Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Ղեկավար Պաշտօններուն Վրայ Գտնուողներուն 29 Տոկոսը Կիներն Են

March 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

dsc00247Կիներու միջազգային օրուան առիթով «Կրանթ Թորնթոն»-ի հրապարակած հետազօտութեան համաձայն, Հայաստանի մէջ ղեկավար պաշտօններուն 29 տոկոսը կիները կը զբաղեցնեն:

Այս ցուցանիշը աւելի ցած է 2014-ին հրապարակուած արդիւնքներէն, երբ Հայաստանի մէջ ղեկավար պաշտօններուն 35 տոկոսը կիները կը զբաղեցնէին: Բայց եւ այնպէս այս տարուան ցուցանիշը բարձր է վերջին 5 տարուան ընթացքին արձանագրուած միջին արդիւնքէն: Այսպիսով, Հայաստան կը պահէ իր դիրքերը աստիճանաւորման լաւագոյն տասնեակին մէջ` գրաւելով 8-րդ հորիզոնականը:

Կանանց աշխատանքային կարգավիճակին վերաբերեալ ուսումնասիրութեան արդիւնքները կը վկայեն, որ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ կիները աշխուժ դերակատարութիւն ունին ղեկավար պաշտօններուն վրայ: Հարցախոյզին մասնակցած երկիրներու միջազգային վարկանշային աղիւսակին մէջ անոնք կը գրաւեն տասնեակի առաջին 7 հորիզոնականները` Ռուսիոյ գլխաւորութեամբ:

«Այնուամենայնիւ, վերջին տասնամեակին համաշխարհային գործարար ասպարէզին մէջ կիներուն թիւի միայն աննշան աճ արձանագրուած է բարձր ղեկավար օղակներուն մէջ, ինչ որ առիթ կու տայ վերստին անդրադառնալու կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինի սահմանման անհրաժեշտութեան», նշուած է հետազօտութեան մէջ:

Հետազօտութեան համաձայն` բարձրագոյն ցուցանիշը արձանագրուած է Ռուսիոյ մէջ, ուր ղեկավար պաշտօններուն 40 առ հարիւրը կիները կը զբաղեցնեն, թիւ մը, որ գրեթէ կրկնակի կը գերազանցէ համաշխարհային միջին ցուցանիշը (22 տոկոսը): Տարածաշրջանի բարձր ցուցանիշ ունեցող յաջորդ հինգ երկիրներն են Վրաստանը (38 առ հարիւր), Լեհաստանը (37 առ հարիւր), Լաթվիան (36 առ հարիւր), Էսթոնիան (35 առ հարիւր) եւ Լիթվանիան (33 առ հարիւր):

Համաշխարհային մակարդակի վրայ ղեկավար պաշտօններուն 22 տոկոսը կիները կը զբաղեցնեն, ինչ որ քիչ մը աւելի բարձր է համեմատելով 2004-ին (19 առ հարիւր), սակայն աւելի ցած է նախորդ տարի արձանագրուած 24 տոկոս արդիւնքէն: Աղիւսակի վերջին հորիզոնականին վրայ է Ճափոնը, ուր կիները կը զբաղեցնեն ղեկավար պաշտօններուն 8 առ հարիւրը միայն: Ճափոնին կը յաջորդեն Գերմանիան (14 առ հարիւր) եւ Հնդկաստանը (15 առ հարիւր):

Նախորդը

Տեսակէտ. Հետաքրքրական Եւ Շահագրգռող Եկեղեցի

Յաջորդը

Եղիշէ Չարենց (Սողոմոնեան, 1897-1937). Հայաստանի Եւ Հայութեան Յեղափոխաշունչ Բանաստեղծը

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.