Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Շաբաթ Նեւատայի Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ Նեւատայի նահանգապետ Պրայըն Սանտովալ հռչակագիր ստորագրած է, որուն համաձայն, ապրիլի 19-26-ը Նեւատայի մէջ յայտարարուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի շաբաթ: Նման հռչակագիրով հանդէս եկած է նաեւ Նեւատայի փոխնահանգապետ, նահանգային ծերակոյտի նախագահ Մարք Հեչիսըն: Երկու հռչակագիրներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին կոչ կ՛ըլլայ ճանչնալու հայ ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւնները եւ Թուրքիոյ ստիպել` ճանչնալ պատմական փաստերը: «Հայերու...


















