Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ժողովուրդի Հզօր Կամքով Եւ Միասնականութեամբ Պիտի Յաղթանակէ

Մարտ 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ-ԱՍՄԻՆԵԱՆ

Ուսուցիչ-ուսուցչուհիները շաբաթ օրերը ազատ կ՛ըլլան եւ առիթ կ՛ունենան իրենց կարեւոր գործերը ընելու եւ այցելութիւններ կատարելու:

Իմ ալ հանգիստի օրս էր եւ բարեկամի մը պէտք էր հանդիպէի: Ուղղուած վայրս մօտ էր եւ շտապելու պատճառ ալ չկար. նախընտրեցի քալել զով օդին:

Ճանապարհին դիմացէն բարեկամի մը մօտենալը նկատեցի, բարեւելէ եւ քանի մը վայրկեան զրուցելէ ետք տիրող կացութեան շուրջ` բաժնուեցանք:

Շարունակեցի ճամբաս. մինչ զանազան մտահոգութիւններ կ՛անհանգստացնէր զիս, իսկոյն նկատեցի երեք երեխաներ, մեծը երեւի հազիւ ինը տարեկան էր, իսկ միւսները` աւելի փոքր, իրենց ձեռքին փոքրիկ կապոց մը արագ քայլերով կը շտապէին գործի` վարժարան յաճախելու փոխարէն:

Ցաւալի ճակատագիր… ի հարկէ պատերազմն էր, որ խանգարած էր անոնց բնականոն կեանքը. քաղաքակրթութիւնը կը զարգանայ, իսկ մարդ արարածը աւելի վայրենի կը դառնայ: Պէտք է ամէն գնով պաշտպանել իրաւազրկուած փոքրիկներու եւ պատանիներու իրաւունքը… Սակայն դժուար հարց է:

Յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց սիւնի մը վրայ զետեղուած ծանուցումը (յաճախ հանդիպած ենք այսպիսի ծանուցումներու, կորսուած է շուն կամ կատու մը): Կորսուած էր նրբիկ կատու մը եւ նկարագրուած էր, թէ ձագուկ է, ունի կարճ պոչիկ… եւ արձանագրուած` հեռախօսի թիւի մը: Բարեխիղճ տէրը իր սիրելի փոքրիկ անասունը կը փնտռէր:

Պահ մը ընդվզեցայ…

Լաւատեղեակ ենք, թէ Եւրոպայի մէջ անասունը ի՛նչ արժէք ունի…

Սակայն նոյնինքն Եւրոպան 1915-ին մնաց անտարբեր եւ լուռ դիտողի դերին մէջ, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը` ձերբազատուելու համար Հայկական հարցէն, գործադրեց հայ ժողովուրդը արմատախիլ ընելով աշխարհի երեսէն անհետացնելու իր անմարդկային ծրագիրը: Ժողովուրդ մը ամբողջ տեղահան կ՛ըլլար եւ միլիոն ու կէս կը ջարդուէր, սակայն հայուն ոչ ոք ձեռք մեկնեց. հայը առանձին մնաց իր ահ ու դողին մէջ եւ բռնի ուժով դուրս դրուեցաւ իր սուրբ հողէն` հայրենիքէն:

Այսօր ալ ոչ միայն Եւրոպան, այլ ամբողջ աշխարհը ականատես է եւ լուռ դիտողի դերին մէջ է` մեր օրերուն կատարուող մարդկային անարդարութիւններու դէմ (ինչպէս` սպանդ, ջարդ, տեղահանութիւն, արուեստի գործերու կործանում…):

Սկսայ Աստուծոյ դիմելով` խօսիլ. «Այս ի՛նչ դաժան օրերու մէջ ենք, Տէր Աստուած, քու ստեղծած մարդդ դարձած է անարժէք, իսկ չարհոգի մարդիկ գազանի շապիկ կրած` պաղսրտութեամբ ու արհամարհանքով, հանգիստ, կը սպաննեն իրենց նմանը` մարդը:

Կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջան մը, ուր կան անպատասխանատու եւ ոճրագործ ծնողներ, որոնք այնքան կը չարչարեն իրենց զաւակները, որ վերջիններուն համար ապրիլը անիմաստ կը դառնայ, անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ կրնան դրամի փոխարէն` վաճառել այդ անմեղ հոգիները…

ԶԷՆՔԸ բոլորին ձեռքը դարձած է խաղալիք:

Ամենակարող եւ բարիքի աղբիւր Աստուած, Ձեզի կը դիմեմ` իբրեւ մեր փրկիչին ու բոլորին պահապան հօրը:

Գիտակից ենք, թէ ան, որ Աստուած կը մերժէ, մեղքեր կը գործէ:

Ուստի անընդունելի եւ մերժելի կը գտնենք մարդու կողմէ մարդու շահագործումը, նուաստացումը, իրաւազրկումը եւ զէնքի ու բռնի ուժով ոչնչացումը:

Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն կ՛ուզենք համայն աշխարհին: Մանաւանդ չեն ընդունիր երբեք, երբ կը խլուի մանկան կապոյտ երկնքի տակ երջանիկ, ուրախ ու ազատ ապրելու իրաւունքը:

Մենք` հայերս, լաւ գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մանկութիւն չունեցող մարդիկ:

Հեքիաթները ստեղծուած են երեխաներուն համար եւ մեծերն են, որ փոքրերուն պիտի պատմեն, իսկ ես երբ պատանի էի (12-13 տարեկան), Ղ. Աղայեանի եւ Յ. Թումանեանի մանկական հեքիաթները ինքս կը պատմէի մեծ մօրս, անշուշտ` ոչ հայերէնով, որովհետեւ թրքախօս էր. հիացած ու զարմացած` մտիկ կ՛ընէր եւ կը հրճուէր երեխայի պէս:

Երբ խելահաս դարձայ, արդէն իսկ կեանքէն հեռացած էին մեծ հայրս ու մեծ մայրս, եւ անդրադարձայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ անհատի մը կեանքէն խլել մանկութիւնը եւ մանկական աշխարհը պղտորելն ու թունաւորելը: Կամ թէ, մեծ հօրս պարագային,  գերդաստան մը ամբողջ ոչնչացած տեսնել եւ կեանքի մէջ առանձին մնալ:

Փոքր տարիքէս լսած եմ մեծ հօրս` Եղեռնի մասին պատմածները եւ լաւ ըմբռնած եմ, թէ` «ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԸ ողջ հայութեան սրտին մխրճուած դաշոյնի հարուած մըն էր»: Իմ մեծ մօրս պէս շատեր զրկուեցան իրենց երազային աշխարհ մանկութենէն, երբ 1915 թ.ին վայրագ թուրքերու կողմէ բռնի տեղահանուեցան իրենց հայրենի հողէն, տունէն ու հայրենիքէն:

Անոնցմէ մանկութիւնը խլողները վայրագ մարդասպաններ էին, որոնց հոգիին մէջ կը պակսէր բարիին հանդէպ սէրն ու մարդկային գիծերը, որոնք կը նախընտրէին` անբնականոն կեանք, ջարդ, սպանդ ու կոտորած: Այսօր ալ կան այդպիսի անմարդկային ու գազանային ուղեղով մարդոց խմբակներ:

ՄԵՆՔ հաւատացած ենք, որ օր մը արդարութիւնը պիտի  յաղթէ եւ ոչ մէկ ուժ մեր պայքարի ու աշխատանքի թափն ու յառաջընթացը պիտի կրնայ կասեցնել: Մեր նպատակին կը հասնինք հզօր կամքով, սուր պայքարով եւ միասնականութեամբ: Բոլորս ձեռք ձեռքի տալով եւ մեր ջանքերով է, որ պիտի յաղթանակենք:

Մեծ եղեռնի 100-ամեակն է. ուստի հայրենիք, սփիւռք միակամ` ցոյց տանք ողջ աշխարհին, որ հայը եղեր է, կայ ու պիտի մնայ:

«Ծնած ենք հայ, կը մնանք հայ. կեանքի գնով գիտենք պաշտպանել հաւատք, մայրենի լեզու եւ սուրբ հայրենիք»:

 

 

Նախորդը

Հայ Յեղափոխութեան Գաղափարի Սերմնացանները

Յաջորդը

Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման 30-Ամեակ

RelatedPosts

Ժամանակակից Հեքիաթ` Մեծերու Համար
Անդրադարձ

Ի՛մս Է Ճեմարանը

Յունիս 11, 2025
Մայիսեան Յաղթանակի Հպարտութեամբ, ՀՄԸՄ-ականի Խրոխտ Կեցուածքով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայաստանի Անկախութիւնը
Անդրադարձ

ՀՄԸՄ-ը` Վստահելի, Հարազատ Ու Ապահով Բոյն, Հայեցի Դաստիարակութեան Դարբնոց Եւ Հայապահպանման Ամրոց*

Յունիս 11, 2025
Մայիսեան Յաղթանակի Հպարտութեամբ, ՀՄԸՄ-ականի Խրոխտ Կեցուածքով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայաստանի Անկախութիւնը
Անդրադարձ

Կ՛երդնունք Շարունակել Ծառայել Ազգին Ու Հայրենիքին, Շարունակել Մեր Սրբազան Պայքարը*

Յունիս 11, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?