ՅՈՎՍԷՓ Յ. ԷՍԿԻՃԵԱՆ
Հրաշածին խորհուրդ Նայիրեան,
Անթափանց շղա՞րշ ես դուն թէ`
Աստուածադիր լեռնաշխարհ`
Անսկիզբ ու անվախճան:
Դրախտավայր բո՛ւռ մը հող,
Իմ քարաշատ Հայաստան,
Գանձ անկողոպտելի թորգոմեան տոհմի.
Դէպի երկինք նիզակուած,
Ժայռերուդ մե՛ն մի խուրձ`
Ձերդ քարացած սահմանապահ զինուոր,
Պողպատեայ վահանով զրահեալ:
Հայրենի ոգի,
Աղբիւր կենդանարար,
Նոյնի՛սկ աւերակուած Անիիդ մէջ`
Քաղաքակրթական աւելի ներուժ է խտացուած,
Քան` արիւնարբու սելճուք բարբարոսի
քանդող հզօրութեան մէջ: |
Կողերուդ մէջ ցաւատանջ,
Պահած ես առյաւէ՜տ,
Հիւլէ մը` ահարկու
Նահապետէն մեր Հայկի,
Հզօրութենէն փառահեղ` Մեծն Տիգրանի,
Նշխարհ մը հայատառ` Մեսրոպ Մաշտոցէն,
Տնքացող խոց սրտի` Գրիգոր Նարեկացիէն,
Երգի լուսերիզ խազ` Կոմիտասի թռիչքէն,
Անկոտրում վճռակամութիւն` Արամ Մանուկեանէն,
Յեղափոխիչ խիզախութիւն` Նիկոլ Դումանէն,
Մաքրակրօն սրբութիւն` «Նազովրեցի» Զաւարեանէն,
Ցեղակրօն ազգակերտում` Գարեգին Նժդեհէն,
Վրիժառու անյաղթ բազուկ`
«Յարատեւ կռուի» Քրիստափորէն, |
Բաշ Ապարանեան անզուսպ սխրանք`
«Ահարկու գիւղացի» Դրոյէն, |
Աններող վրէժի շեփոր`
Սարերու արծիւ Անդրանիկէն, |
Արդարահատոյց անվրէպ գնդակ`
Սողոմոն Թեհլիրեանէն, |
Եղեռնամոռին կիզող անէծք`
Ահարոնեան թուխ Արամազդէն, |
Երկաթէ շերեփ` Խրիմեան Հայրիկէն,
Ազատագրուած տարածք հայրենի` Ռուբէն Փաշայէն,
Հայրենեաց յուշի ծուէն` Վենետիկի Ալիշան սուրբէն,
Խամսայի մելիքութեանց փառքը`
Սպարապետ Մխիթարէն: |
Իմ քարատաշ Հայաստան,
Բազմադարեան վիշտդ խո՜ր,
Շաղախուած դարահոս արիւն արցունքիդ,
Կոփեցին անդուլ Հայկեան անմեռ ոգիդ.
Դուն անառիկ բե՛րդ ժայռանիստ,
Իմ քարքարոտ Հայաստան,
Անկորնչելի ադամանդեայ գանձ,
Ձիւնասպիտակ Արարատ,
Վեհանիստ աննինջ հսկող`
Նայիրեան լոյս աշխարհիդ:
Պէյրութ` 08/02/2015