ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ
Ժողովուրդներու եւ ազգերու պատմութեան մէջ թագաւորներ, իշխաններ, հոգեւորականներ, մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ անհատներ իրենց կատարած դրական կամ բացասական գործերով իրենց դրոշմը ձգած են յաջորդ սերունդներուն վրայ: Նոյնպէս նաեւ մեր ազգային երեք հազար տարուան պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք թագաւորներ, իշխաններ, հոգեւորականներ, մտաւորականներ, քաղաքական եւ ազգային գործիչներ, որոնք իրենց կատարած գործերով իրենց ուրոյն տեղն ու արժէքը ունեցած են: ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան վերջին 65-ամեակին պատմական ղեկավարութեան սերնդափոփոխութեան, կուսակցութեան վերանորոգման եւ վերաթարմացման շարժումի մտաւորական ուժերու փաղանգի կարկառուն եւ եզակի դէմքերէն Սարգիս Զէյթլեան կը պատկանի այս փաղանգին:
Ան ծնած է 1930-ին, արծուաբոյն Մուսա Լերան Խըտըրպէկ գիւղը եւ զաւակն է Թովմաս եւ Նեկտար ամոլին: Մեծ մայրը` Վարդեր, Մուսա Լերան հերոսամարտին մարտիկներու կողքին կռուած էր: Հայրը` Թովմաս, հերոս սուրհանդակ պատանիներէն էր, եւ հետագային, ֆրանսական բանակի մուսալեռցիներու ջոկատին միանալով, Արարայի ճակատամարտին յաղթանակը կերտողներէն եղած էր:
1939-ին, Մուսա-Լերան ժողովուրդին հետ, իր ծնողները եւս տարագիր Լիբանան` Այնճար հայ գիւղաւանը կը հաստատուին: Սարգիս Զէյթլեան աւարտելէ ետք գիւղաւանի ազգային Յառաջ նախակրթարանը, ուսումը կը շարունակէ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին, ապա Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ: 1954-ին կը վկայուի ճեմարանի հայագիտական բաժինէն: Ճեմարանի յարկին տակ իր հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւնը կը ստանայ հայրենիքէն տարագրուած ՀՅԴ ղեկավարներէն, եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կերտած փաղանգէն` պետական, կրթական եւ ազգային-հասարակական գործիչներ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի եւ Կարօ Սասունիի շունչին տակ:
Գաղափարի նուիրեալ մարտիկ, պայքարի խրոխտ կեցուածքով, դաշնակցական գաղափարական սքանչելի տիպարով եւ դաշնակցական մտքի դրօշակիրի փայլուն դիմագիծով, հայ լեզուի ու մշակոյթի անխոնջ սպասարկու ու նուիրեալ եւ ազգային արեւելումին գաղափարաբան` ընկ. Զէյթլեան ստանձնած է ՀՅԴ մամուլի եւ այլ օրկաններու խմբագիրի պաշտօնը: 1972-ին Վիեննայի մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընտրութեամբ եւ այնուհետեւ, մինչեւ պարտականութեան վրայ իր նահատակութիւնը, ան անխափան շարունակեց իր շօշափելի մասնակցութիւնը բերել ՀՅԴ ղեկավարման գործին:
Երեսուն տարիներ առաջ, 28 մարտ 1985-ին, Պէյրութի մէջ ան առեւանգուեցաւ եւ ապա տմարդի կերպով ահաբեկման ենթարկուելով` սպաննուեցաւ:
ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր ժողովին (1963 Պէյրութ) ճամբայ ելած ՀՅ Դաշնակցութեան վերջին կէս դարու պատմութեան մէջ Սարգիս Զէյթլեան իր ուրոյն տեղն ու արժէքը ունի: Ան կը պատկանէր ՀՅԴ վերանորոգման եւ վերաթարմացման շարժումի յայտնագործման մտաւորական ուժերու փաղանգին: Տարագիր մեր կուսակցութեան պատմական ղեկավարութեան սերնդափոխութեան ժամանակ ընկ. Զէյթլեան երիտասարդական իր կորովն ու շունչը բերաւ եւ տրամադրեց այն սերունդին, որ վերցուցած էր Դաշնակցութեան պայքարին նորովի արիւն ներարկելու դրօշը: ՀՅԴ 19-րդ Ընդհանուր ժողովէն (1968 Պէյրութ) ետք սկսաւ կազմակերպական իր վերելքի շրջանը: Ուժական իր անհատականութեան շնորհիւ, կարճ ժամանակի մը միջոցին, ան յաջողեցաւ իր զգալի դրոշմը դնել Դաշնակցութեան երիտասարդացման հետամուտ այդ հանգրուանին` ազգային-քաղաքական թէ գաղափարական-կազմակերպական կարեւորագոյն իրադարձութիւններու վրայ:
Զէյթլեանի կազմակերպչական առաջին գործը ի յայտ եկաւ 1954-ին, Գահիրէ, Եգիպտոս: 1954-ին, որպէս խոստմնալից հրապարակագիր եւ հանրային դերի կոչուած գործիչ, Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեանի յանձնարարութեամբ կ՛ուղղուի Գահիրէ, ուր Գալուստեան ազգային վարժարանին մէջ հայագիտական նիւթեր կը դասաւանդէ: Միաժամանակ կը միանայ ՀՅԴ օրկան «Յուսաբեր»-ի նշանաւոր խմբագրական կազմին (Վահան Նաւասարդեան, Գաբրիէլ Լազեան, Բենիամին Թաշեան): Գալուստեան ազգային վարժարանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ընկ. Սարգիս Զէյթլեան ուսուցչական շարժում մը կը կազմակերպէ եւ կը գլխաւորէ, որպէսզի հայ վարժարանը արդի մանկավարժական հիմնական պահանջները գոհացնելու հնարաւորութիւն ունենայ: Այս շարժումը մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ, լայնածաւալ աշխատանքի հեռանկարներ կը գծէ եւ պատճառ կը հանդիսանայ, որ նիւթական միջոցները զօրաշարժի ենթարկուին` յօգուտ հայեցի դաստիարակութեան ամրացման:
1959-ին Զէյթլեան կը նշանակուի «Յուսաբեր»-ի խմբագիր` միաժամանակ ստանձնելով կուսակցական եւ կուսակցական պատասխանատու այլ աշխատանքներ: Այդ շրջանին, առաւելաբար` իր հետեւողական աշխատանքով, թափ կ՛առնէ ՀՅԴ Գահիրէի Երիտասարդաց միութիւնը. նորանոր խումբեր կը կազմուին, դաստիարակչական ամբողջական ծրագիր կը մշակուի եւ կը հիմնուի Ահարոնեան ուսանողական միութիւնը, որ իր աշխուժ գործունէութեամբ կը դառնայ գաղափարական երիտասարդութեան մը օճախը:
1957-ին Սարգիս Զէյթլեան ընտանիք կը կազմէ Ազգային Գալուստեան վարժարանի իր պաշտօնակցուհիին` գրագիտուհի Սոնա Սիմոնեանին հետ:
1963-ին ան կը հրաւիրուի Միացեալ Նահանգներ` Քալիֆորնիոյ ՀՅԴ օրկան «Ասպարէզ»-ի խմբագրութիւնը վարելու, բայց կը մերժէ առաջարկը ու կը փոխադրուի Լիբանան` Այնճար հայ գիւղաւանը եւ կը ստանձնէ Ազգային Յառաջ միջնակարգ վարժարանին տնօրէնութիւնը, զոր կը վերածէ երկրորդական վարժարանի եւ զայն կ’օժտէ գիշերօթիկներու յատուկ բաժինով մը: Կը կազմակերպէ նաեւ Շրջանաւարտից միութիւնը, որ կը դառնայ գործօն: Միաժամանակ կը ստանձնէ գիւղաւանի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցչութիւնը` մինչեւ 1965 եւ այդ ընթացքին կը կարգաւորէ տեղական-հասարակական հարցեր, հողային կալուածներու արդար վերաբաշխում: Աւելի՛ն. իր նախաձեռնութեամբ կը պատրաստուին գիւղաւանի տնտեսական եւ յառաջդիմութեան նպաստող ծրագիրներ, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն հայ եւ օտար շրջանակներուն մօտ:
1965-ին Զէյթլեան կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը ստանձնէ ՀՅԴ Լիբանանի օրկան «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիրի պաշտօնը: Ասոր առընթեր, ան Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ կը դասաւանդէ հայագիտական նիւթեր եւ կը վարէ կուսակցական կարեւոր գործեր:
1968-էն մինչեւ իր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընտրութիւնը (1972-ին), նախ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ կ՛ընտրուի եւ ապա ներկայացուցիչի պաշտօնը կը ստանձնէ: Այդ շրջանին երկու հիմնական ուղղութեամբ կը գործէ: Առաջին հերթին` ներքին կուսակցական վերափոխման, կազմակերպական եւ գաղափարական դաստիարակութեան աշխատանքներու մարզերէն ներս, եւ երկրորդ` լիբանանեան համայնքային նուրբ հաւասարակշռութեան մէջ հայ համայնքի քաղաքական իրաւունքներու ապահովման մարզին մէջ:
Այսպէս, ան կը նախաձեռնէ վիճակագրական տուեալներու հաւաքման եւ կարգաւորման` Դաշնակցութեան թիւին, զանազան շրջաններու մէջ բաշխումին եւ կուսակցական անդամատուրքերու դրութեան մասին յստակ պատկերացում ունենալու համար: Միաժամանակ անզիջող պայքար կը մղէ ներքին բարոյական ապականութեան դէմ եւ կուսակցութեան նիւթականին վերաբերեալ հարցերուն մէջ մանրակրկիտ հաշուետուութիւնը պարտադիր կը դարձնէ: Շատ խիստ կը գտնուի ամէն տեսակի պատեհապաշտներու եւ կաշառակերներու հանդէպ:
1969-ին ան կը հրաւիրուի Բիւրոյի օրկան «Դրօշակ»-ի խմբագիրի պաշտօնին: ՀՅ Դաշնակցութեան համագաղութային մամուլի գաղափարական-քարոզչական աշխատանքներու կարգաւորման համար 1974-ին ձեռնարկեց եւ հետեւողական աշխատանքով եւ բծախնդրութեամբ նախանձախնդիր եղաւ ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի կազմութեան: Կազմեց Դաշնակցութեան մամուլի գիտաշխատանոցը, որուն նպատակն էր բովանդակալից յօդուածներ պատրաստել` հիմնուած կուսակցութեան պատմութեան, ընկերային ու բարոյական ըմբռնումներուն, գաղափարաբանութեան (ծրագրին), Ընդհանուր ժողովներու որոշումներուն, ինչպէս նաեւ ազգային թէ՛ միջազգային քաղաքական անցուդարձերու ուսումնասիրութեան եւ մեկնաբանութեան վրայ:
Ան բծախնդիր էր ո՛չ միայն Դաշնակցութեան մամուլի բովանդակութեան, այլեւ` լեզուի ճշգրտութեան: Իսկ իր բնորոշումով, Մամլոյ դիւանի յօդուածներուն յատկանիշները պիտի ըլլային, ի միջի այլոց, գաղափարական պարկեշտութիւն եւ ճշմարտութիւն, դրական ոգիի ցոլացում, չափաւորութիւն, միակողմանիութենէ եւ հատուածական մտայնութենէ խուսափում, ինչպէս նաեւ` միասնական նկարագիր: Այս գիտաշխատանոցը պիտի ծառայէր նաեւ կուսակցական մամուլի խմբագիրներու պատրաստութեան:
1972-ին, իբրեւ Բիւրոյի անդամ, կ՛այցելէ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հիւսիսային, Հարաւային Ամերիկայի ու Քանատայի հայաշատ գաղութները, ուր կուսակցական կառոյցներու ամրապնդման, կազմակերպական, ազգային եւ կուսակցական դաստիարակութեան ծաւալուն աշխատանք կը կատարէ: Ամէն տեղ, եւ յարմար բոլոր առիթներով, քարոզչական հետեւողական աշխատանք կը կատարէ Հայ դատի համազգային հետապնդման համար նպաստաւոր մթնոլորտ ստեղծելու եւ զգուշանալու այլ պետութիւններու կամ խմբաւորումներու հաշուոյն օգտագործուելէ:
Հաւաքական ուժի կռուաններու ամրապնդման առաջադրանքով Զէյթլեան իր նպաստը կը բերէ գաղութներուն մէջ Հայ դատի գրասենեակներու ստեղծման, քաղաքական եւ գաղափարական արեւելումի ճշդման եւ գործունէութեան ծրագրի աշխատանքներու պատրաստութեան: Շնորհիւ Հայ դատի գրասենեակներուն` կարելի դարձաւ Հայ դատի ծանօթացման ծաւալուն աշխատանք կատարել եւ քաղաքական ազդեցիկ շրջանակներու դիրքորոշումներուն վրայ ազդել, հայութեան արդար դատին ի նպաստ հանրային կարծիք ստեղծել եւ հայանպաստ որոշումներու կայացման համար ճամբայ հարթել:
1978-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն վայրագ օրերուն, երբ տիրող անիշխանական պայմաններուն բերումով, օտար երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւններ անսանձ կը գործէին եւ յատկապէս մամուլի գործիչներ իրենց խօսքի ազատութեան համար կը սպաննուէին կամ կ՛առեւանգուէին, այդ անապահով պայմաններուն մէջ Զէյթլեան կը կոչուի Բիւրոյի օրկան «Դրօշակ»-ի խմբագրապետի պաշտօնին` միաժամանակ ստանձնելով կուսակցական մամուլի ընդհանուր պատասխանատուութիւնը եւ այլ կուսակցական պարտականութիւններ` կազմակերպական եւ քարոզչական մարզերու մէջ: Այս պարտականութիւններու կարգին իր ներդրումը կը բերէ ՀՅԴ ծրագրի վերամշակման աշխատանքին (21 եւ 22-րդ Ընդհանուր ժողովներ):
Ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարական ուղղութեան առանցքը կազմած են հայ ազգային քաղաքականութեան ռազմավարական արեւելումի ու համահայկական ընդհանրական տեսլականի մը որոնումը: Անկախ պետականութեան կերտման եւ ազգային ինքնուրոյն գոյութեան գաղափարաբանութեան դրօշակակրութիւնը, ժողովրդավարութեան, հայ ստեղծագործութեան ոգիի ազատութեան եւ ընկերային արդարութեան դաւանանքը կազմած են իր գաղափարաբանական ուղղութիւնը:
Զէյթլեան իր հրապարակագրութեան մէջ կը շեշտէր, որ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ ազգային լայն ժողովրդականութիւն վայելող կուսակցութիւն եւ, տակաւին, սփիւռքի մէջ կիսապետական գործունէութիւն վարող կուսակցութիւն, հարկ էր, որ խուսափէր Պաղ պատերազմի պայմաններուն ներքոյ այս կամ այն միջազգային խմբաւորման թեր կամ դէմ դիրքորոշուելէ: Շեշտը կը դնէր ազգային կեանքի կազմակերպման, պահպանման եւ ուռճացման վրայ, ինչպէս նաեւ` Հայ դատի հետապնդման քաղաքական միջոցներուն վրայ:
Նոյնպէս իր խմբագրականները կը շեշտեն ազգային անկախ արեւելումի անհրաժեշտութիւնը. վարքագիծ մը, որուն նպատակն ու գործելակերպը ազգային գերագոյն շահերն են եւ կ՛ընդգրկեն քաղաքական կեանքն ու ազատագրական պայքարը, ինչպէս նաեւ` գաղափարաբանական, լեզուամշակութային, գիտա-արհեստագիտական, տնտեսական եւ պատմա-փիլիսոփայական մարզերը հաւասարապէս: Իր մտասեւեռումը եղած է ինքնարժեւորումն ու ինքնահաստատումը` հայութեան անհատական թէ հաւաքական յառաջդիմութիւնը վերածելով համահայկական չափանիշով ուժի եւ կամքի:
«Հարցերուն հարցը հայ ժողովուրդի ներկայ ընդհանրական զարթօնքը, անոր նուաճած մշակութային, տնտեսական, գիտա-արհեստական որակն ու մարդուժը կազմակերպական զօրութեան եւ քաղաքական կշիռի յաւելման ի սպաս դնել է` հայ ազատագրական պայքարի ծաւալման ու արդիւնաւորման ի խնդիր», կը գրէր ան («Ազդակ», 16 մարտ 1965):
Ան կը նկատէր, որ Հայ դատի երկու գլխաւոր թշնամիները թուրքը եւ ռուսն են: Թէ՛ ցարական եւ թէ՛ խորհրդային ղեկավարները Հայ դատը իրենց քաղաքական նպատակներուն համար իբրեւ խաղաքարտ կ՛օգտագործէին. երբ Թուրքիոյ բարեկամութեան պէտք ունենային, Հայ դատի գոյութեան իրաւունքն անգամ կ՛ուրանային, իսկ եթէ փափաքելի բարեկամութիւնը զլացուէր, հայոց հողային պահանջները յառաջ կը քշէին: Այս պատճառով ալ ան դատապարտանքի խօսք ունեցած է այն «միամիտներու հանդէպ, որոնք կը հաւատային եւ կ՛ուզեն մեզի ալ հաւատացնել, թէ Հայ դատի իրաւատէրը, միակ ապաւէնն ու պաշտպանը Խորհրդային Միութիւնն է»: («Խաղաքարտը… թուրք եւ Խորհրդային «Բարեկամութեան սահմանները», «Ազդակ», 21 օգոստոս 1965):
Հայ երիտասարդութեան գաղափարական խարխափումները քննարկող յօդուածաշարքի մը մէջ օրինակներով կը հիմնաւորէ, թէ` «Միջազգային համայնավարութիւնը աւեր կը գործէ արտերկրի հայութեան եւ մասնաւորաբար սփիւռքահայ երիտասարդութեան կեանքին մէջ», հետեւաբար նաեւ` «կը սարսէ մեր ազգային գոյութեան հիմերը» («Դրօշակ», 5 սեպտեմբեր 1971):
Զէյթլեանի համար ընկերվարութիւնը ազգային ծիրին մէջ կ՛ըմբռնուի եւ միջոց է մարդկային մտքի եւ հոգիի ազատագրման եւ ընկերային արդարութեան իրագործման: Այս պատկերացումին հիման վրայ ան կը գրէ. «Յանուն ճշմարտօրէն ընկերվարական եւ գերազանցօրէն ժողովրդավարական աշխարհի մը կերտումին, ազատ մարդու եւ ազատ ընկերութեան նուաճումին, աշխարհ մը, ուր բազմակուսակցական կենսունակ ու առողջ դրութեան մը ծիրին մէջ միայն տիրական ու անվիճելին կը հանդիսանայ ժողովրդային զանգուածներու գերիշխան կամքը, ընկերային համապատասխան կառոյցներու պատուանդանին վրայ» («Դրօշակ», 20 յունուար 1980):
Զէյթլեան Բիւրոյի օրկան «Դրօշակ»-ի խմբագրականներուն մէջ խորհրդային պոլշեւիկեան ռազմապետական բռնակալութեան եւ Հայաստանի օտար տիրապետութեան պարտադրանքներուն դէմ մինչեւ իր առեւանգումը անզիջող պայքարող մը եղաւ` խորհրդային իշխանութեան սփիւռքը ապաքաղաքացնելու եւ երկփեղկելու քաղաքականութեան նկատմամբ:
Դաշնակցական մամուլի օրկաններուն մէջ` «Յուսաբեր» , «Ազդակ», «Բագին» եւ յատկապէս «Դրօշակ», հրատարակուած խմբագրի ինքնուրոյն իր գրիչին, մտաւորական գործիչին եւ կազմակերպական ղեկավարին, Դաշնակցութեան գաղափարին ու խօսքին մարտունակ դրօշակրի ու յանձնառուին պատկանող խմբագրականներէն եւ յօդուածներէն առնուած մէջբերումներ են ներկայացուածները:
Իր առեւանգման եւ եղերաբախտ նահատակութեան 30-րդ ամեակին առիթով կը խոնարհինք Սարգիս Զէյթլեանի անմեռ յիշատակին առջեւ եւ կ՛ուխտենք շարունակել իր գծած ուղին` ՀՅ Դաշնակցութեան աւանդներուն, Դաշնակցութեան սկզբունքներուն ու գաղափարաբանութեան եւ ազգային տեսլակէտէն:
Սարգիս Զէյթլեան, եւ յատկապէ՛ս դաշնակցական նահատակի իր վախճանով, ան գերագոյն արժէք դաւանեցաւ եւ անձնական օրինակով միս ու ոսկոր տուաւ գաղափարական մարտունակութեան, որ կը թելադրուէր ո՛չ միայն կուսակցականի յանձնառու նկարագրին, այլեւ մանաւանդ` հայ քաղաքական մտքի կենսունակութեան ու բիւրեղացման ծառայելու կոչումէն: