Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեծ Նուաճում Է Մեզի, Երբ Մեր Ազգը, Մեր Արուեստը Կը Ներկայացնենք Արտաքին Աշխարհին Եւ Հետաքրքրութիւն Կը Ստեղծենք Մեր Մշակոյթին Հանդէպ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Նունէ Աւետիսեան

Ապրիլ 7, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

DSC09896Վերջերս «Բարձր արուեստ» կեդրոնի «Արեւելքէն արեւմուտք եւ արդիականութենէն յետարդիականութիւն» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը ներկայացուեցաւ Հայկազեան համալսարանին մէջ, ուր ներկայացուեցան 19-րդ դարու հայ արուեստի եւ 21-րդ դարու ժամանակակից արուեստի աւելի քան 40 նկարիչներու գործեր:  «Բարձր արուեստ» կեդրոնին նպատակն է համաշխարհային հանրութեան ուշադրութեան յանձնել հայ արուեստի միջավայրը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի հասարակութեան բացայայտել այլ երկիրներու արուեստը: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի տնօրէն Նունէ Աւետիսեանին հետ, զոր ստորեւ կը ներկայացնենք:

«ԱԶԴԱԿ».- Ընդհանուր պատկեր մը տուէք «Բարձր արուեստ» կեդրոնի գործունէութեան ու տարած աշխատանքներուն մասին:

ՆՈՒՆԷ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ.- «Բարձր արուեստ» կեդրոնը հիմնադրուած է 2006-ին, Երեւան: Ան հիմնականին մէջ կ’աշխատի հայ արուեստը ներկայացնել արտաքին աշխարհին, նոյն ժամանակ ալ ֆրանսահայ, ամերիկահայ կամ Եւրոպա ապրող հայ նկարիչներու գործերը եւ այլ երկիրներու արուեստը կը բացայայտէ  Հայաստանի երիտասարդ սերունդին, օրինակ` Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 20-րդ դարու պատկանող արուեստագէտներ, որոնք 1915-էն ետք սփռուեր են աշխարհի տարբեր ծայրամասեր ու ստեղծագործեր, ինչպէս` Սարգիս Տիրանեան,  Յովհաննէս Ալհազեան, Էտկար Շահին, Արշիլ Կորքի, որ գաղթեր է Ամերիկա, ուր ապրեր ու կազմաւորուեր է որպէս նկարիչ: Առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ կը ներկայացուին Լեւոն Թիւթիւնճեանի գործերը: 1915-ին մայրը զայն նաւ դրած ու փրկած է, որմէ ետք ան յայտնուած է Յունաստան, ապա` Փարիզ, ուր ստացած է կրթութիւն եւ կազմաւորուած է, որպէս նկարիչ: Լեւոն Թիւթիւնճեան յայտնի է որպէս գերիրապաշտ, տաշիստ: Ան բարձր գնահատական ստացած է Փարիզի մէջ: Անոր գործերը ցուցադրուած են Միրոյի, Փիքասոյի եւ նշանաւոր գեղանկարիչներու հետ: Հիմնադիրներէն մէկը եղած է գերիրապաշտ ուղղութեան դպրոցին: Ընդհանրապէս կը փորձենք ժամանակակից հայ արուեստը դուրսի աշխարհի ուշադրութեան յանձնել:

«Ա.» Ի՞նչ ձեռքբերումներ ու նուաճումներ արձանագրած է կեդրոնը:

Ն. Ա.- «Բարձր արուեստ» կեդրոնը քանի մը անգամ մասնակցեր է «Արթ Մոնաքօ»-ի ցուցահանդէսին: 2012-ին ներկայացուցած է Երուանդ Քոչարի գործը` տարածական արուեստը, որ աւարտած է 1927-ին եւ ցուցադրուած է Փարիզի մէջ եւ դարձած` նոր ուղղութիւն: Երուանդ Քոչար սկիզբ դրած է տարածական նկարչութեան: Այս գործին մասին շատեր արդէն տուեր են իրենց վկայութիւնները, ստորագրեր են: Փիքասոն անձամբ հիացած է նման գործով: Այն ժամանակ այս գործը եղած է ժամանակի 3 տարածականը (3 տի.), որ ներկայ օրերուն սովորական կը թուի, բայց 1927-ին լրիւ նոր ուղղութիւն էր: Գիտենք նաեւ, որ

Քոչարի կեանքը բաւական ծանր եղած է: Ան ծնած է Թիֆլիս: Երկար ժամանակ ապրած է Ֆրանսա: Իր գործերը կրնանք տեսնել յայտնի թանգարաններուն մէջ, որոնք կախուած են Միրոյի եւ Փիքասոյի կողքին:

2012 թուականին Երուանդ Քոչարի տարածական արուեստը ներկայացուած է «Արթ Մոնաքօ»-ի ցուցահանդէսին եւ շահած է արուեստի լաւագոյն գործ մրցանակը:

2014 թուականին «Բարձր արուեստ» կեդրոնը ստացած է նաեւ լաւագոյն  պատկերասրահի մրցանակը: Լիբանանէն ետք Կոմիտասի նորաբաց թանգարանին մէջ ցուցադրութիւն մը պիտի ունենանք, այնուհետեւ ցուցադրութեան հրաւէր ունինք մայիսին Մարսէյի մէջ, իսկ սեպտեմբերին` Վիեննա:

Ահա այսպէս, հերթական անգամ Եւրոպայի մէջ յայտնի պիտի դառնան ոչ միայն 19-րդ դարու մեր հայ նկարիչները, այլեւ` ժամանակակիցները: Ինչպէս որ մեր այս անգամուան ցուցահանդէսին  ներկայացուած էին ժամանակակից նկարիչներէն Տիգրան Ասատրեանը, Նազիկ Ասլանեանը, Աւօ Այվազեանը, Ներսէս Մելիքեանը, Մեկալը, Արա Հայթայեանը: Լիբանանի այս ցուցահանդէսին 40-էն աւելի նկարիչներ ներկայացուած էին 19-րդ դարէն մինչեւ 21-րդ դար: Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան նաեւ 3 քանդակ` Արա Ալեքեանէն: Ան մեր նորօրեայ քանդակագործներէն է, որ մետաղով կ’աշխատի, գործերէն են` «Ձին» «Ուխտը», իսկ «Փարաճանով»-ի իր քանդակը արդէն բոլորին ծանօթ է: Ան կարծես Փարաճանովի ամբողջ կեանքը ներկայացուցած է այդ քանդակին մէջ:

«Ա.».-Նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` կ՛ուզէինք գիտնալ, թէ կեդրոնը ինչպէ՛ս անդրադարձած է Եղեռնի թեմային:

Ն.Ա.- Լիբանանի մէջ կայացած մեր ցուցահանդէսը կապուած է Հայկազեան համալսարանի հիմնադութեան 60-ամեակին: Սակայն մեր ցուցահանդէսները կ՛ընդգրկեն նաեւ գործեր, որոնք անմիջական կապ ունին Հայոց ցեղասպանութեան հետ: Յառաջիկային Երեւանի Կոմտասի անուան  թանգարանին մէջ կայանալիք ցուցահանդէսը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Այս նոյն ցուցահանդէսը պիտի կազմակերպուի նաեւ Մարսէյի մէջ, եւ պիտի նուիրուի 100-ամեակին:

«Ա.».- Ի՞նչ ապագայ կը խոստանայ հայ արուեստը ներկայացնել համաշխարհային հանրութեան:

Ն.Ա.- Ցուցահանդէսը լաւագոյն միջոցն է, որ այլ երկիրներ ճանչնան մեր այն նկարիչները, որոնք բաւական յաջող են եւ իրենց գործերով չեն զիջիր հանրայայտ նկարիչներու եւ արուեստագէտներու:  Կը կարծեմ, որ մեծ է մեր առաքելութիւնը: Մեծ նուաճում է մեզի համար, երբ մեր ազգը, մեր արուեստը կը ներկայացնենք արտաքին աշխարհին եւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծենք մեր մշակոյթին հանդէպ:

Շատ անգամ հանդիպած եմ օտարներու, որոնք չէին գիտեր, թէ ո՛ւր կը գտնուի Հայաստանը:

Իսկ երբ «Բարձր արուեստ» կեդրոնը կը մասնակցի համաշխարհային ցուցահանդէսներու, աշխարհի ամէն կողմէն կու գան, կը տեսնեն, կը ծանօթանան եւ կը հպարտանան: Մեզի համար մեծ նուաճում է, երբ «Արթ Մոնաքօ»-ի ցուցահանդէսին «Բարձր Արուեստ»-ը լաւագոյն պատկերասրահը շահած է եւ կեդոնին միջոցով մեր հայ նկարիչներն ու արուեստագէտները արժանացած են նման գնահատականի:

«Ա.».- Տարբեր երկիներու մէջ կատարուած ցուցահանդէսները ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կ’ենթադրեն:

Ն.Ա.- Դժուարութիւններ միշտ ալ կան: Մեր պարագային ֆիզիքականէն աւելի` հոգեկան է դժուարութիւնը: Բոլորս հոգեպէս միշտ կ’անհանգստանաք, որ փոխադրութիւններու ընթացքին գործերը չվնասուին, չփճանան եւ ապահով հասնին տեղ:

«Ա.».-Ի՞նչ էին ձեր տպաւորութիւնները Լիբանանի մասին:

Ն.Ա.-Իրականութեան մէջ առաջին անգամն է, որ Լիբանան կ՛այցելեմ: Ինծի համար պատիւ էր հիւրընկալուիլ Հայկազեան համալսարանին մէջ: Գիտենք, որ Հայկազեան համալսարանը Հայաստանէն դուրս հայկական միակ համալսարանն է: Հպարտ եմ նաեւ, որ այնտեղ կ’ուսանին ոչ միայն հայ ուսանողներ, այլ նաեւ` օտարներ, ինչ որ կը խօսի բարձր համբաւի մասին: Իրօք ուրախ ենք, որ այս ցուցադրութիւնը իրականացուցինք:

Լիբանանը իւրայատուկ երկիր է` իր ժողովուրդով, նիստ ու կացով, իր բնութեամբ:

Այցելեցինք նաեւ Այնճար, որով տպաւորուած եմ: Շատ հետաքրքական  միջավայր է եւ ունի իւրայատուկ ժողովուրդ: Ուրախ ենք, որ բաւական մարդիկ եկան ու դիտեցին ցուցահանդէսը: Շատեր յայտնեցին, որ այս որակի ցուցահանդէս չէ եղած Լիբանանի մէջ:

Ուրախ ենք նաեւ, որ այստեղ շատ նկարիչներ ծանօթացան մեր հայ դասականներուն, որոնց գործերուն մասին տեղեկացան, որովհետեւ կան շատ նկարիչներ, որոնք յայտնի են Փարիզի եւ Ֆրանսայի մէջ աւելի շատ, քան մեր քով: Հետեւաբար բախտաւորութիւնը ունեցանք մէկ այլ համայնքի ցոյց տալ եւ ներկայացնել մեր նկարիչները թէ՛ երիտասարդ ժամանակակից եւ թէ՛ դասական. ինծի կը  թուի, թէ բաւական մեծ ձեռքբերում մը արձանագրեցինք:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայկազեան համալսարանին եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, որուն աջակութեամբ կարելի եղաւ իրականացնել այս ցուցահանդէսը: Շնորհակալութի՛ւն նաեւ «Ազդակ»-ին հարցազրոյցին համար:

 

 

Նախորդը

«Ականատեսը». Հայ Երիտասարդներին Ապրելու Ու Զօրանալու Մաղթանքով` 105-Ամեայ Արաքսի Ենգոյեան

Յաջորդը

Անմոռուկ Ծաղիկի Կրծքանշաններէն Ստանալու Համար

RelatedPosts

Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Հայերի Միջեւ Լեզուական Խորթութիւնը, Պառակտումն Ու Երկփեղկումը Պէտք Է Վերանան
Հարցազրոյց

Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Հայերի Միջեւ Լեզուական Խորթութիւնը, Պառակտումն Ու Երկփեղկումը Պէտք Է Վերանան

Մարտ 17, 2023
«Երաժշտութիւնը Բուժիչ Է Ու Մխիթարող, Եւ Եթէ Աւելի Մեծ Ներկայութիւն Ունենար Աշխարհի Վրայ, Չարութիւնները Նուազ Կ՛ըլլային Հոս» Հարցազրոյց Սէրուժ Գրաճեանի Հետ
Հարցազրոյց

«Երաժշտութիւնը Բուժիչ Է Ու Մխիթարող, Եւ Եթէ Աւելի Մեծ Ներկայութիւն Ունենար Աշխարհի Վրայ, Չարութիւնները Նուազ Կ՛ըլլային Հոս» Հարցազրոյց Սէրուժ Գրաճեանի Հետ

Մարտ 15, 2023
«Ազատութեան Շրջափակում Արցախը Չի Զգացել Եւ Չի Զգում»
Հարցազրոյց

«Ազատութեան Շրջափակում Արցախը Չի Զգացել Եւ Չի Զգում»

Մարտ 7, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In