Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Ոսկրափտութիւնը եւ «Տի» կենսանիւթը», զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան:
Առողջապահական յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, որ ոսկրափտութիւնը լուրջ հիւանդութիւն մըն է, որուն պատճառով ոսկորը կը բարակնայ ու կը դառնայ աւելի փխրուն եւ դիւրաբեկ` տարիքի յառաջացման, ինչպէս նաեւ դաշտանադադարի, քալսիոմի եւ «Տի» կենսանիւթի անբաւարարութեան իբրեւ հետեւանք:
Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ ի՛նչ է ոսկորը եւ անոր կապը ընդհանուր մարմնի համակարգի եւ նիւթափոխանակման հետ:
Ան նշեց տարբեր բաղադրիչները, որոնք կը կազմեն ոսկորը, ինչպէս նաեւ ոսկորի կազմութիւնը:
Որո՞նք են այն ազդակները, որոնք կը նուազեցնեն քալսիոմի փոխադրութիւնը ոսկորէն դէպի արիւն. 1) Քալսիթոնին 2) Էսթրոժեն:
Այն ազդակները, որոնք կը բարձրացնեն քալսիոմի եւ այլ հանքային աղերու փոխադրութիւնը ոսկորէն դէպի արիւն, – 1) Վահանագեղձի հորմոն, 2) Կլուքոքորթիքոյտ (քորթիզոնի նման նիւթեր):
Զանազան ազդակներ, որոնք կը նպաստեն ոսկորի կազմութեան. աճման հորմոն, «Տի» կենսանիւթը, էնսիւլին, էսթրոժեն (կնոջական հորմոն), թեսթոսթերոն (այրերու հորմոն): Իսկ կլուքոքորթիքոյտը կը նուազեցնէ ոսկորին կազմութիւնը:
Ոսկրափտութիւնը լուռ հիւանդութիւն մըն է, աննշան կերպով կը սկսի: Առաջին ախտանշանները կոտրուածքներ են. կոնքի կոտրուածք, ողնաշարի եւ դաստակի:
Կիներուն 50 առ հարիւրը 50 տարեկանէն վեր կը տառապի ոսկրափտութենէ, ինչպէս նաեւ 2 կիներէն մէկը, կամ չորս այրերէն մէկը կը տառապին ոսկրափտութենէ:
Յաջորդ բաժինով տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան խօսեցաւ քալսիոմի (կիր) եւ ոսկրափտութեան մասին: Երբ իբրեւ սնունդի արդիւնք բաւարար քալսիոմ չենք ստանար, մարմնի քալսիոմի անբաւարարութիւնը պիտի ամբողջացուի ոսկորներու մէջի պահեստով:
Քալսիոմին պարտականութիւնները.
– սրտի զարկերը կը կանոնաւորէ,
– մկանները կը հանգստացնէ,
– կը նպաստէ տարբեր էնզայմներու աշխատանքին,
– կը նպաստէ կայունացնելու արեան գերճնշումը:
Քալսիոմը կը գտնուի զանազան ուտելիքներու մէջ, ինչպէս` մածունի, սարտինի, կաթի, պանիրի, պրոքոլիի եւ այլ ճաշերու մէջ:
Վերջին բաժինով տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան խօսեցաւ նաեւ «Տի» կենսանիւթին մասին:
«Տի» կենսանիւթը կենսական է մարդու մարմնին համար: Անիկա կը նպաստէ քալսիոմի ներածման աղիքներուն մէջ:
«Տի» կենսանիւթը կ՛օգնէ կանխարգիլելու տարբեր հիւանդութիւններ, ինչպէս` սրտանօթային, շաքարախտի, քաղցկեղի:
«Տի» կենսանիւթը կը գտնուի տարբեր ձուկերու մէջ, յատկապէս սալմոնի, ինչպէս նաեւ սունկի, թունայի, լեարդի, ձկան իւղի եւ հաւկիթի մէջ:
Կան զանազան ազդակներ, որոնք կը պատճառեն «Տի» կենսանիւթի անբաւարարութեան, ինչպէս` կենսոլորտի ապականումը, գիրութիւնը, մարմնի թուխ մաշկը, յառաջացած տարիքը, կարգ մը դեղամիջոցները:
Որո՞նք են «Տի» կենսանիւթի անբաւարարութեան ախտանշանները.
– մկաններու եւ յօդային ցաւեր,
– ընդհանուր յոգնածութիւն,
– կոտրուածքներ,
– զանազան վարակիչ հիւանդութիւններ:
Դասախօսը ներկայացուց շարք մը վիճակներ, ուր «Տի» կենսանիւթը հիմնական դեր ունի կանխարգիլելու, դարմանելու հիւանդութիւնները, ինչպէս` գերճնշուածութեան, յօդացաւերու պարագային, փոքր տարիքի շաքարախտի: «Տի» կենսանիւթը նաեւ կը նպաստէ կշիռքի նուազեցման:
Աւարտին տոքթ. Այնթապլեան զանազան բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: