Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տարի Մը Առաջ Էր… Քեսապի Վրայ Կատարուած Ներխուժումը

Մարտ 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-31-15_khemp1-fՈղբերգական դրուագէն ասդին թաւալած է տարի մը…

Մարտ 21, 2014-ին, օգտուելով քանի մը տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ խախտուած անդորրութենէն եւ տիրող անիշխանական կացութէնէն, Թուրքիոյ եւ … բնականաբար թրքական դրդումներով, մատակարարումով եւ հովանաւորութեամբ կատարուեցան ներթափանցումներ, որոնց ծաւալն ու գործած աւերը եղան սպասուածէն շատ աւելի քանդիչ եւ ահաւոր:

Անգամ մը եւս հայորդին, այս պարագային` քեսապահայը, ստիպուած էր… գէթ անորոշ ժամանակաշրջանի մը համար հեռանալ իր շատ սիրելի երդիքէն ու հողէն:

Յաջորդող օրերուն, եթէ Քեսապին մէջ զինուորական գործողութիւններն ու ընդհարումները սաստկացած էին, նոյնքան սաստկացած էին հայութեան վիշտն ու բողոքը: Բարեբախտաբար երկար չտեւեց այս արդի օրերու «սելճուքեան» արշաւանքը, եւ հազիւ երեք ամիս անցած, Յունիս 15, 2014-ին, տարածաշրջանը պարպուեցաւ խուլիկաններէ, որոնք այս անգամ կեդրոնացած էին Արաբ Բունարի շուրջ, ուր շատ աւելի երկար տեւեց ճակատումը…

Պատմութիւնն էր, որ ինքզինք կը կրկնէր եւ, աւելի յստակ ըլլալու համար, պատմութեան սեւ ու մռայլ էջերն էին, որոնք կը կրկնուէին:

13-րդ եւ 14-րդ դարաշրջաններուն հայորդին զերծ մնալու համար մամլուքեան եւ օսմանեան արշաւանքներէն եւ անոնց յաջորդող կոտորածներէն եւ հալածանքներէն, կը հեռանար իր օճախէն ու բնակավայրէն եւ կ՛ապաստանէր աւելի լեռնային շրջաններ, որոնց կարգին յատկապէս` Մուսա Լեռ եւ Քեսապ:

Շատեր Քեսապը կը նկատեն Կիլիկեան Հայաստանի սահմանակից եւ այդ ժամանակաշրջանի կազմուած հայկական գաւառ: Այլ փաստագրութիւններ կը վկայեն, թէ այդ շրջանի հայերը Անտիոքի շրջանին մէջ գոյացած հայ գաղթականութեան մը մնացորդացն են:

Քեսապցիին համար միայն Հայոց ցեղասպանութեան նշումը ապրիլ 24, 1915 թուականը չէ, ոչ ալ` անցեալ մարտի պատահածները:

Քեսապցիին համար Եղեռնը սկսած էր ապրիլ 1909-ին, երբ հինգ հազարէն աւելի թուրք զինեալներ յարձակեցան Քեսապի վրայ եւ հրկիզեցին ու թալանեցին գիւղերը:

Տասնեակներու դէմ մէկ էր համեմատութիւնը: Խուժանին դէմ քանի մը հարիւր մարտիկները դիմադրեցին եւ ի վերջոյ ծովային ճամբով, ֆրանսական փոխադրանաւի մը օժանդակութեամբ, փոխադրուեցան Լաթաքիա:

Իսկ 1915-ին դիմադրութիւն կազմակերպելու աշխատանք կը կատարուէր, որ դժբախտաբար ձախողութեամբ կ՛աւարտէր եւ տարագրութիւնը կ՛ընթանար դէպի Յորդանան եւ Տէր Զօր:

Սակայն քեսապցիին բացակայութիւնը երկար չտեւեց եւ զինադադարէն ետք վերապրողները վերադարձան իրենց գիւղերն ու տուները:

Անցեալ տարի ալ քեսապցին վերադարձած է տուն եւ արդէն իսկ վերաշինած իր բնակարանն ու գործատեղին: Վերաբացուած են կրթօճախներն ու եկեղեցիները:

Սակայն դեռ թարմ է արիւնաթաթախ անցեալը:

Նախորդը

3300 Տարուան Սրբավայրեր Յայտնաբերուած Են

Յաջորդը

Նիկոլ Աղբալեան (1873-1947) Հայ Ժողովուրդի Ազգային Որակի Բարձրացման Եւ Հայաստան Աշխարհի Հայացման Առաքեալը

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?