ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայ յեղափոխութիւնը յանկարծակի ու անսպասելի կերպով չպայթեցաւ: Անիկա արդիւնքն էր շուրջ կէս դարու գաղափարական խմորումի, հայու միտքի ու հոգիի հերկերուն մէջ ցանուած ազգային ազնիւ սերմերու պոռթկումին: Անիկա սկսաւ նախ անջատ-անջատ խմբակներով, ապա վերածուեցաւ համաժողովրդական շարժումի: Պատմութիւնը նոյնքան երախտագիտութեամբ կը գնահատէ հայուն իրաւունքը, պատիւը իրենց արեան գնով պաշտպանող հայ ֆետայիներու գործը, որքան` հայ մարտիկին մղում եւ թռիչք տուող գաղափարի սերմնացանները:
– Խաչատուր Աբովեան (1805-1848). արեւելահայ ազգային զարթօնքի ռահվիրաներէն, համալսարանական կրթութեան տէր դաստիարակ, հրապարակախօս, գործիչ, բանաստեղծ ու վիպասան: Առաւելաբար ան ճանչցուած է իր «Վէրք Հայաստանի» վէպով, ուր ան կ՛ողբայ Հայաստանի թշուառ վիճակը, ապա կը սերմանէ յեղափոխութեամբ` զէնքի ուժով, իր իրաւունքն ու պատիւը պաշտպանելու գաղափարը` իրաւազրկուած ու ստրուկի վերածուած հայ գիւղացիի հոգիին մէջ:
– Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820-1901). Ս. Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան վանական: Եւրոպական բարձր կրթութեան տէր մտաւորական, բանասէր, դաստիարակ, բանաստեղծ, հեղինակ բազմաթիւ երգերու եւ գիրքերու: «Բամբ որոտան»-ը եղաւ հայ երիտասարդութիւնը դէպի «Ի զէն ու վրէժ» մղող ամենասրտաթունդ ռազմերգերէն մէկը: Աւելի քան մէկ եւ կէս դար ետք այս երգը տակաւին կը պահէ իր լայն ժողովրդականութիւնը:
– Մկրտիչ Խրիմեան, Հայոց «Հայրիկ»-ը (1820-1907). կաթողիկոս, վիպասան, բանաստեղծ, հրապարակագիր, ազգային գործիչ: 19-րդ դարու հայ իրականութեան ամէնէն տիրական դէմքերէն: Իր հրատարակած «Արծիւ Վասպուրականի», «Արծուիկ Տարօնոյ» ամսաթերթերը Արեւմտեան Հայաստանի հողին վրայ տպուած առաջին թերթերը եղան, ուր ան իր բողոքի ձայնը բարձրացուց կառավարութեան պաշտօնեաներու եւ քիւրտ աւազակներու գործած բռնութիւններուն եւ հարստահարութիւններուն դէմ: Իր բանաստեղծութիւններով, վէպերով, ան հայրենի հողի սիրոյ ջատագովը եւ հայ նահապետական ընտանիքի սրբութեան քարոզիչը հանդիսացաւ:
Խրիմեան Հայրիկ գլխաւորեց Պերլինի վեհաժողովին մասնակցող հայ պատուիրակութիւնը: Օտար պետութիւններէն կրած իր յուսախաբութիւնը ան արտայայտեց «Երկաթէ շերեփ»-ի համբաւաւոր իր պատգամով, որ հայ ժողովուրդին ուղղուած հրաւէր մըն էր` իր փրկութիւնը զէնքին ու յեղափոխութեան վստահելու: Յեղափոխութեան վրայ իր ունեցած հաւատքին լաւագոյն արտայայտութիւնն էր հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայկական նոր ասպետութիւնն է: Ելէ՛ք, ելէ՛ք, հայ ժողովուրդ, արձանագրուեցէ՛ք հայ նոր ասպետութեան, թեւ ու թիկունք տուէք անոր, զի խաչին ու մաճին հետ, փրկարար է նաեւ սուրը»:
– Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան (1828-1864). բանաստեղծ, երգահան, հասարակական գործիչ, հայութեան միասնականութեան ջատագով: Այս մասին սրտառուչ են հետեւեալ տողերը. «Տուր ինձ քո ձեռք, եղբայր ենք մենք, որ մրրկեաւ էինք զատուած»: Զէյթունի 1862-ի ապստամբութիւնը ան անմահացուցած է «Թաղումն քաջորդւոյն» եւ «Հայ քաջորդի» ոտանաւորներով, որոնք երգի վերածուեցան եւ տասնամեակներ շարունակ երգուեցան եւ յուզեցին հայոց սիրտերը:
– Ռափայէլ Պատկանեան (Գամառ Քաթիպա), (1830-1890). բանաստեղծ, հրապարակագիր, դաստիարակ: Ան իր բանաստեղծութիւններով, որոնցմէ շատերը երգի վերածուցան, ողբաց հայ ժողովուրդին թշուառ վիճակը, ապա յեղափոխական ոգի ներշնչեց հայ երիտասարդութեան: «Արաքսի արտասուքը», «Լռեց: Ամպերը եկան, ծածկեցին…», «Հիմի՞ էլ լռենք»` Գամառ Քաթիպայի այս երգերը դասական դարձած են ու կը պահեն իրենց ժողովրդականութիւնը մինչեւ այսօր:
– Ծերենց (բժ. Յովսէփ Շիշմանեան), (1822-1888). իր հեղինակած պատմավէպերով` «Թորոս Լեւոնի», «Թէոդորոս Ռշտունի», «Երկունք», բիւզանդական եւ արաբական տիրապետութեանց դէմ մղած ազատագրական պայքարի փայլուն օրինակները տալով` Ծերենց հայ երիտասարդութիւնը փորձած է ներշնչել յեղափոխական գաղափարներով:
– Միքայէլ Նալբանդեան (1829-1866). բանաստեղծ, վիպասան, հրապարակագիր, յեղափոխական գործիչ: Ան սերտ կապեր հաստատած է 19-րդ դարու կէսերուն Իտալիոյ Կարիպալտիական շարժման եւ Ռուսիոյ յեղափոխական կուսակցութիւններու պարագլուխներուն հետ: Գրած է «Երկրագործութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ» գործը, որ այլաբանական ձեւն է «Յեղափոխութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ»-ին: Առաւելաբար ծանօթ է «Ազատն Աստուած» եւ «Իտալացի աղջկան երգը» քերթուածներով: Վերջինս փոփոխութեան ենթարկուած է եւ «Մեր հայրենիք» խորագիրը ստանալով` դարձած է հայոց ազգային երգը (քայլերգը):
– Րաֆֆի (Յակոբ Մելիք Յակոբեան), (1835-1888). հայ իրականութեան ամէնէն ժողովրդական գրագէտներէն: Իր վէպերուն թեման եղաւ յեղափոխութիւնը: «Խենթը», «Ջալալէդդինը», «Կայծերը», «Դաւիթ Բէկը», «Խամսայի մելիքութիւնները», 19-րդ դարու վերջերուն հայ երիտասարդութեան գաղափարական խմորումի հնոցներ հանդիսացան: Երեւակայական իր հերոսներով` Ֆարհադով, Վարդանով, Կարոյով, Ասլանով եւ տակաւին ուրիշներով Րաֆֆի կազմեց նախատիպերը հայ ֆետայիներուն` Արաբոյի, Մխոյի, Շէրոյի, Չաթոյի, Աղբիւր Սերոբի, Մակարի, Գէորգ Չաւուշի, Անդրանիկի, Մուրատի, Նիկոլ Դումանի… Իր ժամանակի եւ յաջորդող տասնամեակներու հայ ընթերցողի ամէնէն փնտռուած գրագէտն ու յեղափոխութեան խորհրդանիշը դարձաւ Րաֆֆին:
– Մկրտիչ Փորթուգալեան (1848-1921). հրապարակախօս, դաստիարակ, ազգային գործիչ: Վանի մէջ հիմնած է իր վարժապետանոցը, ուր պատրաստած է ուսուցիչներու եւ յեղափոխականներու լուրջ սերունդ մը: 1886-ին ան հիմնած է «Արմէնիա» թերթը, Մարսէյ (Ֆրանսա) եւ յեղափոխական քարոզչութիւն տարածած է: Իր աշակերտներէն Մկրտիչ Թէրլէմէզեան (յեղափոխական ծածկանունով Աւետիսեան), Վանի մէջ հիմնած եւ յիշեալ թերթին անունով «Արմէնական» կոչած է հայոց առաջին յեղափոխական կուսակցութիւնը:
– Գրաւոր թէ բանաւոր յեղափոխական գնահատելի քարոզչութիւն կատարած են նաեւ` Յարութիւն Չաքըրեան (Զէյթուն, Պոլիս), Եղիա Տեմիրճիպաշեան (Պոլիս), Մկրտիչ Սարղըեան (Մուշ), Ներսէս Աբէլեան (Մոսկուա), Կարապետ Ղումրիկեան (Երզընկա, Քղի), Արփիար Արփիարեան (Պոլիս) եւ ուրիշներ:
ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼ
Ազգային զարթօնքին զուգընթաց, նաեւ յեղափոխական գաղափարներ սերմանելու գնահատելի գործ կը կատարեն հայ մամուլի հետեւեալ օրկանները.
– «Արծիւ Վասպուրականի», «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթերը (տես. Խրիմեան Հայրիկ).
– «Փունջ», Պոլիս (1870-ական թուականներուն). հիմնուած է Եղիշէ վրդ. Այվազեանի կողմէ: Յեղափոխականաշունչ այս թերթին կ՛աշխատակցին Եղիա Տեմիրճիպաշեան եւ ուրիշներ.
– «Մշակ», Թիֆլիս. հիմնուած է ազգային շեշտուած նպատակներու եւ ազատամիտ գաղափարներու ջատագով Գրիգոր Արծրունիի կողմէ: «Մշակ»-ին կ՛աշխատակցին ժամանակի ամենայեղափոխական գրողները` Մ. Նալբանդեանց, Ծերենց, Րաֆֆի եւ ուրիշներ.
– «Հիւսիսափայլ», Մոսկուա. կը հրատարակուի խմբագրութեամբ լուսամիտ մտաւորական Ստեփան Նազարեանցի: Կ՛աշխատակցին Մոսկուայի եւ Փեթերսպուրկի հայ ուսանողութեան ընտրանին` Միքայէլ Նալբանդեան, Սմբատ Շահազիզ, նաեւ` Րաֆֆին.
– «Երիտասարդ Հայաստան», Պոլիս. կ՛աշխատակցին Արփիար Արփիարեան, Ստեփան Փափազեան, Մինաս Չերազ, Ե. Տեմիրճիպաշեան, Մ. Փորթուգալեան եւ ուրիշ յեղափոխական գաղափարներու ջատագով գրողներ.
– «Արմէնիա», Մարսէյ. (տես.` Մկրտիչ Փորթուգալեան).
– «Մասիս», Պոլիս. կ՛աշխատակցին (ոմանք խմբագիրի հանգամանքով) Գրիգոր Զոհրապ, Ա. Արփիարեան, Միքայէլ Շատմաճեան եւ ուրիշներ` մերկացնելով գաւառներու մէջ հայերու դէմ կատարուած բռնութիւնները եւ բողոքելով կառավարութեան անտարբերութեան դէմ.
– «Մամուլ», Պոլիս. Հայկական հարցը արծարծող թերթ, որ ծանօթ է նաեւ հայոց ազգային միասնականութիւնը երկպառակտողները դատապարտող, գաւառներու բռնութիւններու դէմ բողոքի իր յանդուգն գրութիւններով.
– «Ազատութեան աւետաբեր», Մոսկուա. օրկան «Հայրենասէրների միութիւն»-ի: Կ՛աշխատակցին ռուսական յեղափոխական գաղտնի կազմակերպութիւններու («Նարոտնայա Վոլեա» եւ ուրիշներ) մասնակից հայ ուսանողներ եւ մտաւորականներ:
Կային նաեւ հայ մամուլի ուրիշ օրկաններ, որոնք եթէ ոչ յեղափոխական շեշտուած գրութիւններով, բայց ազգային նկարագիրով իրենց բովանդակութեամբ, սատարեցին յեղափոխական տրամադրութիւններու տարածման հարցին:
Յեղափոխական Կազմակերպութիւններ Եւ Բջիջներ
– «Սեւ խաչ». գաղտնի կազմակերպութիւն, հիմնուած 1873-ին, Վան: Նպատակն էր Վասպուրականի հայ երիտասարդութիւնը զինել եւ ինքնապաշտպանութեան պատրաստել:
– «Պաշտպան հայրենեաց» կամ «Գաղտնի կազմակերպութիւն Բարձր Հայոց», հիմնուած 1881-ին, Կարին: Նպատակն էր զինեալ խմբակներ ստեղծել, զինավարժութիւն կատարել եւ հայ գիւղացիութիւնը պաշտպանել թուրք եւ քիւրտ աւազակներու եւ պետական պաշտօնեաներու բռնութեանց դէմ:
– «Միութիւն եւ փրկութիւն». գաղտնի կազմակերպութիւն Վանի մէջ` յեղափոխական գաղափարներու տարածման նպատակներով:
– «Հայրենասէրների միութիւն». յեղափոխական նպատակներ հետապնդող հայ ուսանողներու կազմակերպութիւն Մոսկուայի մէջ, ուր ան կապեր հաստատած էր ռուս յեղափոխականներու հետ:
– «Սանկ Փեթերսպուրկի ուսանողական միութիւն». դարձեալ յեղափոխական քարոզչութիւն կատարող կազմակերպութիւն Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ:
– «Երիտասարդ Հայաստան», Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ ընկերներու կողմէ կազմուած գաղտնի կազմակերպութիւն Թիֆլիսի մէջ, ուր յեղափոխական նոյն նպատակներով առաջնորդուող «Միացեալ ընկերութիւն» խմբակին հետ անոնք շուտով կորիզը պիտի դառնան Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն կուսակցութեան:
– Հայ յեղափոխական ընկերութիւն, Յ. Չագրեանի կողմէ հիմնուած գաղտնի կազմակերպութիւն, Պոլիս:
– «Ղարաբաղի ուժ», գաղտնի կազմակերպութիւն, Շուշի:
– «Երեւանի ազգասէրների խմբակ», ուսանողական գաղտնի խմբակ:
Յեղափոխական
Գործի Յառաջամարտիկներ
– Արաբօ եւ Մխօ. Սասունի մէջ ֆետայական շարժման ռահվիրաներ, որոնք 1885-էն սկսեալ զինեալ պայքարի ձեռնարկեցին.
– Յունօ (Յարութիւն Տէր Մարտիրոսեան), իր զինեալ խումբով ահն ու սարսափը դարձաւ Ալաշկերտի շրջանի թուրք եւ քիւրտ ասպատակներուն, 1880-ական թուականի վերջերուն.
– Շէրօ եւ Չաթօ, Վասպուրականի մէջ քիւրտ աւազակապետներու հայ նեմեսիսները: Անուս այս մարտիկները շրջանի մէջ հայ յեղափոխութեան նախակարապետները հանդիսացան.
– Գալուստ Արմէնեան, Երզնկայի եւ Քիղիի շրջաններուն առաջին յեղափոխական ղեկավարը, իր մարտիկներով, արժանի պատիժը տուաւ թուրք պաշտօնեաներուն եւ քիւրտ ասպատակներուն.
– Տէրսիմի Քեռի (Ռուբէն Շիշմանեան), Գ. Արխանեանի զինակիցը, կազմեց իր սեփական զինեալ խումբը եւ ահ ու սարսափ տարածեց հայ գիւղերու կեղեքիչներուն մէջ.
– Ժիրայր (Մարտիրոս Պոյաճեան), Եոզկատի եւ շրջակայքի հայերու ինքնապաշտպանութեան առաջին կազմակերպիչը.
– Տիգրան Օքոնեան, 10-15 հոգինոց իր զինեալ խումբով, 1888-1900 տարիներուն, բազմիցս կ՛անցնի Բասէն եւ կը պատժէ հայ գիւղերը թալանի ենթարկող թուրք եւ քիւրտ ասպատակները.
– Յովհաննէս Ագրիպասեան եւ Տիգրան Գօլոշեան, գաղափարապաշտ երկու երիտասարդներ` դէպի Վան զէնքով ուղեւորութեան ընթացքին, թուրք-պարսկական սահմանագլուխին մօտ կռուի կը բռնուին քիւրտ համիտիէներու հետ եւ կը նահատակուին.
– Զինեալ ինքնապաշտպանութեան առաջին զգայացունց դէպքը կ՛ըլլայ Կարնոյ առաջնորդարանին առջեւ պատահած համաժողովրդային դիմադրութիւնը, 1890-ի յունիսին: Այս դէպքը մեծ յուզում կը յառաջացնէ հայկական գաւառներէն մինչեւ Պոլիս ու Կովկաս.
– Հայ յեղափոխական շարժման ստեղծման ու ծաւալման հարցերուն մէջ նշանակալից դեր կը կատարեն Սասնոյ գիւղերու մէջ 1860-1885 թուականներուն պատահած զինեալ դիմադրութիւններն ու Զէյթունի 1862-ի եւ 1877-1878 ապստամբութիւնները:
***
Վերոնշեալ հանգրուաններէն անցնելէ ետք հայ յեղափոխութիւնը կազմակերպուած եւ համաժողովրդային բնոյթ կը ստանայ, երբ կը հիմնուին Արմենական կուսակցութիւնը` 1885-ին, Վան, Հնչակեան կուսակցութիւնը` 1887-ին, Ժընեւ (Զուիցերիա), Հայ յեղափոխականներու դաշնակցութիւնը` 1890, Թիֆլիս: