Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Շփոթահարութի՞ւն, Թէ՞ Տգիտութիւն

March 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

3-13-15_vahoԹրքական «Ա. Հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է. «Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր խնդիրներու կեդրոնը Հայաստանն է: Բոլոր դրացիներու հետ խնդիրներ ունեցող երկիրը պէտք է կանգ առնէ եւ ետեւ նայի»:

Թրքական դիւանագիտութեան պետին այս յայտարարութիւնը անոր խիստ շփոթահար ըլլալուն եւ տգիտութեան ցուցանիշն է: Ան առնուազն պաշտօնի բերմամբ պէտք էր ծանօթ ըլլար իր երկրին արտաքին քաղաքականութեան «զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» վարդապետութեան, անոր անփառունակ աւարտին եւ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին: Եթէ տեղեակ ըլլար պիտի գիտնար, որ Թուրքիան է, որ իր բոլոր դրացիներուն հետ հարցեր ունի եւ ոչ թէ Հայաստանը: Ըստ երեւոյթին, թուրք նախարարը տեղեակ չէ, թէ Հայաստան Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն այլ դրացիներ ալ ունի:

Հայաստանի` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ ունեցած խնդիրները ստեղծուած են վերջիններուս կողմէ: Թուրքիա իր էութեան յարիր կերպով` բոլոր դրացիներուն, ներառեալ` Հայաստանի հետ ստեղծած է խնդիրներ` շրջափակած է Հայաստանը, բռնագրաւած է Կիպրոսի հիւսիսային մասը եւ այլն:

Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնը Թուրքիոյ մասին է եւ ոչ թէ Հայաստանի: Ան Հայաստանը կը շփոթէ Թուրքիոյ հետ:

 

 

Նախորդը

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ` Րաֆֆի Թոքաթլեանի Քանդակներու Եւ Գեղանկարներու Ցուցահանդէսի Բացում

Յաջորդը

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցելութիւնները` Հոգեւոր Պետերուն Եւ Ազգային- Մշակութային Կառոյցներուն Այցելութիւն` Անթիլիասի Մայրավանք

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը

March 10, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պատգամ Անցեալէն

March 10, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երկրորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երկրորդ Թիւը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.