Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի (Մարտ Բ./2015) . Մեծարելով Հայ Կինը

March 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Khempakragan_Armenian-woman8 մարտը աշխարհին մէջ կը նշուի որպէս Կիներու միջազգային օր: Այս օրուան հետ առնչուած պատմական առաջին իրադարձութիւնը տեղի ունեցած է 8 մարտ 1857-ին, երբ Նիւ Եորքի մէջ հագուստեղէնի եւ հիւսուածեղէնի գործարաններու կին աշխատաւորներ բողոքի ցոյցեր կատարած են ու դժգոհած իրենց աշխատանքային ծանր պայմաններէն եւ ցած աշխատավարձերէն:

Հետագային, տարբեր ժամանակներու, ծնունդ սկսած են առնել ֆեմինիստական շարժումներ, որոնք ձեւաւորած են ֆեմինիզմ հասկացողութիւնը:

Ֆեմինիզմը ընդհանուր առմամբ կը ձգտէր սեռերու հաւասարութեան` ընկերային, տնտեսական թէ քաղաքական դաշտին մէջ, կը պայքարէր վերացնելու կիներու շահագործումը, տղամարդու բացարձակ իշխանութիւնը, կնոջ լուսանցքային դեր վերապահող կարծրատիպերն ու վերջապէս ստեղծելու այնպիսի միջավայր, ուր կին արարածը կը վայելէ հաւասարութիւն, ազատութիւն եւ արդարութիւն` ներգրաւուելով քաղաքական թէ հասարակական տարբեր ոլորտներու մէջ:

Հայկական իրականութեան մէջ, պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն, հայ կինը պայքարած է ե՛ւ իր սեփական ազատութեան, ե՛ւ իր ազգի գոյութեան համար: Փառանձեմը իր հայու նկարագիրով, Սրբուհի Տիւսաբը իր գրիչով, Սօսէ մայրիկը իր հրացանով կը սահմանեն հայ կնոջ ազատութեան ամբողջական ըմբռնումը:

Հայ կինը իւրայատուկ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ Հայաստանի առաջին անկախ Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին, այսօր եւս մեծ ներգրաւուածութիւն ունի ան ազատ ու անկախ մեր հայրենիքի տարբեր ոլորտներուն մէջ:

Եթէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ի գործ դրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եկաւ խլելու հայ կնոջ արժանապատուութիւնը, ընդհատելու անոր զարգացման բնական հոլովոյթն ու իր պապենական հողին վրայ ապրելու ու արարելու հնարաւորութիւնը, ապա եղեռնէն վերապրած հայ կինը վճռեց կրկին ապրիլ ու ծնունդ տալ սերունդներու, յառաջանալ ու սատարել հայկական առողջ միջավայրի ստեղծման:

Սուրիահայ իրականութեան մէջ հայ կինը, ապրելով հանդերձ արեւելեան պահպանողական միջավայրի մէջ, մեծապէս ներգրաւուեցաւ ազգային եւ հասարակական կեանքին մէջ: Երկրի եւ համայնքի զարգացման հոլովոյթին համահունչ ընթացաւ սուրիահայ կնոջ զարգացումը:

Ինքնադրսեւորման ու ազատագրման իր նկրտումներուն մէջ սուրիահայ կինը աշխատեցաւ առաւելաբար ստեղծել ազգային, բարոյական արժէքներու վրայ հիմնուած միջավայր եւ դարձաւ յառաջադէմ ընկերակիցը այր մարդուն` շարունակելով իրագործել իր առաքելութիւնը որպէս կին եւ մայր:

Ահա թէ ինչո՛ւ հայ կինը մասնաւորապէս քայլ պահելով ժամանակակից աշխարհի զարգացումներուն եւ ազատատենչ գաղափարներուն հետ, կոչուած է ապահովելու սեփական ազատութեան եւ ընտանեկան առողջ կառոյցի ներդաշնակութիւնը` յառաջանալով մէկտեղ պահպանելու մեր ազգային աւանդոյթներն ու բարոյական ըմբռնումները: Ան պէտք չէ դառնայ կրող ըսին սովորութիւններուն, քաղքենիացած արժէքներուն եւ օտարոտի բարքերուն, որոնք կը ներմուծուին հայ ընկերութեան մէջ` քանդելու համար հայկական աւանդական մեր արժէքները:

Հայկական մեր միջավայրին մէջ թէեւ կը շարունակեն գլուխ ցցել խտրականութեան, կնոջ դերակատարութեան նսեմացման երեւոյթներ, անոնց դէմ պայքարելու կոչուած են սակայն տղամարդն ու կինը հաւասարապէս:

Տղամարդն ու կինը գործընկերներ են վերջապէս, որոնք միասնաբար, եւ ոչ թէ դէմ առ դէմ կանգնելով պիտի բարելաւեն մեր հասարակութիւնը:

Զ. Պ.

Նախորդը

Եղիշէ Չարենց (Սողոմոնեան, 1897-1937). Հայաստանի Եւ Հայութեան Յեղափոխաշունչ Բանաստեղծը

Յաջորդը

Պատանիի Օր

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.