Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փթիթ» Թիւ 12. Մանկապատանեկան Պարբերաթերթ

April 10, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Ptit-tiv12Լոյս տեսաւ «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթին թիւ 12-ը: Ծանր պայմաններ յաղթահարելով, «Փթիթ»-ի հրատարակիչները` տէր եւ տիկին Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեաններ յարգեցին իրենց խոստումը եւ շարունակեցին պարբերաբար լոյս ընծայել «Փթիթ»-ը:

Պարբերաթերթին այս համարին աշխատակցած են Վերժին Չերչեան-Աբրահամեան  (մտայղացում եւ համակարգչային իրագործում), Արմէն Իւրնէշլեան (խորհրդական) Հուրի Քէստէնեան (համակարգչային ձեւաւորում) Ռազմիկ Պերթիզլեան (հեքիաթներու նկարազարդում եւ կողքի ձեւաւորում) Կարօ Խաչերեան (առակներու նկարազարդում):

«Փթիթ»-ի այս թիւը նուիրուած է Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Պարբերաթերթին աշխատակիցներու այս խումբը կը վկայէ, թէ յաջող հրատարակութիւն մը եղած է ոչ միայն գեղատեսիլ նկարազարդումով, այլեւ` աշխատակիցներու ու փորձառու վարպետութեամբ: Այս թիւով կը կարդանք հետաքրքրական խաղեր, հեքիաթներ, աւանդութիւններ, առակներ, հանելուկներ, թուաբանական խաղեր, բոլորն ալ` միտքը զարգացնող, եւ` Եղեռնի նուիրուած հարցումներ:

Ակներեւ է տարուած խնամքը բովանդակութիւնը ճոխացնելու, այլազանութիւն ներմուծելու, ընթերցող աշակերտին կամ պատանիին հետաքրքրութիւնը արթնցնելու կապակցութեամբ:

Ուրախ ենք, որ մեր կարգ մը վարժարանները շատ գնահատեցին «Փթիթ»-ը, որ ոչինչով կը զիջի եւրոպական մանկական հրատարակութիւններէն: «Փթիթ»-ի լոյս տեսնելէն ի վեր սփիւռքի եւ հայրենի մամուլը ջերմ գնահատանքով արտայայտուեցան անոր լոյս ընծայման: Հասկնալի է, որ դիւրին չէ նման հրատարակութիւններ յաջողութեամբ պսակել անհատական ճիգերով: Շնորհաւորելի է Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեաններուն հետեւողական ջանքերը այս կապակցութեամբ:

Հարկ կը տեսնենք նշելու, որ ցարդ ունինք քանի մը վարժարաններ, ուրկէ մուտք չգործեց «Փթիթ»-ը, յարգելի տնօրէններու անտարբերութեամբ: Այս իրողութիւնը կը վնասէ ամբողջական դաստիարակութեանը մեր մատաղ սերունդին: Ափսոս է, որ նման հրատարակութիւններէ կը զրկուին մեր աշակերտները, որովհետեւ «Փթիթ»-ը մանկապատանեկան բացառիկ պարբերաթերթ մըն է, մատչելի սակով: Փոքր ճիգ մը ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան` դէպի յաջողութիւն կ՛առաջնորդէ: Մեր ուրախութիւնը կը յայտնենք հրատարակիչ ամոլին եւ աշխատակիցներուն, որոնց նուիրեալ ջանքերով լոյս կը տեսնէ այսքան գեղատիպ, արդիական գիտական հետաքրքրութիւնները արթնցնող, ընթերցանութեան մղող պարբերաթերթը:

Յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն կը մաղթենք հրատարակիչներուն եւ աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ` բարի վայելում ընթերցողներուն:

 

 

Նախորդը

ժանեթ Յակոբեանի Ցուցահանդէսը

Յաջորդը

«Ակօս»-ի Նախկին Շէնքը «Խիղճի Թանգարան»-ի Պիտի Վերածուի

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.