Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմենակ Եւ «Ճիճիշ»

March 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

zzzzzzzzz-500x264ՄԱԿԱՐ, ի Գաղիա

Գարուն է: Օրացոյցի պարզ գրուած օրերուն մէջ կան նաեւ կարմիրներ: Կարմիր նշուած կիրակի մը Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը կը տօնենք` բարեկամներով, շարայական կերուխումով, փաստելու համար, որ մարդ ոչ միայն բանիւ Տեառն կ՛ապրի, այլ նաեւ` հացիւ, խորովածով, օղիով, անուշապուրով: Միութիւններ ճաշկերոյթ կը կազմակերպեն… հասոյթի համար: Վարժուած ենք:

Զատիկէն ետք կարմիրով գրուած թուականը ապրիլ 24-ն է: Ամէն հայ այդ մասին կը խօսի, չխօսի ալ` կրծքանշան մը կը կրէ:

Արմենակ միշտ ըսելիք ունի, գաղտնի սպասարկութեան տեղեկահաւաքի բծախնդրութեամբ կը հետեւի հայ կեանքին, ամպագորգոռ ճառերուն, միւսներուն: Լսողի պէտք ունի: Խօսափող չունի, գիտէ, որ գէթ Էլպիսը, Մակարուհին եւ ես կը լսենք զինք:

Կիրակի կէսօրէ ետք Էլպիսին հետ եկաւ:

Հազիւ տեղաւորուած` Արմենակ սկսաւ տոպրակը պարպել:

– Այս տարի որպէս մակնիշ-պիտակ ամէն բանի վրայ կը կպցնենք 100-ԱՄԵԱԿ: Հայաստան գացող խումբերու, զբօսաշրջային, մարզական, երէցներու, նկարիչներու, գրողներու, ծիածանի գոյներով միութիւններու, մկրտութեան եւ ամուսնութեան, ճաշկերոյթներու, նախաճաշներու, պարահանդէսներու… Այժմ ամէնուն վրայ կայ 100-ԱՄԵԱԿ-ի պիտակ, ինչպէս որ շապիկներու ներսը գրուած կ՛ըլլայ Պանկլատէշ, Մաքաօ, Մարոք…

– Կը դժգոհիս, երբ բան չեն ըներ, կը դժգոհիս, երբ կ՛աշխատին:

– Անցեալ տարի ալ նոյնը ըրին, բայց 99-ամեակ չգրեցին: Հայաստան երթալ-գալը ի՛նչ կապ ունի  ամեակի հետ: Խորհրդային օրերուն ալ կ՛երթային, հիմա ալ կ՛երթան: Պարախումբի ելոյթը ինչո՞ւ 100-ամեակի պիտի ըլլայ, առաջին անգամը չէ, որ պարախումբեր ելոյթներ կ՛ունենան: Այդ ըսելով` բռնագրաւուած Հայաստա՞նը պիտի ազատագրեն, մեռելնե՞րը պիտի ողջցնեն:

Փորձեցի կարծիքները ամփոփել:

– Արմենա՛կ, գիտես, այդպէս ժողովուրդը արթուն կը պահեն:

– Ո՛չ, Մակա՛ր, այդպէս չէ, իրենց կարեւորութիւնը ցոյց տալու համար բաներ մը կ՛ընեն, թանին ջուրը կ՛աւելցնեն, այնքան որ թանին մէջ մածունին համը կորսուի: Թերթի մը մէջ յաջորդ օրն իսկ մոռցուելիք լուսանկարին համար հոգի կու տան, այդ ալ կը կոչեն` 100-ամեակի առիթով…

– Այդ կ՛ընեն, որպէսզի չմոռցուինք:

– Ո՛չ, Մակա՛ր, այդ կ՛ընեն, որպէսզի իրենց անձերը չմոռցուին: Չեն վարանիր ուրիշի գրած լատինատառ հայերէնը կարդալ բեմերէ, իրարու ձեռքէ խօսափող կը փախցնեն, օտարի մը երկու խօսքը լսելու համար կարմիր գորգ կը փռեն:

– Եթէ այդ ալ չընեն…

– Իմաստունի շապիկ հագած` կ՛ըսեն «պատմական Հայաստան», եւ կը զարմանա՞նք, երբ բազմագոյն մտաւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ, ներառեալ թուրքեր, մեզ կը մխիթարեն Ցեղասպանութեան ճանաչում հոլովելով, առանց հայոց հայրենիքի ամբողջացման մասին բառ մը իսկ ըսելու:

Արմենակ դեռ կրնար խօսիլ, եթէ Էլպիս եւ Մակարուհի սուրճը չբերէին, Սուրիայէն ստացուած թերթանուշով: Արմենակ լակոնական ձեւով եզրակացուց.

– Շրթներու ծառայութեամբ մեզ մխիթարողները մեզի՞ կը ծառայեն, թէ՞ բան չնշանակող խօսքերով մեզ կը ծառայեցնեն իրենց շահերուն: Մարշէ տէ տիւփ, կ՛ըսէ ֆրանսացին… Փառատենչիկներ կամ խաբուած միամիտներ…

– Արմենա՛կ, 100-ամեակը նորոյթ է, մայրերը տօնական օրերուն նոր հագուստ կը գնէին իրենց սիրասուններուն, կ՛ըսէին` «ճիճիշ»…

 

27 մարտ 2015

Նախորդը

Եոզկատցի՞ Էք…

Յաջորդը

Հայ Յեղափոխութեան Գաղափարի Սերմնացանները

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.