճիկի հայրենակցական միութեան տիկնանց յանձնախումբին, որ սիրայօժար պատրաստած ու տրամադրած է վարչականներուն կուրծքին զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ` անմոռուկի տեսքով ձեռային աշխատանքներն ու ներկաները հիւրասիրուած անմոռուկի ձեւով կրկնեփուկներով:

Ապա ան հրաւիրեց Անթիլիասի եւ Ծաղկաձորի շրջաններու ծխատէր,  Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ:

Ան անդրադարձաւ այս ձեռնարկին զուգադիպող` Միջինքին, պահքին եւ ծոմապահութեան խորհուրդին, նշելով այս առթիւ հայ ընտանիքին յարկին տակ պահպանուող ու կիրարկուող աւանդութիւններն ու սովորութիւնները: «Հայ ժողովուրդը աւանդապահ, հաւատացեալ ու հայրենասէր ժողովուրդ է», ընդգծեց ան` շեշտելով, որ այդ առաքինութիւններու պահպանման շնորհիւ կրցանք գոյատեւել, եւ եկեղեցին, կրօնքն ու ազգը անբաժան են ու հոսկէ` հայ եկեղեցին ազգային եկեղեցի է: Ան վեր առաւ հայ մօր ու առհասարակ հայ կնոջ դերը` հայկական աւանդութիւններու պահպանման, յաջորդ սերունդներուն փոխանցման մէջ, նաեւ` անոր նուիրումի եւ զոհաբերութեան ոգին: «Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք մենք այսօր յարութեան սերունդն ենք եւ կը շարունակենք գոյատեւել»,  ըսաւ քահանայ հայրը` մէջբերելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին խօսքը. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը սուգի առիթ մը չէ այլեւս»: «Այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է մտածէ, թէ եկեղեցասիրութեան, ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան այդ մեծ հարստութիւնը, ժառանգը մենք որքանո՛վ կը պահպանենք», դիտել տուաւ տէր Սարգիս Սարգիսեան` թուելով հայ իրականութեան մէջ հետզհետէ շեշտուող յոռի երեւոյթները, ինչպէս` օտարամոլութիւնը, ձուլումի վտանգը եւ այլն:

Այս առթիւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Շաքէ Պաղտասարեան խանդավառեց մթնոլորտը ժողովրդային սիրուած երգերով: Իսկ արուեստագէտ Սիրվարդ Ֆազլեան ասմունքեց «Յառաջ նահատակ» քայլերգը եւ Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը այնտեղ» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը: Իւրայատուկ էր, որ ընթացիկ ճաշերու կողքին ներկաները համտեսեցին նաեւ Արցախեան հարիւրաւոր տարիներու աւանդութեան հացը` գարնանային բոյսերով ու կանաչեղէններով պատրաստուած` ժենկեալի հացը: Եղան նաեւ խաղեր ու նուիրատուութիւններ:

Մեծ Պահքի Առիթով Հաւաքոյթ

Հինգշաբթի, 5 մարտ 2015-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Պաուշրիէ»-ի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի Մեծ պահքի առթիւ կազմակերպած հաւաքոյթ-ճաշը:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Լենա Արամը:

Ապա կենսագրական հակիրճ կէտերով ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը` Յասմիկ Գէորգեան, հրաւիրեց զայն զեկուցելու, Մեծ պահքի շրջանին տեղի ունեցող եկեղեցական տօներու ու հայկական աւանդութիւններու մասին:

Յասմիկ Գէորգեան իր խօսքի սկիզբը նկատել տուաւ, թէ այնքան ատեն, որ հայ ժողովուրդը կը պահպանէ ու տէր կը կանգնի դարերու խորքէն եկած իր պապերու ազգային արժէքներուն, մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն, կը գոյատեւէ ու կ՛ապրի յաւերժ:

Ապա մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ Տեառնընդառաջի, բարեկենդանի, միջինքի, ճրագալոյցի, խթման գիշերուան ընթրիքին ու Սուրբ Զատկուան քրիստոնէական ըմբռնումներուն մասին` շեշտը դնելով իւրաքանչիւր տօնին առնչուող հայկական սովորութիւններուն ու տօնախմբութիւններուն:

Ան նաեւ ներկայացուց «Ակլատիզ» տիկնիկը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:

Տեղի ունեցան վիճակահանութիւն եւ նուիրատուութիւններ:

«Գարնանային Հանդիպում»

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիղի (Ռապիէ) վարչութեան, ուրբաթ, 6 մարտ 2015-ին տեղի ունեցաւ գարնանային հանդիպում մը, «Պաչիկ» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էին Շրջանային վարչութիւնը, մասնաճիւղի անդամներ, բարեկամուհիներ եւ համակիրներ:

Մասնաճիւղի ատենապետ Իզապէլ Տէկիրմէնճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց ԼՕԽ-ի մարդասիրական ծաւալուն գործունէութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

Ջերմ ու հարազատ ընտանեկան մթնոլորտը ուրախութիւն ներշնչեց բոլորին եւ այդ մէկը դրսեւորուեցաւ նուիրատուութիւններով:

Բարեկենդան` «Աշխէն» Մասնաճիւղի
Նախաձեռնութեամբ

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի կազմակերպած բարեկենդանի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 13 փետրուար 2015-ին «Եասամին» ճաշարանին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը` 70 ԼՕԽ-ականներ եւ համակիրներ:

Հակառակ անբարենպաստ եղանակին, ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացաւ ձեռնարկը, որուն յատուկ կշիռ մը տուաւ Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեանը, որ իմաստալից եւ պատշաճ կերպով ներկայացուց Բարեկենդանի տօնը եւ անոր յաջորդող քառասնօրեայ շրջանը` Մեծ պահոց: «Ճոխ սեղաններուն յաջորդող այս ժամանակաշրջանը պէտք է ըլլայ ինքնամաքրման, աղօթքի եւ ողորմածութեան առիթ, ինչպէս մեր նախահայրերը կը յորդորէին մեզի», ըսաւ ան:

«Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղի
Ճաշկերոյթ-Պարահանդէս

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 փետրուար 2015-ին երեկոյեան «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Մասնաճիւղի ատենապետ Մարօ Մանճիկեանը իր բացման խօսքին մէջ նշեց ձեռնարկին նպատակը, նշեց որ հասոյթը պիտի ծառայէ շրջանի կարօտեալներուն եւ կրթանպաստ ստացողներուն:

Երգիչ Մանուկ Մինասեան իր ժողովրդական եւ հայաշունչ երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:

Ձեռնարկին հիւրաբար ներկայ ըլլալով` Գարմէն Աճէմեան իր մասնակցութիւնը բերաւ քանի մը հայերէն երգերով:

Կատարուեցան նուիրատուութիւններ, ապա տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:

«Հ. Սասունի» Մասնաճիւղի Պարահանդէս

ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 փետրուար 2015-ին երեկոյեան «Սէյֆ էլ պահր» ճաշարանին մէջ:

Ներկայ էին շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ընկերուհիներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Մասնաճիւղի ատենապետ Ալին Քէշիշեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ապա շրջանի «Է. Ակնունի» կոմիտէի հերթապահ` Արծիւ Տէր Խաչատուրեան խօսք առնելով փոխանցեց, թէ ԼՕԽ-ը եւ կոմիտէն իրարու հարազատ են, միշտ իրարու հետ կ՛աշխատին, կը գործակցին որպէս մէկ մարմին եւ մէկ միութիւն:

Ճաշարանի մուտքին, վարչութիւնը իւրաքանչիւրին նուիրեց ծաղիկներ եւ անուշահոտեր:

Տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւն եւ վիճակաձգութիւն:

Ընկերային Հաւաքոյթ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, ուրբաթ ,13 փետրուար 2015-ին առաւօտեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ կազմակերպած էր ընկերային հաւաքոյթ մը:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետ Ալին Արոյեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան եւ շրջանի կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, հիւրերուն եւ շրջանի ԼՕԽ-ականներուն:

Ձեռնարկի դասախօսական բաժինով Անի Տէկիրմէնճեան-Ճրդիտեան խօսեցաւ առողջ կենցաղ ունենալու անհրաժեշտութեան մասին:

Հրամցուած ճաշերը պատրաստուած էին ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցին կողմէ:

Տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ եւ վիճակաձգութիւն:

Ճաշկերոյթ` Ի Նպաստ Սաներուն

Տարիներու աւանդութիւն դարձած ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի կազմակերպած ճաշկերոյթ ձեռնարկը` սաներու կրթանպաստին սատարելու նպատակով, տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 10 փետրուար 2015-ին առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբի եւ դաստիարակչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, Ս. Յակոբ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու տիկնանց միութիւններու եւ քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, ԼՕԽ-ականներ եւ համակիրներ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ Սեդա Վարժապետեան: Օրուան ճաշը պատրաստուած էր մասնաճիւղի խումբ մը ընկերուհիներու կողմէ, որոնք յաճախ իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւններով կը սատարեն վարչութեան ձեռնարկներու յաջողութեան:

Ձեռնարկին նպատակը բացատրելու համար հրաւիրուեցաւ Մակի Խաչերեանը, որ փոխանցելէ ետք ԼՕԽ-ի նպատակը, շեշտը դրաւ կրթականի յատկացումներու կարեւորութեան վրայ` աւելցնելով, թէ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ բծախնդրութեամբ կը կատարէ ատիկա:

Եղան նուիրատուութիւններ ի նպաստ կրթականին: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, եւ վիճակաձգութիւն տեղի ունեցաւ:

Ապա ներկաները ստացան նուէր մը` ձեռային աշխատանք, պատրաստուած վարչական անդամի մը կողմէ:

Բարեկենդանի Հաւաքոյթ

Բարեկենդանի առիթով, Մեծ Պահքի նախօրեակին, շաբաթ 1 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի անդամներն ու բարեկամուհիները միատեղուած էին «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ` յիշելու եւ յիշեցնելու գոյատեւումը հայկական աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն:

Մասնաճիւղի անդամներու հաւաքական աշխատանքով ու ինքնաբուխ նուէրներով, պատրաստած էին Մեծ Պահքի համեղ աւանդական խմորեղէններն ու քաղցրեղէնները:

Ակումբին մէջ ստեղծուած էր ընտանեկան մթնոլորտ, ներկաները լիացած էին Բարեկենդանի շունչով ու կը գիտակցէին, թէ ճարտար ձեռքերով պատրաստուած այս ուտելիքներու սպառման հասոյթը պիտի նպաստէր ԼՕԽ-ի բարեսիրական նպատակներուն:

Նախորդը

«Մեր Անմեղ Զոհերու Թափած Արեան Փոխարէն Ապրած Ու Գոյատեւած Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Արեամբ Նոր Կեանք Պիտի Տանք» Սիրուն Վարդապետեան

Յաջորդը

«100 Կեանք» Նախագիծի Մեկնարկը. Հարցազրոյց Գործարար Եւ Բարերար Ռուբէն Վարդանեանին Հետ. «Պէտք Է Զարմացնենք Եւ Կարծրատիպեր Կոտրենք»

RelatedPosts

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»
Անդրադարձ

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

Մարտ 25, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Մարտ 25, 2023
Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ
Անդրադարձ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In