Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Էրտողանի Դժգոհութիւնները

Մարտ 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

3-29-15_vahoԹուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իրանը ամբաստանեց Միջին Արեւելքին տիրել փորձելու յանցանքով` ատիկա նկատելով անհանդուրժելի եւ ոչ արտօնելի: Ան զօրակցութիւն յայտնեց Եմէնի մէջ արաբական երկիրներուն շղթայազերծած զինուորական գործողութեան` աւելցնելով, որ Անգարա կրնայ այդ գործողութեան «գումակային աջակցութիւն» ցուցաբերելու հարցը քննարկել:

Էրտողանի արտայայտած վերոնշեալ կեցուածքները կը բխին երկու դժգոհութիւններէ: Միջին Արեւելքի մէջ, մասնաւորաբար վերջերս Իրաքի եւ Եմէնի մէջ Իրանի արձանագրած յաջողութիւնները Էրտողանի նախանձը կը գրգռեն եւ կու գան ընդգծելու իր երկրին ազդեցութեան ոլորտը ընդլայնելով` Օսմանեան կայսրութիւնը անուղղակի կերպով վերականգնելու նպատակի իրագործման մէջ իր արձանագրած ձախողութիւնը:

Թեհրանի յաջողութիւնը համազօր է Անգարայի ձախողութեան: Ասիկա զերօ հաշիւով խաղ մըն է, որուն մէջ կողմի մը ձեռք բերած նուազագոյն «առաւելն» իսկ կը վնասէ հակառակորդ կողմին:

Այս առումով` Էրտողան չի կրնար չզօրակցիլ Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող հուսիներուն դէմ սիւննի երկիրներու զինուորական գործողութեան, սակայն այդ զօրակցութիւնը կը սահմանափակէ խօսքի սահմաններուն մէջ: Ան մինչեւ իսկ կը զլանայ գումակային աջակցութիւն տրամադրել եւ կը բաւարարուի այդ հարցը քննարկելու պատրաստակամութիւն յայտնելով, որովհետեւ սիւննի երկիրներուն շղթայազերծած զինուորական գործողութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած է Սէուտական Արաբիան: Երեւոյթ մը, որ հաշտ աչքով չի կրնար դիտուիլ խալիֆա դառնալու յաւակնութիւնը ունեցող «սուլթանին» կողմէ:

Թեհրանի` Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ թրքական ծրագիրներուն արգելք հանդիսանալը կարծէք չէր բաւեր, այժմ Ռիատ կու գայ Անգարա կոչուած ագռաւէն խլելու սիրամարգի վերջին փետուրը, այդպիսով Էրտողանի մէկ դժգոհութիւնը վերածելով երկուքի:

 

 

 

Նախորդը

Անթիլիասը Դարձեալ Ծաղկազարդուեցաւ Հայ Մանուկներով

Յաջորդը

Բարի Լոյս 4. Երախտապարտ Ենք…

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?