Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Աշխատանքներէն

March 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտական շարքերը 2014  դեկտեմբեր եւ 2015 յունուար ու փետրուար ամիսներուն, հերթական սկաուտական գործունէութիւններուն եւ ժողովներուն, ինչպէս նաեւ շրջանային աշխատանքներուն կողքին կատարեցին հետեւեալ աշխատանքները:

– 7 դեկտեմբեր 2014-ին Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած «Խմբապետական Բ. զարգացման մրցում»-ին մասնաճիւղի խմբապետական կազմը գրաւեց առաջին դիրքը:

– 13-14 դեկտեմբեր 2014. արի եւ արենուշ խումբերու աստիճանաւորական կազմերու դաստիարակչական սեմինար, Ժունիէի ակումբին մէջ:

– 21 դեկտեմբեր 2014. երէց եւ պարմանուհի փաղանգներու մարզումի դասընթացք Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժտէյտի մասնաճիւղերու անդամներուն մասնակցութեամբ, «Աղբալեան -ՀՄԸՄ»  մարզամշակութային համալիրին մէջ:

3-30-15_83-30-15_7– 6-7 յունուար 2015-ին մասնաճիւղի վարչութիւնը, Սկ. խորհուրդն ու խմբապետութիւնը ներկայացնող զոյգ պատուիրակութիւններ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի շնորհաւորական այցելութիւններ տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին:

– 10-11 յունուար 2015. Սկ. խորհուրդ-խմբապետութիւն երկօրեայ սեմինար` քննելու եւ վերլուծելու համար մասնաճիւղին դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները, համապատասխան լուծումներ որոնելու, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ու խմբապետութեան միամեայ ծրագիրին ու Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի վերջին ընդհանուր ժողովի որոշումներուն հիման վրայ մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն միամեայ ծրագիրը մշակելու:

3-30-15_22– 11 յունուար 2015. մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը արի-արենուշներուն համար կազմակերպած էր զարգացման մրցում, իսկ գայլիկներուն, արծուիկներուն եւ մոկլիներուն` տեսերիզի ցուցադրութիւն եւ կանչերու ուսուցում: Երկու ձեռնարկներն ալ ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ ընթացան:

–  25 յունուար 2015. գայլիկ վոհմակի խմբապետութիւնը ծնողական մտերմիկ հանդիպում մը կազմակերպեց, ուր փոխադարձ համագործակցութեան եւ աշխատանքներու քննարկում տեղի ունեցաւ վոհմակի ծնողներուն հետ:

– 31 յունուար 2015.  մասնաճիւղի գայլիկ վոհմակի եւ արծուիկ երամի անդամները մասնակցեցան երկօրեայ դաստիարակչական սեմինարի մը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ:

– 1 փետրուար 2015. մասնաճիւղի արի-արենուշ, երէց եւ պարմանուհի խմբաւորումները սկաուտավայել շարքերով իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Սարգիսի աւանդական տօնակատարութիւններուն:

– 5 փետրուար 2015. արի-արենուշ խումբերը մեկնեցան «Laser Tag»-ի, իսկ երէց փաղանգը`  «Fizz Zone»:

10923268_431640443658068_7340364153238253656_n – 8 փետրուար 2015. մասնաճիւղի երէցներն ու արենուշները Պուրճ Համուտի փողոցները մաքրելու աշխատանք տարին, մոկլիները, արծուիկներն ու գայլիկները դասախօսութիւններով, զարգացման մրցումներով ու ձեռային աշխատանքներով տօնեցին Սրբոց Վարդանանց տօնն ու Տեառնընդառաջը:

-13 փետրուար 2015. «Մե՛նք ենք տէրը մեր տօներուն ու աւանդութիւններուն» խորագիրով մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետութիւնը, ինչպէս նաեւ վարչութեան  սկաուտութեան ներկայացուցիչը նշեցին` Բարեկենդանը, Վարդանանցն ու Տեառնընդառաջը, բարձր տրամադրութեամբ ու սոյն տօներու սովորութիւններուն հաճելի գործադրութեամբ:

– 15 փետրուար 2015. մասնաճիւղի գայլիկները, արծուիկները, մոկլիներն ու պարմանուհիները Բարեկենդան տօնեցին:

19-22 փետրուար 2015. մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդը փետրուար ամսուան ընթացքին սկաուտական շարքերուն մէջ կազմակերպած էր  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած գծագրութեան մրցում, որուն մասնակիցներուն եւ առաջին հանդիսացողին պարգեւատրումը  տեղի ունեցաւ սկաուտական գործունէութեան աւարտին:

21-28 փետրուար 2015. մտերմիկ ու հարազատ մթնոլորտի մէջ, ինչպէս նաեւ սկաուտական ձեռային աշխատանքներու եւ զարդարանքներու գունաւորումով գինիի եւ պանիրի երեկոյ` Ս. Քառասնից Մանկանց «Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ:

Նախորդը

Ձիւնագնացութիւն Եւ Զմմառու Վանքի Այցելութիւն

Յաջորդը

Եոզկատցի՞ Էք…

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.