Ն. Պ.
Մարտ 13-ին աշխարհի ո՛ր կողմն ալ ապրի, հայ մարդը կը նշէ ծնունդը մեր ժողովուրդի «Անուշ Հայաստանի արեւահամ բառը» շնչաւորած ու յաւերժացուցած անզուգական Եղիշէ Չարենցի:
13 մարտ 1897-ին լոյս աշխարհ եկած Եղիշէ Սողոմոնեան կոչուած էր Հայաստանի եւ հայութեան ամէնէն յեղափոխաշունչ բանաստեղծը դառնալու:
Հանճարեղ Չարենցի ծննդեան 118-րդ տարեդարձը նշելով` Մեծ եղեռնի 100-ամեակի այս տարին, հայ մարդը յատուկ պատճառ ունի Չարենցի ընդգրկուն տեսադաշտով յիշելու եւ յիշեցնելու արհաւիրքը Հայաստանի եւ հայութեան` թրքական պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան Տանթէականը:
Ոչ միայն հայ ժողովուրդին բաժին հանուած Ցեղասպանութեան արհաւիրքին, այլեւ փիւնիկի պէս աւերակներու մոխիրներէն յառնող հայոց վերածնունդին մեծագոյն երգիչը եղաւ Չարենց, որ ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց աշխարհասասան Ա. Աշխարհամարտի եւ Ռուսական մեծ յեղափոխութեան բարդ ժամանակաշրջանին: Եւ ինչպէս վայել է հանճարեղ գրողներուն, իր ստեղծագործական 20-ամեայ երթով երկար ու բարդ ճանապարհ կտրեց Հայաստանի ու հայութեան անկումի եւ վերանորոգման շունչն ու թռիչքը` յեղափոխակա՛ն ոգին մարմնաւորող անմահն Չարենցը: Եւ որքան մեծ թռիչքի, այնքան ահաւոր անկումի պահերով յատկանշուեցաւ նաեւ Չարենցի սեփական ուղին, որ երբ «Լենինն ու Ալին» գովերգելու իր գինովութենէն արթնցաւ ու հասաւ «Գիրք ճանապարհի»-ն արարելու հասունութեան` խորհրդային խորշակը բրտօրէն կտրեց կեանքի թելը ազգային մեր հպարտութիւնը մարմնաւորող մեծ բանաստեղծին:
Այդպէ՛ս, Եղիշէ Չարենց իր դարաշրջանի ամէնէն վաւերական երգիչը եղաւ եւ իբրեւ այդպիսին, իբրեւ բոլոր ժամանակներուն վրայ յածող լուսաւորող աստղ, յաւերժութիւնը նուաճեց:
Կը բաւէ որեւէ օր կամ օրուան որեւէ ժամուն կարդալ Չարենցը, որպէսզի մեր ապրած ժամանակն ու կեանքը դիտենք ու ընկալենք նոր լոյսի տակ` Չարենցի անսպառ խոհերու եւ յոյզերու լուսարձակով, հայ քերթողութեան յեղափոխաշունչ հանճարին թելադրականութեամբ:
Յատկանշականօրէն, 118 տարի առաջ մարտ 13-ին Կարս ծնած, բայց ծնողներուն բնակավայր պարսկական Մակու քաղաքը իբրեւ ծննդավայր երգած Եղիշէ Աբգարի Սողոմոնեանը, հազիւ պատանի դարձած, արդէն կը գիտակցէր ի վերուստ իրենց շնորհուած հանճարին:
Նաեւ իր ապրած ժամանակաշրջանը` աշխարհաւեր Ա. Աշխարհամարտով, հայ ժողովուրդը զգետնող Մեծ եղեռնով եւ նոր դարաշրջանի յոյսը աւետող Ռուսական յեղափոխութեամբ եղաւ այնպիսին, որ քսանամեայ Եղիշէ Չարենցի մէջ յաղթահասակ կանգնեցաւ բոլոր ժամանակներուն իր պատգամը ունեցող մեծ բանաստեղծը:
Կեանքը երգի վերածեց եւ երգեց այն, ինչ որ բոլոր ջիղերով զգաց ու ապրեցաւ:
Ինքնամփոփ բանաստեղծի տեսակն ու կեանքը անհաղորդ եւ անյարիր մնացին Չարենցի համար:
Սէրն ու գեղեցիկը երգեց այնպէ՛ս, ինչպէս որ կեանքի մէջ զգաց ու ապրեցաւ: Եւ որքան բուռն ու անկաշկանդ եղաւ սիրային իր կեանքը, այնքան յուզական եւ վարակիչ դարձաւ սիրոյ իր երգը:
Բայց յատկապէս հայ ժողովուրդի անցեալն ու ներկան, «Մահուան տեսիլ»-էն ու «Էպիքական լուսաբաց»-ը Չարենց ընկալեց եւ երգեց բոլոր ժամանակներուն եւ հանուր մարդկութեան ուրոյն պատգամ փոխանցող իր ամբողջ տարողութեամբ ու ահագնութեամբ:
Խորշանքով դիտեց եւ կատաղօրէն մերժեց գաւառայնութեան ու գաւառամտութեան ամէն երանգ ու հակում, որովհետեւ հայկականին եւ հայրենականին մէջ յայտնագործեց դարերէն եկող ու դարերուն գացող մարդկային մեծ ժառանգութիւնը:
Տարբեր ներաշխարհ եւ իմացական խռովք չէր կրնար ունենալ Չարենցի հանճարով օժտուած յեղափոխաշունչ քերթողը, որ իր արարած ամէն տողին եւ երգին մէջ ներքին հուր դրաւ` նոր հորիզոն բանալու ամբողջական գիտակցութեամբ:
Աւելի քան սպասելի էր, հետեւաբար, որ միեւնոյն կիրքով ու թափով Չարենց փարեցաւ «Ամբոխները խելագարուած» շղթայազերծած պոլշեւիկեան յեղափոխութեան: Որքան իր երգով հաւատաց նոր աշխարհի մը կերտումին, նոյնքան համոզումով փարեցաւ յեղափոխական կենդանի պայքարին իր շունչը միախառնելու քաղաքացիական առաքելութեան:
Խորունկ համոզումներու եւ վարար յուզականութեան մեծ երգիչն էր Չարենց, որ հայ իրականութեան մէջ անկաշառ աւետաբերը դարձաւ «Պայծառ գալիք»-ին:
Եւ որքան մեծ ու սրտաբուխ եղաւ պոլշեւիկեան յեղափոխութեան իր պաշտամունքը, նոյնքան մեծ ու անհակակշռելի դարձաւ խորհրդային ամբողջատիրութենէն իր հիասթափութիւնը:
Իր կեանքով ալ վճարեց ծանրագոյն գինը իր շրջադարձին, երբ «երկաթ»-ն ու «պեթոն»-ը ներբողելու իր խանդավառութեան վերջակէտ դրաւ ու հակեցաւ հայոց պատմութեան «Գիրք ճանապարհի»-ին ծանրախոհ դասերուն եւ պատգամներուն վրայ:
Հետեւաբար, Հայաստանի «արեւահամ բառը» պաշտամունքի առարկայ դարձնող իր «Տաղարան» անուն առաջին գիրքով հայ քերթողութեան բարձունքը մագլցած Չարենցը, երբ կռնակ դարձուց «Լենինն ու Ալին» գովերգելու իր երիտասարդական խանդավառութեան, բանտարկութեան մէջ եւ չարչարանքի տակ անգամ շարունակեց յեղափոխաշունչ իր երգը` «Ով հայ ժողովուրդ քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է» պատգամով բաժնուելով մեր աշխարհէն:
Կ՛անցնին ժամանակները, կու գան ու կ՛երթան ամէնէն ահեղ կայսրութիւններն անգամ, բայց անկորնչելի կը մնան դարու ոգին մարմնաւորող իրա՛ւ մեծութիւնները, որոնք նաեւ այժմէական շունչ կը հաղորդեն իրենց յաւերժական ներկայութեան:
Չարենց այդ հսկաներէն է`
Հայաստանի ու հայութեան յեղափոխաշունչ բանաստեղծն է, որուն բրտօրէն հեռացուցին սեփական ժողովուրդէն, բայց որուն երգը անլռելի յուշարարը մնաց հայոց սերունդներուն` ցաւատանջ ու թախծոտ.-
Ինչպէս երկիրս անսփոփ, ինչպէս երկիրս բախտազուրկ,
Ինչպէս երկիրս աւերակ ու արնաներկ –
Մխում է սիրտս հիմա որբ, մխում է սիրտս բախտազուրկ,
Մխում է սիրտս` աւերակ ու արնաներկ…
Եւ այս երգերը իմ կարմիր, ախ, այս երգերը իմ կարմիր,
Որ երգում է անսփոփ սիրտս կրակուն –
Ինչպէ՞ս պիտի արդեօք հնչեն, ա՜խ, այս երգերը իմ կարմիր –
Իմ աւերակ, իմ ո՜րբ երկրում…
Ինչպէս երկիրս անսփոփ, ինչպէս երկիրս աւերակ –
Այնպէս էլ սիրտս – անսփոփ, այնպէս էլ սիրտս – անուրախ,
Վէ՜րք է դառնում սրտիս խորքում օրերի փա՛յլը այս հրակ –
Ախ, սի՜րտս իմ` բո՜րբ ու անսփոփ,- երկի՜ր իմ` ո՜րբ ու անուրախ…
Sireli Berberian, polor sireliner, tasadooner teh oosootchitzner: “Arevaham Parn em siroom” pareh reyov eh, votch teh rayov. Arevaham bedoogh eh an, yev votch teh dar. Arevoo ham oonetzogh Hayasdani “bedooghn” eh an, yev votch teh “dareh, keereh”. Amen degh sekhal geh kervi oo goosootzvi ays “pareh” !!!!! Shnorhagalootyune.