Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հազա՜ր Համբոյր Հայ Լիբանանին

Մարտ 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Լիբանանի մէջ հրատարակուող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պաշտօնաթերթերու խմբագիրները, յետ խորհրդակցութեան, որոշած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրատարակել ԱԶԴԱԿ-ԱՐԱՐԱՏ-ԶԱՐԹՕՆՔ միացեալ թիւ, ապրիլ 24-ի օրը: Ի՜նչ հաճելի լուր եւ համազգային ոգի ու կեցուածք` հայկական սփիւռքի սիրտ Պէյրութէն: Ի՜նչ դաստիարակիչ գործակցութիւն եւ եղբայրակցութիւն` հայ իրաւապահանջ սերունդներուն: Ի՜նչ ազգային առողջ մտածում` հաւաքաբար ներկայացնելու իրար ամբողջացնող միտքերը մեր: Շատոնց կը խօսուէր ստեղծումին մասին` համազգային մէկ շարժումի մը, որուն մէջ կ’առաջարկուէր լուծել մեր հայկական ազգային երեք կուսակցութիւնները, որպէսզի մէկ ձայնով հետապնդէինք մեր բոլոր ազգային հարցերը: Օրերը եկած են ցոյց տալու, որ մեր սփիւռքը բաժնող ու բզկտող ամօթալի ու խղճալի անցեալը սկսած է փոխարինուիլ ներկայով մը, որուն մէջ մեր երեք հայկական կուսակցութիւնները կ’աշխատին համաշունչ եւ անխոչընդոտ ծրագիրներով` տալով այն տպաւորութիւնը, թէ իրենք իրենց սեղմ գործակցութեամբ արդէն ստեղծած են այն համազգային համախմբուած շարժումը, որուն մասին շատոնց կը խօսուէր: Յիսուն տարի առաջ` 1965-ին, Ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ, լիբանանահայութիւնը հարիւր հազար թիւով հաւաքուած էր Պէյրութի Քամիլ Շամուն կոչուող մարզական աւանին մէջ, իր համայնքային բոլոր գոյներու եւ խաւերու ներկայացուցիչներով` հիմը դնելու պահանջատիրութեան ամրոցի մը, որուն զինուորագրուեցան Հայ դատի բանակին առաջատար սերունդները: Այդ հերոս սերունդը մեզի հանդէպ անտարբեր եղող ու քնացող աշխարհին հանգիստը խանգարեց: Այդ հայաշունչ սերունդը աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան տուաւ ազգային գործիչներ եւ ուսուցիչներ ու դարձաւ պապէն աւելի պապական` այն բոլորին հանդէպ, որ ազգային իրաւունքներու պահանջատիրութեան հետ առնչութիւն ունէր: Այդ սերունդը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին «դրական չէզոքութիւն» կոչուող իմաստուն դիրքորոշումը որդեգրեց եւ իր համայնքին կեանքը փրկեց, ու յետպատերազմին ալ բոլորին կողմէ գնահատուեցաւ ու իր չէզոքութեան որպէս վարձատրութիւն` իրեն քաղաքական ներկայացուցչութեան հաւասար կարգավիճակ տրուեցաւ` անոր կուսակցութիւններուն միջեւ բաժնելով պետական երեսփոխանական աթոռները: Այդ սերունդը իր մասնակցութիւնը բերաւ Արցախի ազատագրութեան մարտերուն եւ ազգային հողի վրայ արիւն թափեց:

Ահա այդ սերունդի ազգային դաստիարակութեամբ սնած եւ ուռճացած ներկայացուցիչները ապրիլ 24-ի օրը որոշած են մէկ ձայնով խօսիլ մեր լիբանանեան համայնքին եւ մէկ լեզուով լսելի դարձնել իրենց ձայնը: Լիբանանեան հակադիր քաղաքական հոսանքներու հետ ըլլալու անոնց հանգամանքը երբեք պատճառ չէ եղած, որ անոնք մէկ կողմ դնէին ամէն տեսակի հաշիւ եւ զինակցութիւն, որպէսզի մէկ եւ ամբողջական երեւոյթ ստանար իրենց միասնակամութիւնը ազգային առաջատար հարց եւ նիւթ նկատուող մեր ազգային հասարակաց շահին եւ դատին նկատմամբ:

Ծիծեռնակաբերդի մէջ հաւաքուած հայրենի հայութեան ձայնին սփիւռքի մէջ ամէնէն զօրաւոր ու բարձր ձայնակիցը վստահաբար պիտի ըլլայ Պէյրութի մէջ հազարներով քալող հայութիւնը, որ ապրիլ 24-ի օրը` ձգած գործ ու տեղ, ապրիլեան Եղեռնի հանդիսութեան ընթացքին բռունցք պիտի բարձրացնէ Թուրքիոյ դէմ` հաշիւ պահանջելով անկէ, հաշիւ` իր նահատակ նախնիներու կորսնցուցած հողին ու ինչքին: Անցեալ շաբթուան մեր յօդուածը` «Գոնէ Արարատը տրուէր մեզի», վստահաբար պիտի չգրուէր, եթէ Լիբանան գտնուելով` կանգնած ըլլայինք պահանջատիրութեան առաջին շարքերուն վրայ, ուր սրբազան «խենթեր» կը մերժեն ընդունիլ ուժերու անհաւասարակշռութեան պատճառով իրապաշտական լուծում գտնել մեր դատին: Մեր դպրոցական օրերէն բոլորս գիտենք Արշակ թագաւորին պատմութիւնը, թէ ան ինչպէս հայկական հողի վրայ կանգնած` կը դառնար յանդուգն ու անզիջող, ապա պարսկական հողին վրայ կանգնած` կը դառնար զիջող ու տկար: Նորօրեայ մեր արշակները գուցէ գտնուին հայրենի հողին եւ անոր մօտ եղող Լիբանանի հողին վրայ եւ ոչ` հոնկէ ովկիանոսներ հեռու գտնուող վայրերու մէջ: Այո՛, ըլլալով հեռու Հայաստանէն եւ սփիւռքի հայրենիք` Լիբանանէն, հեռու ենք հողին ուժէն, եւ մեր օթեակներէն արեւմտավայել մտայնութեամբ կը դիտենք ու կը ցանկանք լուծում մեր հարցերուն: Հոն` մեր հողին վրայ եւ անոր հողին մօտ կանգնողները միա՛յն իրաւունք ունին ըլլալու յանդուգն եւ անզիջող, ըսելու եւ երգելու` «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Այդ հնարը գտան ատենօք Լիբանանէն դէպի Եւրոպա եւ Թուրքիա գացող մեր պահանջատէր «խենթերը»: Այդ հնարը կ’ուզեն գտնել ներկայիս Լիբանանի եղբայրացած մեր ազգային կուսակցութիւնները: Հազա՜ր համբոյր ՀԱՅ Լիբանանին:

«Լուսաբաց»

Նախորդը

Միջին Արեւելքի Նոր Քարտէսը

Յաջորդը

Հեղուշ Փափազեան

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?