ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Շաբաթ երեկոյեան, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ, մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը ապրեցաւ մշակութային վայելքի եւ հպարտանքի եզակի պահ մը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` ընկերակցութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի սենեկային նուագախումբին, Կոմիտասի եւ միջազգային երաժիշտներու ստեղծագործութիւններու բարձրորակ կատարումներով արժանացաւ ներկաներու որոտընդոստ ծափահարութիւններուն եւ բարձր գնահատանքին: Երաժշտական մեծ բարձունքներ նուաճելու կարողականութեամբ եւ տաղանդով օժտուած երգչուհին վստահաբար յառաջիկային շատ խօսեցնել պիտի տայ իր մասին եւ այդ բոլորին մէջ, իր կողքին, արժեւորուած պիտի ըլլայ ու հարստանայ նաեւ լիբանանահայ մշակոյթը:
Այս ձեռնարկը սակայն, անկախ իր արձանագրած մեծ յաջողութենէն, խորիմաստ պատգամներ եւ վկայութիւններ պարփակող արտայայտութիւն եւ առիթ մըն էր, որոնք կ՛արժէ լուսարձակի տակ բերել:
Շողիկ Թորոսեան Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի շրջանաւարտ է: Սենեկային նուագախումբին անդամները նոյն երաժշտանոցի շրջանաւարտ եւ ուսանող են: Հայրենի արուեստագէտներ` մայեսթրօ ջութակահար Աշոտ Ճենտերեճեանի եւ իր եղբօր` Արմէնի, ինչպէս նաեւ դաշնակահար Յասմիկ Գասպարեանի մասնակցութեամբ, հանդիսատեսը ականատես դարձաւ ինքնավստահ կատարումներու: Երաժշտանոցի տնօրէն, դասատու, շրջանաւարտ եւ ուսանող այս արուեստագէտներու հոյլին միացեալ ելոյթը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն եւ դարձաւ ոգեշնչող ու հարստացնող պահ մը: Հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտներու եւ այս պարագային լիբանանահայ մեր արուեստագէտ տղոց միացեալ կատարումը գեղեցկացուց ու լիացուց պահը եւ մթնոլորտը: Փաստօրէն շաբաթ երեկոյեան «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճը արձանագրեց հերթական նուաճում մը, որուն համար արժանի է ամէն գնահատանքի:
Այս իրողութենէն մեկնած, արժէ այս առիթով երախտապարտութեան խօսք ուղղել այն համազգայնական վաստակաշատ սերունդին, որ շուրջ 30 տարի առաջ ազնիւ գաղափարը ունեցաւ երաժշտական դասընթացքի մը հիմը դնելու, ապա անոր տուաւ կառուցային դիմագիծ եւ հասկացողութիւն, յետոյ նաեւ ի գին մեծ զոհողութիւններու, միաժամանակ յանդուգն որոշումով, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի համատարած արհաւիրքին եւ յուսաբեկման մթնոլորտին մէջ, կառուցեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը, որպէսզի երաժշտանոցը ծաղկի ու յարատեւէ եւ ներառէ նաեւ արուեստի ուսուցման այլ մարզեր: Այո՛, այդ սերունդին կը պարտինք արուեստը ժողովրդականացնելու եւ նորահաս սերունդները մեր մշակութային արժէքներով նաեւ սնուցանելու եւ կազմաւորելու շատ կարեւոր հանգամանքը: Օրին, միայն քիչերու վիճակուած էր արուեստի ճիւղի մը հետեւումը, որովհետեւ կարելիութիւնները սահմանափակ էին եւ ընտանիքի մը նիւթական բարեկեցութիւնը նախապայման էր, որպէսզի դպրոցի կողքին, աշակերտը հետեւի նաեւ արուեստի մասնագիտութեան մը: Այս երաժշտանոցի հաստատումով եւ նաեւ ընդարձակումով, ներկայիս մեծ թիւով հայ ընտանիքներու օճախներուն մէջ անպայման արուեստի ճիւղի մը հետեւող ուսանողներ կան: Ահաւասիկ այդ սերունդին կը պարտինք այս կարեւոր առիթին ստեղծումը:
Այդ սերունդի գործը կիսատ պիտի մնար, եթէ երբեք անոնց յաջորդները յաւելեալ մասնագիտական մօտեցումներով չմտածէին գեղարուեստի դպրոցներու յառաջընթացին ու ընդարձակման մասին եւ այդ դպրոցները չօժտէին ուսումնական ժամանակակից ծրագիրներով: Այդ շնորհակալ աշխատանքն ալ տարին անոնց յաջորդները, որոնք նախորդներու շուքին տակ կազմաւորուած էին եւ անոնց փորձառութենէն շատ բան ամբարած:
Ներկայ ժամանակներուն մէջ, այս գործը նաեւ ունեցաւ իր բնական հասունացումը: Հայաստան – սփիւռք մշակութային կապերու սերտացման ու զարգացման ջահակիր ու ջատագով Համազգայինը, այդ յարաբերութիւններու կենսագործումը նաեւ տեսաւ այս մարզին մէջ. այլ խօսքով` արուեստի ճիւղերու դասաւանդման մէջ: Երաժշտանոցին կողմէ սկիզբը հայրենի արուեստագէտ դասատուներու հիւրընկալումը եւ ապա Հայաստանի պետական երաժշտանոցին ու հայրենի պետական այլ մշակութային կառոյցներու հետ համագործակցութիւնն ու կնքուած համաձայնագիրները, յաւելեալ մասնագիտացման հարթութեան մը վրայ դրին այս աշխատանքը:
Ահաւասիկ հետեւողականութեան եւ դէպի կատարեալին ձգտելու լաւագոյն փաստ մը: Այսօր եւս, ականատես ենք գեղարուեստի դպրոցներու յառաջընթացին համար տարուող ճիգին` քաջ գիտակցելով, որ սպասումները աւելցած են եւ մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները շատ են: Սակայն երբ առկայ է ինքնարժեւորման մնայուն հոլովոյթ, թարմացման ճիգ եւ յաջողութեան նոր հորիզոններ նուաճելու անհրաժեշտութեան ամբողջական գիտակցութիւն, անպայման որ գործը կ՛ուռճանայ եւ կը բարգաւաճի: Փաստօրէն, այսօր «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի կողքին ստեղծուած է նաեւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնը` բազմապատկելով կարելիութիւնները եւ ընդարձակելով գործելադաշտը:
Այս բոլորը կարելի եղաւ նուաճել հաւաքական ճիգով` վարչական պատասխանատուներ, դասատուներ եւ նաեւ ծնողներ, որոնք բոլորն ալ անմասն չմնացին ձեռք բերուած նուաճումը ամրակայելու հոլովոյթին մէջ: Բոլորն ալ տուին եւ վստահ ենք, որ պիտի շարունակեն տալ իրենց կարելին: Այո՛, բոլորս հաւաքաբար կը գիտակցինք եւ խորապէս կը հաւատանք մեր մշակութային գանձարանի հարստացման ու նորահաս հայեցի եւ մշակութասէր սերունդներու կազմաւորման պատմական ճշմարտութեան ու կենսական անհրաժեշտութեան:
Այո՛, շաբաթ երեկոյեան արձանագրուած նուաճումին մէջ բոլորին տքնաջան աշխատանքն ու քրտինքը կայ: Հարկ է նկատի ունենալ այս հանգամանքը եւ երբեք մտահան չընել այն իրողութիւնը, որ մշակութային այսպիսի վայելք մը հրամցնողները` կազմակերպիչներ եւ արուեստագէտներ, որքա՛ն ժամանակ զոհած ու որքա՛ն միտք, հոգի եւ նաեւ ֆիզիքական ճիգ մաշեցուցած են:
Վարձքը կատար շաբաթ երեկոն հարստացնող բոլոր արուեստագէտներուն, եւ վստահ եմ, որ իրենք նաեւ համաձայն պիտի ըլլան, որ իրենց արձանագրած այս յաջողութեան առիթով յիշենք համազգայնական երախտաշատ անցնող սերունդը եւ մնանք երախտապարտ անոնց կատարած գործին եւ հաւատարիմ` անոնցմէ եկած հարուստ ժառանգութեան…


