Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջարկ. Որպէսզի Չմոռցուի Մեր Պատմութիւնը

Մարտ 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Մեծ եղեռնի հարիւրամեակին առթիւ` սակայն ո՛չ միայն անոր կ՛առնչուի այս առաջարկս: Ինչի՞ մասին է խօսքը:

Հայերէն ունինք բառ մը, որ շատ լաւ կ՛արտայայտէ վաւերաթուղթեր, այլազան նիւթեր պահելու տեղը` պահոց, որ յաճախ մոռացութեան կը մատնուի ու կը փոխարինուի օտարամուտ արխիւ բառով: Այո՛, պահոց, ու այս պարագային յատկապէս` յիշողութեան պահոց:

Նախորդ յօդուածով կ՛առաջարկէի ստեղծել այդ պահոցը հարիւրամեակի առթիւ կատարուող նախաձեռնութիւններուն կապակցաբար: Ստեղծել ու մատչելի դարձնել բոլորիս:

Բայց այս դժխեմ տարելիցը պիտի չսահմանափակուի մեր ոգեկոչական ձեռնարկներով ու մասամբ նորին: Անոնց կողքին կան երկու կարեւոր մարզեր, որոնք պէտք է պահոց մտնեն, պահոցագրուին կամ «արխիւագրուին»:

Առաջինը այն արձագանգն է, որ այս համամարդկային առումով կարեւոր եղելութիւնը կը յառաջացնէ ամէնուրեք: Դրական ու բացասական առումով: Բազմաթիւ անդրադարձներ կը կատարուին, յօդուածներ կը գրուին, դասախօսութիւններ կը տրուին անուանի մտաւորականներու, հրապարակագիրներու ու քաղաքական դէմքերու կողմէ` հայ թէ օտար, ներառեալ թուրք: Այս բոլորը տեղ մը կը հաւաքուի՞ն, կը դասաւորուի՞ն ու կը պահուի՞ն: Բազմաթիւ գիրքեր լոյս կը տեսնեն  հայերէն, բայց մանաւանդ այլ լեզուներով, յուշագրութիւններ ըլլան անոնք թէ վերլուծումներ. ո՞վ կը հետեւի ու կը ցանկագրէ, կը պահէ զանոնք: Թերեւս ատիկա կը կատարուի Ցեղասպանութեան թանգարանին կողմէ, կամ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակին կողմէ, սակայն գէթ այս տողերը գրողը տեղեակ չէ: Իսկ ինչ որ ասկէ առաջ լոյս տեսած է, տարիներէ ի վեր, աշխարհի մամուլին մէջ` հայութեան, հայ մշակոյթին, Հայ դատին ու մեր գաղթօճախներու կեանքին մասին, տեղ մը կրնա՞նք գտնել: Հայաստանի Ազգային գրադարանը նման պահոց ունի՞: Հայ դատի գրասենեակը կամ գրասենեակնե՞րը:

Երկրորդը թրքական արձագանգն է: Ոչ միայն այն վայնասունը, որ կը փրթի, այլ բոլոր քաղաքական ու այլ յարաբերութիւնները, ճնշումները, դաւերն ու խաղերը, որոնցմով թշնամին կը ջանայ հակազդել մեր աշխատանքներուն ու ճիգերուն: Այս բոլորն ալ տեղ մը կ՛արձանագրուի՞ն հայեւթուրք հետագայ յարաբերութիւններուն որպէս հիմք ծառայելու համար…

Սակայն, ինչպէս ըսի, այս առաջարկը չի վերաբերիր միայն հարիւրամեակին: Մեր հաւաքական թէ անհատական կեանքին ընթացքը արձանագրելը կարեւոր է մեր պատմութեան համար: Հայո՛ց պատմութեան: Ո՞ւր է նստած մեր նորօրեայ Մովսէս Խորենացին եւ ո՞ւր կ՛արձանագրէ ան հայաշխարհի իրադարձութիւնները, ժամ առ ժամ:

Եթէ քիչ թէ շատ հետեւողականօրէն գրի առնուած է մեր պատմութիւնը 1918-էն ասդին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, թէկուզ բացթողումներով ու խեղաթիւրումներով խորհրդային 70 տարիներուն ամբողջ ընթացքին, սփիւռքի պատմութիւնը չէ գրուած: Ի՜նչ հերոսական պատմութիւն է ան` վերապրումի, զարթօնքի ու ինքնահաստատման: Իր լուսաւոր թէ մութ էջերով: Իր հերոսներով ու դաւաճաններով: Նաեւ` նահատակներով: Ու տաղանդաւոր դէմքերով, որոնք որեւէ հաւաքականութեան հպարտութիւնը կրնան հանդիսանալ գիտութեան, արուեստներու թէ այլ մարզերէ ներս:

Այդ պատմութիւնը մասամբ կը գտնուի մեր մամուլին մէջ, մասամբ` մեր հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու պահոցներուն մէջ, մասամբ ալ` հաւանաբար գործող անձերու անձնական դարակներուն մէջ, եւ Աստուած գիտէ` ինչպէ՛ս պահուած են անոնք, կամ ո՞ւր… Կամ` պահուա՞ծ են միթէ:

Այս առաջարկս ահա ճիշտ այս հարցին կը վերաբերի:

Որո՞ւ ուսերուն պիտի ծանրանայ այս գործը: Անկասկած, առաջին հերթին, մեր կեդրոնական մարմիններուն եւ հայրենի պետութեան: Բայց նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին` եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ, խմբագրատուներ, միութիւններ ու կուսակցութիւններ, նոյնիսկ անհատներ, որոնք իրենց յուշերը գրի առնելով կրնան նպաստել պատմութեան բացայայտման:

Ատենն է, որ գիտակցինք, թէ պարտաւորութիւն մը ունինք մենք` այսօր ապրողներս, վաղուան սերունդներուն նկատմամբ: Պարտաւորութիւն` անոնց յստակօրէն փոխանցելու իրենց նախորդներուն անցած ուղին: Ծանօթացնելու իրենց արմատները: Իսկ ինքնաճանաչումը արդէն առաջին պատուարն է ձուլման դէմ:

Ուրեմն, հարիւրամեակին թէ անկէ անդին, ահա թէ ի՛նչ կարեւոր աշխատանք մը կը բացուի մեր առջեւ: Պիտի գիտնա՞նք ըստ արժանւոյն կատարել զայն:

 

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ. Այս Երգը Իմս Է

Յաջորդը

Հարցազրոյց Հայ Գրականութեան Թուայնացման Ծրագրի Համահեղինակ Մերուժան Կարապետեանի Հետ

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?