ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սարգիս Զէյթլեանին, որուն գրիչէն բխած իւրաքանչիւր բառ, որուն շուրթներէն հնչած իւրաքանչիւր խօսք երիտասարդ մեր հոգիները կը լեցնէին «Հայկական այրուձի»-ի հեծեալներու փաղանգին միանալու տենդով, ազգն ու հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու պատրաստակամութեամբ, սեփական ուժին վստահելու ամուր զգացողութեամբ:
Անգնահատելի է Մուսա լերան զաւակ այս դաշնակցական ղեկավար գործիչին դերն ու ներդրումը` 1960-ական եւ 70-ական թուականներուն հասակ նետած սփիւռքահայ երիտասարդութեան քաղաքական մտածողութեան կազմաւորման եւ անոնց յանձնառութեան ոգիի ամրապնդման մէջ:
Սարգիս Զէյթլեանի հոգին, սակայն, անհանգիստ էր ու չէր բաւարարուեր միայն սփիւռքի երիտասարդութեան հասնելով. ան ամէն գնով փորձեց ուղղակի հաղորդակցութեան ճանապարհներ գտնել ամէն ազգային ինքնուրոյնութիւն ճզմել ջանացող խորհրդային համակարգին ընդդիմանալու խիզախութիւն ունեցող Հայաստանի երիտասարդութեան հետ: Զէյթլեանի վաստակին ամէնէն նշանակալի բաժինը, հաւանաբար, Հայաստանի ազգայնական շարժումին հետ իր բացած ճանապարհն էր, որուն հետքերը յստակօրէն կ՛երեւէին ղարաբաղեան շարժման գործիչներու մտածողութեան մէջ:
Ճիշդ ա՛յս էր հաւանաբար պատճառը, որ Սարգիս Զէյթլեան վտանգաւոր նկատուեցաւ համայնավարութեան խախուտ սիւները պահող գործակալութեան համար, որ լծակից դարձնելով հայ տմարդի դաւաճաններ` առեւանգել տուաւ եւ սպաննեց զայն: Դժուար չէ պատկերացնել, թէ ինչպիսի՛ ներդրում կրնար ունենալ Սարգիս Զէյթլեան արցախեան շարժումին մէջ` իր դրոշմով ու իր հզօր անհատականութեան շեշտով Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը հարստացնելով:
Այսօր, երբ վերստին կ՛ընթերցենք ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի միտքերը, անգամ մը եւս կ՛անդրադառնանք, թէ որքա՛ն ուսանելի բան ունէինք այս մեծ գործիչէն, իր գաղափարներէն, իր կեանքէն:
eng.apo boghigian