Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձիւնագնացութիւն Եւ Զմմառու Վանքի Այցելութիւն

Մարտ 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

11015798_920859627945517_1490013525_n10009458_920858471278966_330970511_nԱւելի քան 225 անդամներու եւ ծնողներու մասնակցութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի սկաուտական բոլոր խմբաւորումները ձիւնագնացութիւն մը կատարեցին դէպի Ֆաքրա շրջան, կիրակի, 8 մարտ 2015-ին:  Ներկաները ձիւնածածկ Լեռնալիբանանի լանջերուն «ձիւնով խաղալու» հաճոյքը ապրեցան: Խաղերու կողքին, այդտեղ այցելող հանրութեան քարոզչութիւն կատարելու համար, խումբերուն միջեւ ձիւնէ ձեռային աշխատանքի մրցում կազմակերպուեցաւ: Մրցումի թեման նուիրուած էր ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80-ամեակին: Մրցումին առաջին հանդիսացան արենուշներու եւ արծուիկներու խումբերը:

Յայտագիրի յաջորդ բաժինով մասնակիցները հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Զմմառու դպրեվանք այցելեցին եւ ծանօթացան դպրեվանքի դարաւոր պատմութեան, մատուռին, թանգարանին ու հոն պահուած անգնահատելի գանձերուն, ինչպէս, օրինակ, հայ առաջին տպագիր գիրք «Ուրբաթագիրք»-ին եւ հանրածանօթ ծովանկարիչ Այվազովսկիի գծանկարին: Ապա արիներն ու արենուշները ծանօթացան դպրեվանքի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Յակոբ Մեղապարտի յուշարձանին ու ծանօթացան այս մեծ հայուն տարած աշխատանքներուն` հայ գիրի ու տպագրութեան մարզին մէջ:

Տեղի ունեցան խմբային խաղեր` ծնողներուն եւ անդամներուն մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ` սկաուտական կանչերու յայտագիր:

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ոսկրափտութիւնը Եւ «Տի» Կենսանիւթը Նիւթով

Յաջորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Աշխատանքներէն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?