Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 100-Ամեակ. Սփիւռք (Գ.)

Մարտ 14, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքեան զանազան միջավայրերու մէջ 100-ամեակին հետ կապուած աշխատանքներն ու մանաւանդ քաղաքական ձեռքբերումները գլխաւոր երկու գործօն ունին: Նախ անշուշտ տեղւոյն համայնքներու կազմակերպուածութեան եւ քաղաքական աշխուժութեան փաստը. վերջին շրջանին հայկական գործօնին կը ներառուի նաեւ պետականութեան մասնակցութիւնը կամ աւելի ճիշդ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւններ եւ Հայ դատի յանձնախումբեր համատեղ աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը: Եւ երկրորդ` տուեալ պետութեան եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակը:

Երկու յատկանշական օրինակ կրնայ բացատրողական ըլլալ երկրորդ տեսութեան աշխատելու տրամաբանութեան առումով:

Գահիրէ – Անգարա յարաբերութիւններու ելեւէջները, Իսլամ եղբայրներուն դէմ իրականացուած իշխանափոխութեան բերած ամբողջովին նոր պահուածքը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն նկատմամբ եւ լարուած յարաբերութիւններու իրավիճակը շատ արագ հրապարակ բերին Հայոց ցեղասպանութեան մասին եգիպտացի քաղաքական եւ պետական գործիչներու աննախընթաց բարձրաձայնումներու շղթայ մը: Հարթութիւնը քարոզչաքաղաքական էր. Ցեղասպանութիւնը լուսաբանուեցաւ միլիոնաւոր համրանքներու հասնող զանգուածներու Եգիպտոսի ամէնէն հսկայ լսարանները ունեցող լրատուամիջոցներու կողմէ: Հարցը սակայն չմտաւ իրաւական ընթացակարգի մէջ: Պարզ էր, որ ուղերձը Անգարային էր` ըսելու համար, որ Գահիրէն իր զինանոցին մէջ կը պահէ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու սպառնալիքը: Պատահական չէր կրնար ըլլալ անշուշտ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ եգիպտական արխիւներու հրկիզումը: Եգիպտոսի պարագան վերլուծական դիտակէտեր կը պահանջէ եւ այդ առումով ալ յատկանշական է` նկատի ունենալով տարածաշրջանի իրադարձութիւնները, եւ Գահիրէի ճիգը պահպանելու արաբական աշխարհին մէջ գլխաւոր խաղացողի հանգամանքը:

Բոլորովին այլ պայմաններ եւ այլ իւրայատկութիւններ կը ներկայացնէ հարաւային Ամերիկան, ուր իրար յաջորդեցին Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերու որդեգրումը. անոնցմէ Փարակուէյը նոյնիսկ շեշտեց հայոց հայրենազրկման փաստը եւ իրաւունքներու վերականգնման անհրաժեշտութիւնը: Մինչ Ուրուկուէյ սկսաւ բարձրաձայնել ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի յարգումի հրամայականը եւ նախախորհրդային Հայաստանի վերահսկած սահմաններու վերահաստատման գաղափարը: Գաղափարական ենթահողին առընթեր անպայման պէտք է նկատի ունենալ տարածաշրջանային երկիրներուն ոչ լայնածաւալ չափերով առեւտրատնտեսական գործառնութիւններու բացակայութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Պէտք չէ անտեսել նաեւ Փերինչեքի ղեկավարած ջոկատի գործուղումը շրջան` Ցեղասպանութեան հերքման առաքելութեամբ:

Փերինչեքի նման այլ դատեր եւս կրնան զբաղեցնել հայկական կողմը: Մինչ, Թուրքիան կրնայ այլ դատական հայցերու իւրայատուկ բաւարարումներ տալ` անհատական հատուցումներու դուռ բանալով եւ անուղղակիօրէն մղելով  վերապրողներու ժառանգորդները իրաւունքներու վերականգնման անձնական նախաձեռնութիւններ առնելու: Այս մէկը մտածել կու տայ «Հայկական սփիւռքը մեր սփիւռքն է, Տաւութօղլուի նշանաւոր յայտարարութեան մասին, որուն կը հետեւի «Հրամմեցէք մեր եւ ձեր բնօրրանը»: Ուրեմն, սփիւռքը նման հրաւէրներուն ընդառաջել-չընդառաջելու հարկադրանքին առջեւ կրնայ գտնուիլ:

Արդէն յայտարարուած է Անգարայի վարիչներուն կողմէ, որ կը ձեռնարկուի սփիւռքեան տարբեր շրջանակներու հետ երկխօսութեան սկսելու ծրագիրը: Կալիփոլիի հակաքայլը կրնայ դուրս գալ Թուրքիոյ սահմաններէն եւ ընդգրկել այն երկիրները, ուր թուրք համայնք գոյութիւն ունի: Սփիւռքը եւս այս հակաքայլերուն կամ նոյնիսկ հակացոյցերուն փաստերուն հետ վարուելու խնդիր կրնայ դիմագրաւել:

Մինչ սփիւռքեան տարբեր քաղաքներու մէջ ցեղասպանութեան յիշատակի թանգարաններու հաստատումները թափ կը հաւաքեն, Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման բանաձեւերը սկսած են արծարծել նաեւ տարածքային կորուստներու հիմնախնդիրը:

Անգարան, եթէ մէկ կողմէ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար նախապայմանային քաղաքականութեան տարբեր խաբկանքի գործողութիւններ պիտի կազմակերպէ, միւս կողմէ սփիւռքի հետ խօսելու, հայկական կողմին մէջ պառակտման փորձեր սերմանելու աշխուժ վարքագիծ պիտի դրսեւորէ:

Սփիւռքի զգօնութիւնը աւելի քան հրամայական անհրաժեշտութիւն է` նման ծուղակներու մէջ չներքաշուելու: Ոչ միայն համասփիւռքեան միանշանակ պահուածքի խնդիր կայ այստեղ, այլ թրքական կողմին հետ որեւէ յարաբերութիւն մշակելու համար ներհամահայկական (Հայաստանի Հանրապետութիւն – Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն – սփիւռք) անհրաժեշտ քննարկումներու կայացման:

Ճանաչումէն հատուցում կարգախօսը եւ յատկապէս անոր իրաւական բաժինը գործնական դրսեւորումներ ունենալու հարկադրանքին առջեւ է:

Նախորդը

Սարգսեան Շնորհաւորեց Հռոմի Պապը

Յաջորդը

Իրանի Դէմ Հաստատուած ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցները Վերցնելու Մեծ Տէրութեանց Բանակցութիւնները Ընթացք Առած Են

RelatedPosts

Ակնարկ.   Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն

Ապրիլ 1, 2023
Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի

Ապրիլ 1, 2023
Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In