Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ. Այս Երգը Իմս Է

Մարտ 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Ան նոր գացած էր Միացեալ Նահանգներ, Ուայթինսվիլ գիւղաքաղաքը. անգլերէն չէր գիտեր, բայց հոն օտար տեղէ եկածներուն համար անգլերէն լեզուի ուսուցման դպրոց  չկար: Իր լաւ բարեկամ Սեպուհը զինք գրադարանի տնօրէնին ներկայացուց, որովհետեւ ան իր ազատ ժամերուն փափաքողներու ֆրանսերէնի անձնական դասեր կու տար. ուրեմն իր ալ անգլերէնի ուսուցիչը կրնար ըլլալ, բայց գրադարանապետը ըսաւ, որ դժբախտաբար մէկ ամիսէն հանգստեան պիտի կոչուէր:

Սեպուհ անոր թելադրեց, որ Ուսթըր քաղաքի կաթողիկէներուն պատկանող հիմնարկի անգլերէնի դասընթացքին հետեւի: Այդպէս ալ ըրաւ. ի՛նչ զուգադիպութեամբ, իր դասարանին մէջ կար երիտասարդ թրքուհի մը, որ նախապէս անգլերէն սորված էր ուրիշ նահանգի մը մէջ, այդ պատճառով  ալ ուսուցչուհին կը գովէր զայն բոլորին` ըսելով, որ Օսլանը ուշիմ է եւ  ամէնէն արագ անգլերէն սորվողն է:

Օր մըն ալ ուսուցչուհին բոլորին պատուիրեց, որ յաջորդ դասին իւրաքանչիւրը իր երկրին դրօշը եւ երաժշտական նմուշ մը բերէ իրեն հետ:

Ֆրանսահայ ըլլալով հանդերձ, ան որոշեց Հայաստանի եռագոյն դրօշը եւ հայկական քոչարի պարեղանակին ձայնագրութիւնը տանիլ ու նուագել:

Ամէն աշակերտ  պարտէր գրատախտակին վրայի աշխարհի քարտէսին վրայ իր երկրին դիրքը ցոյց տալ:

Երբ որ անոր կարգը եկաւ, ան Ղարաբաղի ու Հայաստանի սահմանները գծեց ու իր ձեռքի ցուցափայտով Թուրքիոյ սահմաններէն ներս մտաւ եւ արդի Թուրքիոյ կէսէն վերադարձաւ Հայաստան, ան երկրորդ անգամ մըն ալ այսպէս ըրաւ եւ այս անգամուան Թուրքիոյ հողերուն վրան աւելի երկար ատեն մնաց, ու յետոյ հայկական եռագոյն դրօշը պարզեց:

Քոչարի պարեղանակին նուագին ունկնդրութեան ատեն դասարանին մէջ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, ու ան  շատ գոհ մնաց ինքզինքէն:

Զբօսանքի սուրճի պահուն, պաղեստինցի եւ պարսիկ երկու աշակերտներ գիտնալով, որ ան հայ էր, մօտեցան իրեն, բայց  հազիւ թէ ծանօթացած էին, թրքուհի Օսլանը անոր քովը եկաւ ու դժգոհ շեշտով մը ըսաւ.

– Այս երաժշտութիւնը թրքական է:
– Ո՛չ, այս երաժշտութիւնը հայկական է:
– Այս երաժշտութիւնը թրքական է,- կրկնեց Օսլան:
– Ո՛չ, այս երաժշտութիւնը իմս է,- պնդեց ան:

Զանգը հնչեց, ու բոլորը դասարան վերադարձան: Ան ուրախ էր, որ Հայաստանի դրօշը բարձրացուցած էր ու հայկական երաժշտութիւնը նուագած էր ու պահ մըն ալ իր պապենական հողերուն սահմաններէն ներս մտած էր եւ ըսած էր,  թէ այդ հողերը Հայաստանին կը պատկանէին:

Այդուհանդերձ, ան ցաւեցաւ, որ իր ազգին երաժշտութիւնն ու անոր պատկանող պապենական բռնագրաւուած հողերը կարճ պահուան մը համար միայն հայոց եղած էր,  եւ այդ տխուր զգացումով ան շատ յուզուած տուն վերադարձաւ այնպէս, ինչպէս որ անոր ծնողները ըրած էին հարիւր տարի առաջ, երբ հրաշքով մը ջարդերէն վերապրած էին, Տիգրանակերտի մէջ իրարու հանդիպած ու ամուսնացած էին, ատեն մը Հալէպ ու Պէյրութ մնալէն ետք, Յունաստան հասած էին ու այնտեղէն ալ` ֆրանսա գացած. հոն վերականգնած էին իրենց ջարդուած ընտանիքները` ծնունդ տալով 13 զաւակներու, հարսերու եւ 77 թոռներու եւ ծոռերու, որոնցմէ` երկու քոյրեր, մէկը Նոր Քալետոնիայէն պիտի գար. իսկ միւսը` Ֆրանսայէն, եւ Երեւանի մէջ միասին պիտի ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը աշխարհի բոլոր կողմերէն Հայաստան միահաւաքուած հայրենակիցներուն հետ:

Նիս, 25 մարտ 2015

 

Նախորդը

Անմեկնելի Հայկեան Ոգի

Յաջորդը

Առաջարկ. Որպէսզի Չմոռցուի Մեր Պատմութիւնը

RelatedPosts

Դամասկոսի Արաբական Լիկա Վերադարձը Մօտալուտ Կը Թուի
Անդրադարձ

Դամասկոսի Արաբական Լիկա Վերադարձը Մօտալուտ Կը Թուի

Մարտ 29, 2023
Ժամի Խեղկատակութիւնը
Անդրադարձ

Ժամի Խեղկատակութիւնը

Մարտ 29, 2023
Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանը` Մտաւորական Գործիչը
Անդրադարձ

Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանը` Մտաւորական Գործիչը

Մարտ 29, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In