Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տասը Պատճառ, Թէ Ինչո՛ւ Նախագահ Օպաման Պէտք Է Ապրիլ 24-ին Հայաստան Այցելէ

March 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ապրիլ 24-ին Երեւան հրաւիրած է շարք մը երկիրներու ղեկավարներ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ոգեկոչելու համար:

Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Լեհաստանի եւ Պիելոռուսիոյ  նախագահները արդէն ընդունած են նախագահ Սարգսեանի հրաւէրը: Սպիտակ տունը դեռ հանդէս չէ եկած յայտարարութեամբ, թէ արդեօք նախագահ Օպաման պիտի այցելէ՞ Հայաստան այս մեծաշուք առիթով:

Հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկենթաու 1,5 միլիոն հայերու կազմակերպուած բնաջնջումը բնութագրեց իբրեւ «Ամբողջ ազգի սպանութիւն»: Հրէական ծագումով լեհ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինը «Սի.Պի.Էս.»-ին յայտնեց, որ ինք ցեղասպանութիւն եզրոյթը յօրինած է Ա. Աշխարհամարտին հայերու եւ Բ. Աշխարհամարտին հրեաներու դէմ իրագործուած զանգուածային ոճրագործութիւններուն հիման վրայ:

Ահա այն տասը պատճառները, թէ ինչո՛ւ պէտք է Միացեալ Նահանգներու նախագահին օդանաւը ապրիլ 24-ին վայրէջք կատարէ Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայան.

1.- Նախագահ Օպաման յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Ամերիկայի հարիւր հազարաւոր գթասիրտ քաղաքացիներուն` Ցեղասպանութենէն ետք թշուառ հայերուն օգնելու նպատակով 117 միլիոն տոլար (այսօր աւելի քան 2 միլիառ տոլարի համարժէք գումար) հանգանակելնուն համար: Դեսպան Մորկենթաուի նախաձեռնութեամբ եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի աջակցութեամբ, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցը օգնեց փրկելու եւ խնամելու աւելի քան 132 հազար հայ որբեր: Այս հսկայական բարեգործական նախաձեռնութիւնը առաջին միջազգային մարդասիրական օգնութիւնն էր Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ:

2.- Այս առիթով այցելելով Հայաստան` նախագահ Օպամա պիտի վերահաստատէ Միացեալ Նահանգներու կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան երկարամեայ ճանաչումը: Ցեղասպանութիւնը իբրեւ հաստատուած պատմական փաստ ճանչցած են.

– Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը` Միջազգային դատարան ներկայացուցած փաստաթուղթին մէջ, 1951-ին,

– Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 1975 եւ 1984 բանաձեւերուն մէջ,

– Նախագահ Ռոնըլտ Ռիկըն` նախագահական հռչակագիրին մէջ, 1981 ապրիլ 22-ին,

– Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 43-ը,

– Աշխարհի աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներ, ներառեալ` Ֆրանսա, Իտալիա, Ռուսիա, Քանատա, Հոլանտա, Վատիկան, Զուիցերիա, Շուէտ, Արժանթին, Լիբանան, Յունաստան, Կիպրոս, Լեհաստան եւ Վենեզուելա,

– Շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններ, ներառեալ` ՄԱԿ-ի խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովը, Եւրոխորհրդարանը եւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը:

3.- 100-ամեակը կրնայ նաեւ նախագահ Օպամայի վերջին հնարաւորութիւնը ըլլալ` վերականգնելու ամերիկահայ համայնքին վստահութիւնը` յարգելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ իր լուրջ խոստումները իբրեւ ծերակուտական եւ նախագահութեան թեկնածու:

4.- Նախագահ Օպամա կրնայ հիմը դնել հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման` հիմնուած ճշմարտութեան եւ արդարութեան վրայ, համահունչ Ներկայացուցիչներու տան մէջ սպասուող բանաձեւին եւ իր նախորդ ապրիլքսանչորսեան ուղերձներուն, յայտարարելով, որ` «փաստերու լիարժէք, անկեղծ ու արդար ճանաչումը կը բխի բոլորիս շահերէն»: Նախագահ Օպամայի այցը նաեւ պիտի խրախուսէ մարդու իրաւունքներու թուրք պաշտպանները` շարունակելու իրենց դժուար աշխատանքը, որպէսզի օժանդակեն Թուրքիոյ կառավարութեան` հաշուի նստելու իր անցեալի ամենամութ էջերուն հետ:

5.- Միացեալ Նահանգներու նախագահը օգտուելով այս այցէն, կրնայ կոչ ուղղել Թուրքիոյ` վերացնելու Հայաստանի շրջափակումը` հայեացք նետելով փակ սահմանէն քիչ մը այն կողմ գտնուող աստուածաշնչական Արարատ լերան:

6.- Ի պատասխան Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ յարձակումներու աշխուժացման` նախագահ Օպամա կրնայ շեշտել այս բարդ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Ուաշինկթընի լուրջ աջակցութիւնը:

7.- Նախագահ Օպամայի այցը պիտի օգնէ հաւասարակշռելու Հայաստանի յարաբերութիւնները Արեւմուտքին հետ, յատկապէս` Ռուսիոյ գլխաւորած Եւրասիական տնտեսական միութեան անոր անդամակցութենէն ետք, եւ հաշուի առնելով ապրիլ 24-ին Փութինի նախատեսուող այցը Երեւան: Հայաստան սերտ յարաբերութիւններու մէջ է արեւմտեան Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ եւ ներգրաւուած է միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` Աֆղանիստանի, Իրաքի, Քոսովոյի եւ Լիբանանի մէջ: Վերջերս Հայաստանի նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի նշանակումը Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին կ՛ընդգծէ, թէ Երեւանը որքան կարեւորութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւններուն:

8.- Քանի որ նախագահ Օպամա ուքրանական ճգնաժամին պատճառով պիտի չմեկնի Մոսկուա` մասնակցելու մայիս 9-ին կայանալիք Բ. Աշխարհամարտին իրականացած Յաղթանակի օրուան տօնակատարութիւններուն, ուստի Երեւանի մէջ ան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ հանդիպելու նախագահ Փութինին` աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ:

9.- Նախագահ Օպամայի այցը Հայաստան բարի կամքի կարեւոր դրսեւորում պիտի ըլլայ ամերիկահայ համայնքին նկատմամբ: Անցեալ շաբաթ ամերիկահայ 16 մեծ կազմակերպութիւններ միասնական նամակով դիմեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահին` կոչ ուղղելով անոր մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն Հայաստանի մէջ:

10.- Նախագահ Օպամա պիտի կատարէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական առաջին պատմական այցը Հայաստան, որուն նախորդած են շարք մը բարձրաստիճան ամերիկացի պաշտօնեաներ` պետական նախարար Ճէյմս Պէյքըր Գ.ը, 1992-ին, պաշտպանութեան նախարար Տանըլտ Ռամսֆելտը` 2001 թ. եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը` 2010 եւ 2012 թուականներուն, երբ վերջինս ծաղկեպսակ դրաւ Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ, ինչպէս կ՛ընեն Միացեալ Նահանգներու բոլոր դեսպանները ամէն տարի ապրիլ 24-ին` Հայաստանի 1991 թուականի անկախացումէն ի վեր:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Ապրիլ 24. Ինչպէ՞ս Է Այս Օրը Մտել Հայոց Մէջ

Յաջորդը

Ցաւակցագիր

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.