Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատանիի Օր

Մարտ 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-07-15_6aՀովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան, շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ պատանեկան յատուկ ձեռնարկ մը` Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին` գիւղի հոգեւոր հովիւ  Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի, ՀՅԴ ԼՊՄ-ի Ընդհանուր վարիչ մարմինի, միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, միութեան ծառայած վարիչներ եւ ծնողներ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներէն ետք, միութեան վարչուհին` Թամար Թասլաքեան, հրաւիրեց ներկաները` մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը բոլոր այն հանգուցեալ ընկերներուն, որոնք անցած են ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան շարքերէն, եւ` յատկապէս այն նուիրեալներուն, որոնք կանգուն պահած են միութիւնը եւ իմաստաւորած անոր գոյութիւնը: Ապա բացման խօսքին մէջ նշեց. «Այսօր կու գանք վերածաղկեցնելու մեզի վստահուած ուղին եւ նպատակի ջահերը կը յանձնենք նորերուն. անգամ մը եւս կը ճակատինք նոր աշխարհին կողմէ պարտադրուած հոսանքներուն դէմ եւ կը յաջողինք մէկտեղել պատանիներ, որոնք պիտի տան դաշնակցական պատանիի իրենց խոստումը. խոստում` կառչած մնալու ազգային անփոխարինելի արժէքներուն եւ կարելի միջոցներով ծառայելու ազգին ու հայրենիքին»:

Գեղարուեստական առաջին բաժինով հանդէս եկաւ միութեան կրտսեր անդամներէն Նարօտ Գառնէշեան, որ երգեց «Ախպերս ու ես» երգը: Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան պատմականը եւ առաքելութիւնը ներկայացնող լուսանկարներու եւ խօսքերու տեսերիզ մը, որմէ ետք Արտակ Կէօքճեան խոր ապրումով ասմունքեց Պետիկ Հերկելեանի «Կեաւուրի լակոտ» բանաստեղծութիւնը:

3-07-15_4aՁեռնարկին վերջին մասը յատկացուած էր խոստման արարողութեան: 26 պատանիներ տուին իրենց դաշնակցական պատանիի խոստումը` կնքահայր ունենալով ընկ. Եսայի Հաւաթեանը: Ան իր խօսքով կարեւոր նկատեց առաքելութիւնը ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան, որ, իբրեւ մարդակերտման եւ հայակերտման  դարբնոց, 1943-էն ի վեր կը ծառայէ գիւղին` ծնունդ տալով հայրենասէր եւ յանձնառու հայորդիներու: Ե. Հաւաթեան իր յուշերով  արժեւորեց նաեւ միութեան նուիրուած եւ անոր ծաղկումին համար իրենց անձնական կեանքը անտեսած ընկերներուն անխոնջ վաստակը: Խօսքը ուղղելով «Գէորգ Չաւուշ» սերունդին` թելադրեց լուսաւոր պահել հերոսներուն ընտրած ուղին, ըլլալ տիպար հայորդիներ եւ, իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին լիիրաւ անդամներ, միշտ պայքարիլ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար:

Խոստման արարողութենէն ետք ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգի երգեցողութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի (Մարտ Բ./2015) . Մեծարելով Հայ Կինը

Յաջորդը

Օսմանահայեր…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?