Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եոզկատցի՞ Էք…

Մարտ 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

C_1-Yozgad-(1)Այսպիսի հարցումի մը դիմաց սփիւռքահայ մարդիկ թերեւս պիշ-պիշ ձեզի նային` առանց հասկնալու, թէ ի՛նչ բանի կ՛ակնարկէք…

Եոզկա՜տ…

Քանի՞ հոգի լսած է Անատոլուի այս քաղաքին անունը: Քաղաք մը, ուր դար մը առաջ մեծաթիւ հայեր կ՛ապրէին` իրենց եկեղեցիներով ու դպրոցներով…

Եթէ բանաք Թուրքիոյ արդի մէկ քարտէսը, ապա Եոզկատը պիտի գտնէք քարտէսին ճի՛շդ մէջտեղը, Սվազէն դէպի Անգարա ճամբուն վրայ:

Եոզկատ ունեցած է հայ եւ թուրք խառն բնակչութիւն: Մեծ եղեռնի նախօրէին քաղաքին 38.000 բնակչութեան 12.000-ը հայեր եղած են, իսկ բովանդակ գաւառին տարածքին հայոց թիւը կը գնահատուէր 30.000-ով:

Այնպէս կը թուի, թէ մեծ թիւով եոզկատցիներ բնակութիւն հաստատեր են Ֆրանսա: Անոնք հիմներ են «Եոզկատի բարենպատակ հայրենակցական միութիւն»-ը, 1928-ին, Մարսէյի մէջ:

Միութիւնը մշակեր է իր ծրագիր-կանոնագիրը ու զայն հրատարակեր է առանձին պրակով (տե՛ս լուսանկարը): Ուրեմն եոզկատցիները հետամուտ եղած են կարգապահութեան եւ օրինաւորութեան` լաւագոյնս ծառայելու համար իրենց անբախտ հայրենակիցներուն:

Ես անձամբ ճանչցած եմ միակ եոզկատցի մը` հալէպաբնակ ողբացեալ ուսուցիչ Հայկ Պարիկեանը (1914-ի ծնունդ), որ մեր քաղաքին մէջ կը խմբագրէր «Գեղարդ» տարեգիրքը:

Անկէ զատ, գիտեմ, որ Եոզկատ ծնած էր հանրային ծանօթ գործիչ ու դաշնակցական ղեկավար Հրաչ Փափազեանը: Եոզկատի Իյտէլի գիւղը եւս մեզի ընծայած էր մեծանուն հոգեւորական մը` յանձինս Կ. Պոլսոյ հայոց նախկին պատրիարքներէն Շնորհք արք. Գալուստեանի:

Եոզկատցիք հրատարակած են իրենց ծննդավայրին ձօնուած երկու յուշամատեաններ: Մին` «Յուշարձան եոզղատցիներու» (1955, Ֆրեզնօ), Վահէ Հայկի խմբագրութեամբ, իսկ միւսը` ծաւալուն պատմագիրք մը, որ լոյս տեսած է Պէյրութ, 1988-ին, Արմէն Դարեանի ու Անդրանիկ Երկանեանի խմբագրութեամբ:

Հիմա դարձեալ հարց տանք.

– Եոզկատցի՞ էք:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Աշխատանքներէն

Յաջորդը

Արմենակ Եւ «Ճիճիշ»

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?