Յօդուածներ

Հայոց Ցեղասպանութեան Որմազդներ Մոնրէալի Մեթրոներուն Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Որմազդներ Մոնրէալի Մեթրոներուն Մէջ

Մոնրէալի մեթրոյի 20 կայարաններու մէջ մարտ 31-ին տեղադրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը յուշող որմազդներ: Նոյնպէս` մեթրոյի կայարաններու 200 հեռուստացոյցի պաստառներու վրայ կը սփռուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը: Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի միացեալ մարմինին: Այս ծրագիրին համար ձեր ներդրումն ու նիւթական աջակցութիւնը բերելու համար այցելեցէք www.fightgenocide.ca կայքէջը:

«Ակօս»-ի Նախկին Շէնքը «Խիղճի Թանգարան»-ի Պիտի Վերածուի

«Ակօս»-ի Նախկին Շէնքը «Խիղճի Թանգարան»-ի Պիտի Վերածուի

Պոլիս գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրութիւնն ու Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամը տեղափոխուած են նոր շէնք, եւ այժմ կը քննուի նախկին շէնքին ճակատագիրը: Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը այս մասին հարց տուած է. «Հայերու եւ թուրքերու համատեղ ապրելու ապացոյցը, կազմակերպուած յանցաւոր խումբի մը զոհ տուած այդ վայրը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Ամէն տարի յունուար 19-ին (Հրանդ Տինքի սպանութեան օրը) արդարութեան պահանջով հարիւրաւորներու հաւաքատեղի այդ շէնքը...

«Փթիթ» Թիւ 12.  Մանկապատանեկան Պարբերաթերթ

«Փթիթ» Թիւ 12. Մանկապատանեկան Պարբերաթերթ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ Լոյս տեսաւ «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթին թիւ 12-ը: Ծանր պայմաններ յաղթահարելով, «Փթիթ»-ի հրատարակիչները` տէր եւ տիկին Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեաններ յարգեցին իրենց խոստումը եւ շարունակեցին պարբերաբար լոյս ընծայել «Փթիթ»-ը: Պարբերաթերթին այս համարին աշխատակցած են Վերժին Չերչեան-Աբրահամեան  (մտայղացում եւ համակարգչային իրագործում), Արմէն Իւրնէշլեան (խորհրդական) Հուրի Քէստէնեան (համակարգչային ձեւաւորում) Ռազմիկ Պերթիզլեան (հեքիաթներու նկարազարդում եւ կողքի ձեւաւորում) Կարօ Խաչերեան (առակներու նկարազարդում): «Փթիթ»-ի այս...

ժանեթ Յակոբեանի Ցուցահանդէսը

ժանեթ Յակոբեանի Ցուցահանդէսը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Քանի մը տարի առաջ, տեսնելէ ետք Ժանեթ Յակոբեանի ցուցահանդէսը Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, իր ոսկեմատեանին մէջ գրած էի. «Տիկին Ժանեթ Յակոբեանի գործերը զիս անակնկալի բերին իրենց կառոյցով եւ այլ արժանիքներով», որքան կը յիշեմ: 19 մարտէն «Արթ լուանճ» ցուցասրահին մէջ ներկայացուած իր իւղանկարները հասած են կատարելութեան` իրենց համադրութեամբ, ձեւերու ներդաշնակութեամբ եւ մակերեսի յագեցուածութեամբ: Ժանեթ Յակոբեան կը մեկնի էութենէ...

Առաջարկ.  Որպէսզի Չընդհատուի Երթը

Առաջարկ. Որպէսզի Չընդհատուի Երթը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ    Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը եթէ ուրիշ ոչ մէկ օգուտ ունենար, ոչ մէկ յաւելեալ ճանաչում ապահովէր Հայոց ցեղասպանութեան, ոչ մէկ քաղաքական յառաջընթաց արձանագրէր Հայաստանի ու իր թշնամի դրացիներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու տեսակէտէն, մանաւանդ` հայկական պահանջատիրութեան գոհացում տալու առումով, միայն այն իրողութիւնը, որ հարիւրամեակը ազգովին կը նշենք, միասնաբա՛ր կը նշենք` ինքնին նուաճում մըն է, որ ամէն կերպով պէտք է պահպանել: Ճիշդ է`...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Միսթիք Ժամեր

ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ Գիշերային այս միսթիք ժամերուն Երբ աշխարհը քնացած է կամ արթուն Եւ շշուկը աստղերուն` Կ՛օրօրէ երազներ թաքուն: Կը զգամ գրչիս հպումը ոլորաձեւ Ձիւն է միապաղաղ տարածքին: Թուղթը մերթ կը ժպտայ Մերթ կը հեծծէ` Կ՛արտասուէ ու կ՛ողբայ Ադամի որդիներուն Բախտին անորոշ Կ՛ուրուագծէ վազքն անոնց Իւրացնելու ինչ... անսպառ: Վազքն այս ահաւոր Պարփակէ պիտի Ափ մը հող միմիայն (միայն) Այսպէս սերունդներ Գան...

Հարցազրոյց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Եւ Վարչութեան Ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանի Հետ

Հարցազրոյց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Եւ Վարչութեան Ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ, այս շաբաթավերջին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը թատերասէր հանրութեան պիտի ներկայանայ Լորն Շիրինեանի «Կոթողական» թատերախաղով` բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի, հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին: Սոյն թատերախաղի ընտրութեան եւ ընդհանրապէս թատերախումբին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի եւ վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանի հետ:...

Դաշնակցական Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Դաշնակցական Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Երեսուն տարիներ առաջ Պէյրութի մէջ հայանուն դաւադիրներու ձեռամբ առեւանգուած, ապա խոշտանգուած ու սպաննուած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, «Ազդակ-Շաբաթօրեակ Դրօշակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի վաստակը գնահատելու, անոր յիշատակը յարգելու համար կիրակի, 29 մարտի երեկոյեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին հարիւրաւոր հայորդիներ: Հայորդիները դիմաւորուեցան Ռուբէն եւ Գրիգոր Յարութիւնեաններու տուտուկի նուագով: Առանձնաբար յուզիչ էր Սարգիս Զէյթլեանի կնոջ` Սոնայի, որդւոյն` Հրազդանի, դուստրերուն` Սալբիի...

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Մէջ Համազգայինը Դարձեալ Պատնէշի Վրայ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Մէջ Համազգայինը Դարձեալ Պատնէշի Վրայ

Հայ մշակոյթի բաբախուն սիրտը հանդիսացող Համազգայինը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, միշտ ալ յաջողած է իր շուրջ համախմբել աշխարհասփիւռ մշակութասէր հանրութիւնը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մասնաճիւղի վարչութեան, ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին Շարժայի «Փիեռ Քէօսէեան» սրահին մէջ  «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբը  ներկայացուց հայ մեծատաղանդ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը» կատակերգութիւնը: Թատրերգութեան ներկայ էին սոյն նախաձեռնութիւնը հովանաւորող Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ապու Տապի Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Հանդիպումները Անցնող շաբաթավերջին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպում ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեանի հետ: Սփիւռքի նախարարը Ապու Տապիի նորակառոյց Սուրբ Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ Ծաղկազարդի արարողութեան եւ պատարագին: Պատարագը մատուցեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան: Արարողութեան հանդիսապետեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ...

Հրապարակային Եւ Քաղաքական Բառը Ստոյգ Եւ Միանշանակ Պէտք Է Ըլլայ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Կը հետեւիմ գրուած եւ հրապարակուող եւ քաղաքական խօսքին: Կարեւոր է, որ այսօր, վաղը, մօտ կամ հեռու ապագային, բառերը եւ խօսքերը տարբեր կամ հակասական մեկնաբանութիւններու դուռ չբանան: Մենք եւ ուրիշներ նոյն բառին նոյն իմաստը պէտք է որ տանք, նոյնը հասկնանք: Ըսինք` 100-ամեակ: Զայն որպէս պիտակ կը փակցնենք ամէն բանի վրայ, տարիներու ընթացքին եղածին, խաղերուն եւ զուարճութիւններուն. շրջպտոյտ, մարզախաղ, ցոյց,...

Ակնարկ.  Ցեղասպանութեան Իրաւական Եզրի Թրքական Եւ Հայկական Ընկալումները

Ակնարկ. Ցեղասպանութեան Իրաւական Եզրի Թրքական Եւ Հայկական Ընկալումները

Ինքզինք աւելի օսմանցի, քան հայ զգալէ ընդամէնը մէկ օր ետք, Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ես ըսած եմ, որ ինքզինքս հայ ըլլալէ աւելի օսմանցի կը զգամ: Ես ազգայնական չեմ, սակայն երբ 1915-ը նիւթ կը դառնայ, ես կ՛օգտագործեմ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա ցեղասպանութիւն եղած է, որովհետեւ  ցեղասպանութիւն եզրը եւ 1915-ին տեղի ունեցածը կը համընկնին իրարու:...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Այնթապի Օրեր» Մատենադարանին Մէջ Ապրիլ 1-ին` Այնթապի ինքնապաշտպանութեան օրը (1920 թուականին), Մատենադարանին մէջ սկսած են «Այնթապի օրերը»: Բնակավայրը յայտնի է ոչ միայն իր հերոսական էջերով, այլ նաեւ` ասեղնագործական արուեստի հրաշալի ժառանգութեամբ: Այդ գործերը Մատենադարանին մէջ ներկայացուած են նոր հրատարակուած գիրքով եւ ցուցահանդէսով: Սուրիահայ Հրազդան Թոքմաճեան հաւաքած, լուսանկարած է զանոնք ու ամփոփած` «Այնթապի ասեղնագործութիւնը» երկհատորեակին մէջ: 760 էջերէ...

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում

«Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Թուրք Սուլթանը. Մեծ Մարտահրաւէրը» (“Christapor Mikaélian et le Sultan Turc. Le Grand Défi. Biographie“) Արա Գրիգորեան, «Էտիփոլ» հրատ., Ֆրանսա, 2014 Յ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ Անցեալ նոյեմբերին մամուլը հաղորդեց Քրիստափոր Միքայէլեանի նուիրուած կենսագրական ծաւալուն ուսումնասիրութեան մը հրատարակումին մասին: Երկհատորեակ գործը լոյս տեսած էր Ֆրանսա, Փարիզ, լեզուն` ֆրանսերէն: Փաստը` ուսումնասիրութիւն Քրիստափորի մասին, կրնայ անսովոր թուիլ ֆրանսահայ համայնքի կեանքի թանձրացական պայմաններուն անծանօթ...

Հայկական Մշակութային Արժէքների Ոչնչացումն Ու Դրա Հետեւանքները 1894-1896-ի Համիտեան Կոտորածների Տարիներին  ( Մաս Բ.)

Հայկական Մշակութային Արժէքների Ոչնչացումն Ու Դրա Հետեւանքները 1894-1896-ի Համիտեան Կոտորածների Տարիներին ( Մաս Բ.)

ՍԵԴԱ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ Գերմանացի հասարակական գործիչ, հոգեւորական, միսիոնար Եոհաննես Լեփսիուսը, ով 1896թ. գարնանը շրջել է Փոքր Ասիայում եւ վկայութիւններ հաւաքել կոտորածների ականատեսներից, գրում է. «Երզնկայի մէջ հայ կաթոլիկ եկեղեցին հասարակաց ճեմիշի (արտաքնոցի) վերածեցին: Հիւսնիմանսուրի մէջ եկեղեցին փլուեցաւ եւ սկիհը ճեմիշ նետեցին, ժանտարմները ծիսական հանդերձները հագան եւ հայհոյութիւններով պատարագը ծաղրեցին»: Յաճախ հոգեւոր հաստատութիւնը պղծելուց յետոյ գազազած ամբոխը ոչնչացրել է նաեւ բազմադարեան վանքերի...

Ձախողման Դատապարտուած Մարտավարութիւն.   Եւ` Թուրքական Երազանք Ամերիկեան Քոնկրեսի Մասին

Ձախողման Դատապարտուած Մարտավարութիւն. Եւ` Թուրքական Երազանք Ամերիկեան Քոնկրեսի Մասին

ՌՈՒԶԱՆ ԻՇԽԱՆԵԱՆ Թուրքական իշխանութիւնների արտաքին քաղաքականութեան մէջ վերջին ժամանակներս նկատուող նոր մարտավարութիւնը եւ  յատկապէս ամերիկեան ուղղութեամբ դիւանագիտական ջանքերի աշխուժացումն անզէն աչքով տեսանելի են: Պաշտօնական Անգարայի ձեռնարկած քայլերում այդ երկրի իշխանութիւնների անհանգստութիւնն է` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին միջազգային հանրութեան կեցուածքի եւ, մասնաւորապէս, Միացեալ Նահանգների նախագահի ամէնամեայ ելոյթի հնարաւոր շեշտադրումների հետ կապուած: Թուրքական իշխանութիւնների գործելաոճն ու ամենատարբեր մակարդակներով հնչեցրած յայտարարութիւնները բացայայտում են...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Հայաբնակ Թաղերու Աստիճանական Վերականգնում Եւ Պիքֆայայի Նահատակաց Յուշարձանին Ռմբահարումը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայաբնակ Թաղերու Աստիճանական Վերականգնում Եւ Պիքֆայայի Նահատակաց Յուշարձանին Ռմբահարումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսներու այցելութիւնը Խալիլ Պատաուի 1978 հոկտեմբերին Պէյրութի արեւելեան շրջաններու ապահովութեան միջոցառումներու ծիրէն ներս, Նահրի կամուրջին վրայէն սուրիացի զինուորները քաշուեցան: Սուրիացի զինուորներու հեռացումէն ետք, սէուտցի եւ լիբանանցի զինուորներ եւ ոստիկաններ ստանձնեցին կամուրջին հսկողութիւնը: Կամուրջէն անդին, Նոր Հաճըն եւ Խալիլ Պատաուի հայաբնակ թաղերը իրենց կարգին ծանր վնասներու ենթարկուած էին: Հաճընի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ...

«Մեծ Նուաճում Է Մեզի, Երբ Մեր Ազգը, Մեր Արուեստը Կը Ներկայացնենք Արտաքին Աշխարհին Եւ Հետաքրքրութիւն Կը Ստեղծենք Մեր Մշակոյթին Հանդէպ»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Նունէ Աւետիսեան

«Մեծ Նուաճում Է Մեզի, Երբ Մեր Ազգը, Մեր Արուեստը Կը Ներկայացնենք Արտաքին Աշխարհին Եւ Հետաքրքրութիւն Կը Ստեղծենք Մեր Մշակոյթին Հանդէպ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Նունէ Աւետիսեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Վերջերս «Բարձր արուեստ» կեդրոնի «Արեւելքէն արեւմուտք եւ արդիականութենէն յետարդիականութիւն» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը ներկայացուեցաւ Հայկազեան համալսարանին մէջ, ուր ներկայացուեցան 19-րդ դարու հայ արուեստի եւ 21-րդ դարու ժամանակակից արուեստի աւելի քան 40 նկարիչներու գործեր:  «Բարձր արուեստ» կեդրոնին նպատակն է համաշխարհային հանրութեան ուշադրութեան յանձնել հայ արուեստի միջավայրը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի հասարակութեան բացայայտել այլ երկիրներու արուեստը: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը...

«Ականատեսը». Հայ Երիտասարդներին Ապրելու Ու Զօրանալու Մաղթանքով` 105-Ամեայ Արաքսի Ենգոյեան

«Ականատեսը». Հայ Երիտասարդներին Ապրելու Ու Զօրանալու Մաղթանքով` 105-Ամեայ Արաքսի Ենգոյեան

Պատրաստեցին ՏԱԹԵՒԻԿ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԸ եւ ԱՆԻ ՆԱԶԱՐԵԱՆԸ Եթէ անգամ ժամանակը կարողանում է փոխել մարդկանց դիմագծերը`ընդգծելով ծերութիւնը, ապա այն անկարող է թաքցնել հէնց առաջին հայեացքից մատնող բարութիւնը, որն ամէնից լաւ է բնութագրում 1910 թ. Կարսում ծնուած Արաքսի Ենգոյեանին: Կոտայքի մարզի ամենատարեց բնակիչներից մէկի` Հայոց ցեղասպանութեան ականատես-վերապրածի հայրենիքը Կարսն է: «Թուրքիայից է գաղթել, Ղարսից, գիւղի անունը չեմ յիշում: Սկզբում եկել են Բէզաքլու գիւղ, որն...

Օտար Շահերի Խմբերգը Չի Կարող Խանգարել Արցախի Կողմից Իր Իրաւունքների Իրացմանը

Օտար Շահերի Խմբերգը Չի Կարող Խանգարել Արցախի Կողմից Իր Իրաւունքների Իրացմանը

«ԱԶԱՏ ԱՐՑԱԽ» Լեռնային Ղարաբաղին առնչուող ազրպէյճանական մամուլի հրապարակումներին ծանօթանալը բացայայտեց հետաքրքիր օրինաչափութիւն: Պարզւում է` Ազրպէյճանի հասարակութեան, ներառեալ` իշխող վարչակարգի, տրամադրութիւնն ուղիղ կախուածութեան մէջ է գտնւում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնում ընթացող քաղաքական գործընթացներից: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց են տալիս եւ ապացուցում, թէ որքան մօտ է ԼՂՀ-ում մայիսի 3-ին նշանակուած` հերթական խորհրդարանական ընտրութիւնների անցկացման օրը, այնքան աւելի բարձր է ընկճախտի եւ նեարդայնութեան աստիճանն Ազրպէյճանում, որը...

Page 1072 of 1110 1 … 1,071 1,072 1,073 … 1,110

Արխիւներ