Հոլիվուտի նշանաւոր աստղերէն Ճորճ Քլունին իր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակի օրուան` նեցուկ կանգնելով եւ սատարելով այս առիթով կայացած նոր նախաձեռնութեան: Արդարեւ, 10 մարտին Նիւ Եորքի մէջ ազդարարուած «100 Lives» («100 կեանք») նախաձեռնութեան մեկնարկի արարողութեան մասնակցած են ինք եւ իր կինը` յայտնի իրաւապաշտպան Ամալ Քլունին: Մրցանակը հիմնադրուած է մոսկուաբնակ յայտնի գործարար Ռուբէն Վարդանեանի ջանքերով: Այս մասին կը գրէ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ»-ը:
«Ինծի համար պատիւ է համագործակցիլ «100 Lives»-ի հետ, քանի որ անիկա եւ իմ «Not On Our Watch» հիմնադրամը նոյն նպատակը կը հետապնդեն` աշխարհին ուշադրութիւնը սեւեռել ցեղասպանութեան ազդեցութեան վրայ եւ միջոցներ ներդրել աշխարհի մէջ զանգուածային կոտորածներու վերացման համար», ըսած է Քլունի` աւելցնելով, որ ցեղասպանութիւնները մինչեւ այսօր կը շարունակուին:
Հեղինակաւոր «Տի Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայերը փրկած անհատներուն տրուող «Աւրորա» մրցանակի (Aurora Prize for Awakening Humanity) մեկնարկի հանդիսութեան` նշած է, որ ամերիկացի եւ օտար միսիոնարներ 1915 թուականի զանգուածային կոտորածներու եւ տեղահանութիւններու կարեւոր վկաներն են: «Սուրիայէն մինչեւ Անդրկովկաս երկարող վայրերուն մէջ միսիոնարները օգնութիւն ցուցաբերած են փրկուածներուն, հետեւած են, որպէսզի որբերը սնունդ ունենան, կրթութիւն ստանան եւ կարողանան նոր կեանք սկսիլ: Այս բոլորին համար գումարները հաւաքուած են ամերիկեան եկեղեցիներուն մէջ, իսկ երբ ամերիկեան նպաստամատոյցներուն մէջ պահուող երեխաները վատ սնունդ կը ստանային, անոնց կ՛ըսէին. «Մտածէ՛ սոված հայերուն մասին եւ աւելի երախտապարտ եղիր», կը գրէ «Տի Իքոնոմիսթ»:
Գնահատելով ու խոնարհելով վերապրածներուն եւ անոնց փրկութեան սատարածներուն դիմաց` «100 Lives» նախաձեռնութիւնը սահմանած է «Աւրորա» մրցանակ` մերօրեայ անձնազոհ մարդոց աջակցելու եւ զանոնք խրախուսելու նպատակով: «Աւրորա» տարեկան մրցանակով նախատեսուած է նաեւ 1 միլիոն տոլարի նուէր. յաղթողը գումարը պիտի յատկացնէ այն կազմակերպութեան, որ ներշնչած է զինք մարդասիրական քայլեր կատարելու: «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան յաղթողները պիտի ճշդեն հեղինակաւոր դատական կազմի անդամները` Ճորճ Քլունին, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ Էլի Վիզելն ու Օսքար Արիասը, ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գծով նախկին բարձրագոյն յանձնակատար, Իրլանտայի առաջին կին նախագահ (1990-97) Մերի Ռոպինսընը, Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գծով ՄԱԿ-ի խորհրդական Կարեթ Էւանսը, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ գործող Քառնըկի համագործակցականի նախագահ, իրանահայ Վարդան Գրիգորեանը:
Հոլիվուտեան աստղերուն աջակցութեամբ հայկական ծագում ունեցող այս նախաձեռնութեան կեանքի կոչումը այլ առումով եւս խորհրդանշական է: Մրցանակաբաշխութեան անունը` «Աւրորա»-ն եւս հոլիվուտեան արմատներ ունի: Անունը ընտրուած է ի պատիւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած, Խարբերդէն սերող Արշալոյս (Աւրորա) Մարտիկանեանի, որ 1919 թուականին նկարահանուած է հոլիվուտեան «Յօշոտուած Հայաստան» ժապաւէնին մէջ: Անիկա Հայոց ցեղասպանութիւնը ներկայացնող առաջին ժապաւէնն է:
24 ապրիլ 2016-ին Երեւանի մէջ անդրանիկ «Աւրորա» մրցանակի տուչութիւնը պիտի կատարէ Ճորճ Քլունին:
Նորաստեղծ «Աւրորա»-ին մասին գրած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը. «Հայկական սփիւռքի առաջնորդները, պատրաստուելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, համագործակցած են հոլիվուտեան աստղերու եւ իրաւապաշտպաններու հետ` հիմնադրելով մրցանակ մը, որ պիտի տրուի յանուն ուրիշներու փրկութեան իրենց կեանքը վտանգած մարդոց», գրած է ամերիկեան ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկը:
«Մարդասիրական այս մրցանակին հիմնումը պաշտօնապէս ազդարարուեցաւ 10 մարտին Նիւ Եորքի մէջ: Այս քայլը նշանաւոր հայերու կողմէ ձեռնարկուող ծաւալուն ջանքերուն մէկ մասն է: Անոր նպատակը օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած եւ մինչեւ օրս Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ժխտուող Հայոց ցեղասպանութեան փաստագրումն ու արխիւացումն է` 1915 թուականի իրադարձութիւնները վերապրած մարդոց եւ անոնց փրկիչներու պատմութիւններուն միջոցով. այնպէս` ինչպէս կատարուած է Ողջակիզումի պարագային», կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»:
Օրաթերթը կը մէջբերէ նաեւ Ռուբէն Վարդանեանի խօսքը. «Բազմաթիւ հայերի կեանքը փրկած մարդկանց կողմից ցուցաբերած որակները` մարդկայնութիւնը, մեծահոգութիւնը, ուժն ու զոհողութիւնների գնալու պատրաստակամութիւնը պարտաւորեցնում են մեզ աշխարհին ներկայացնել այս բոլոր պատմութիւնները»:
«Իմ պապին եւս միսիոնարներն են փրկել», ամերիկեան թերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է հայ գործարարը:
Ամերիկեան օրաթերթին համաձայն, մրցանակի ֆինանսական կողմը եւս բաւական պատկառելի է, անիկա պիտի կազմէ տարեկան մէկ միլիոն տոլար: Բայց այդ գումարին յաղթողները ինքնուրոյնաբար չեն տնօրիներ: «Որպէս մրցանակ ստացած գումարը յաղթողները կը փոխանցեն այն կազմակերպութեան, որուն գործունէութիւնը զիրենք ամէնէն աւելի ոգեշնչած է», գրած է «Նիւ Եորք Թայմզ»: