Պոլիս գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրութիւնն ու Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամը տեղափոխուած են նոր շէնք, եւ այժմ կը քննուի նախկին շէնքին ճակատագիրը:
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը այս մասին հարց տուած է. «Հայերու եւ թուրքերու համատեղ ապրելու ապացոյցը, կազմակերպուած յանցաւոր խումբի մը զոհ տուած այդ վայրը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Ամէն տարի յունուար 19-ին (Հրանդ Տինքի սպանութեան օրը) արդարութեան պահանջով հարիւրաւորներու հաւաքատեղի այդ շէնքը այժմ ամբողջութեամբ դատա՞րկ է»:
Կը պարզուի, թէ անիկա դատարկ պիտի չմնայ եւ պիտի վերածուի թանգարանի: «Հրանդ Տինքի բոլոր իրերով այդ սենեակին ձեռք չեն տուած, ո՛չ ալ պիտի տան: Աշխարհի տարբեր կողմերէ Թուրքիա եկած մարդոց այցելութեան համար վայր դարձած է անիկա: Մարդիկ տեսնել կ՛ուզեն: Ասկէ ետք անիկա թանգարան պիտի դառնայ: Հիմնադրամի ու թերթի նախկին տարածքը Հայոց ցեղասպանութեան, Հրանդ Տինքի, Թուրքիոյ հայերու եւ բոլոր փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ փաստերու «Խիղճի թանգարան» պիտի ըլլայ», գրած է թերթը: