Մեր Շուրջը Ամասիացիներ Մնացի՞ն
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Հարցումս անտեղի չէ: Գէթ Հալէպի հայահոծ մեր միջավայրին մէջ ես բնիկ ամասիացիի մը կամ ամասիացիներու շառաւիղներու չեմ հանդիպած: Հայկական հանրագիտարանները կը հաստատեն, թէ Եղեռնի նախօրէին Ամասիոյ գաւառի հայ բնակչութեան թիւը շուրջ 20.000 էր: Ուրեմն, ո՞ւր գացին, ո՞ւր կորսուեցան անոնք: Ամենայն հաւանականութեամբ, կոտորուեցան կամ անօթի-ծարաւ ինկան աքսորի ճամբաներուն վրայ, որովհետեւ մարդկային բնական ուժերէն վեր էր Ամասիոյ հեռաւոր շրջանէն հետիոտն...














