Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Կը հետեւիմ գրուած եւ հրապարակուող եւ քաղաքական խօսքին: Կարեւոր է, որ այսօր, վաղը, մօտ կամ հեռու ապագային, բառերը եւ խօսքերը տարբեր կամ հակասական մեկնաբանութիւններու դուռ չբանան: Մենք եւ ուրիշներ նոյն բառին նոյն իմաստը պէտք է որ տանք, նոյնը հասկնանք:
Ըսինք` 100-ամեակ: Զայն որպէս պիտակ կը փակցնենք ամէն բանի վրայ, տարիներու ընթացքին եղածին, խաղերուն եւ զուարճութիւններուն. շրջպտոյտ, մարզախաղ, ցոյց, ճաշկերոյթ, հոգեհանգիստ, գիտաժողով, պար, երգ, յուշագրութիւն, ցուցահանդէս, պատկերներ` Արարատի եւ եկեղեցիներու: Ինչ որ կ’ընէինք անցնող տարիներուն, արտակարգ եւ տեսակարար տարբերութիւն չունին մեր այսօր ըրածէն, քիչ մը աւելի քիչ մը պակաս կրկնութիւն են, ինչո՞ւ «100-ամեակ»-ի պիտակ փակցնել անոնց վրայ:
Յանձնախումբերը պէտք էր որ սահմանափակէին 100-ամեակ մակնիշի գործածութիւնը` չնսեմացնելու համար անոր հզօր պատգամը: Բառերու գործածութեան պարագային ժլատ պէտք էր ըլլայինք: Կ’ուզեմ խօսիլ յատուկ պարագաներու մասին. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒՄ եւ շարունակուող ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ` ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏՈՎ:
Շրջապտոյտներ կը կազմակերպեն դէպի Արեւմտահայաստան եւ Կիլիկիա: Կը լսենք եւ կը կարդանք, ծանուցումներու մէջ եւ նոյնիսկ յարգարժան դասախօսներու ելոյթներուն եւ տողերուն մէջ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ տարազը: Ի՞նչ հասկնալ, երբ կ’ըսուի ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ: Historic Armenia After 100 Years… Ամերիկայի մէջ տեղի ունենալիք դասախօսութեան մը յայտարարութեան խորագիրը: Arménie historique… Ինչպէ՞ս բնութագրել Հայաստանի այն հատուածը, որ հայկական պետութեան ընդունուած սահմաններէն դուրս կը գտնուի:
Հատուածին, անջատուածին նկատմամբ ի՞նչ է մեր վերաբերումը: Ան Հայաստա՞ն է, թէ՞ պարզապէս յիշատակի երկիր: Հայաստանի պետութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ցանկին վրայ կը գտնուի՞ այդ հատուածը, ինչ որ պիտի ենթադրէ ազգային-քաղաքական կեցուածք: Եթէ ճապկումներով այդ հատուածէն հրաժարած ենք, զայն կրնանք կոչել Արեւելեան Անատոլիա, Պատմական Հայաստան, որոնք կը կնքեն կորուստը կամ հրաժարումը:
Այսօրուան Իրաքը կը գտնուի Պատմական Ասորեստանի տարածքին վրայ, ոչ ոք Իրաքը այդպէս կը կոչէ: Մեր վերաբերումը այս յարաբերութեա՞մբ է, երբ կ’ըսենք Պատմական Հայաստան: Բանաձեւումներու մէջ ինչո՞ւ չբաւարարուիլ Արեւմտահայաստանով, նոյնիսկ եթէ այդ մշուշոտ պատկեր է: Եթէ հայրենահանման պատճառով հայրենազրկուած ժողովուրդի իրաւունքի խնդիր ունինք, քաղաքական եզրը պէտք է ըլլայ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆը, ո՛չ Պատմական Հայաստան, ո՛չ Historic Armenia, ո՛չ Arménie historique: Այդպէս ըսել` կը նշանակէ ընդունիլ, ինչ որ կը պահանջուի, մեր հայրենիքի կորուստը արձանագրել պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ, քաղաքականութեան առանցք չդարձնել, այլ սոսկ ուսումնասիրութեան նիւթ, ինչպէս որ են եգիպտական կամ սեպագիր արձանագրութիւնները:
Քաղաքական միտքի այս կործանումը կը ժառանգուի խորհրդային օրերէն, երբ կ’ըսուէր, որ Մոսկուան հողային պահանջ չունի Թուրքիայէն, երբ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը կը յայտարարէր, որ պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել, նաեւ սփիւռքներու ճապկումներէն, երբ Ցեղասպանութեան ճանաչումը վերածուեցաւ դրօշակի եւ նպատակի` մոռնալով ողբերգութիւնը, որ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՄԱՆ ծնունդ սփիւռքն է:
Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւն, ճանաչում, գիտաժողով, չեն ըսեր, որ Ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար, իրենց արժէքներու տախտակին վրայ չկայ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ` հայրենահանուածները դարձնելով ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀԱՅԵՐ, ինքնութեան ազդակներու կորուստով:
Փոխանակ հաշուապահութիւնը ընելու գիտցուած-փաստուած ոճիրին, հարկ է խօսիլ ընթացքի մէջ եղող եւ իր անունը չըսող ոճիրին, որ ժողովուրդի անմիջական ներկային կ’առնչուի, որ բանգիտութեան ցուցադրութեան հանդէս չէ:
Այնքա՜ն սովորական դարձած է նահանջը, որ հաւաքներու ընթացքին, նոյնիսկ գիտաժողովներու, չի խօսուիր ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ մասին, որ փաստաթուղթերու մէջ չի գտնուիր: Մեռածներու թիւին մասին կը գրեն եւ կը խօսին: Կը խօսուի՞ ամէն օր այլասերման պատճառով կորսուողներու մասին, որոնց համար գտնուած է դիպուկ տարազ մը ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀԱՅԵՐ, որմէ գոհ ենք մենք, եւ գոհ է մեր շրջապատը, այսինքն ոչ ոք կ’անհանգստանայ:
Հրեաներու ցեղասպանութիւնը ճանչցան եւ դատապարտեցին, հատուցում ըրին եւ կ’ընեն, գործածուած եզրերը միջազգայնացուեցան: Հետեւեցանք եւ կը հետեւինք նոյն ուղիին` խորհելով, որ այդ ճանաչման եւ հատուցման նախընթացը կրնար նաեւ մեզի ծառայել, որ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՉԱՐԻՔԻ ՊԱՏՃԱՌԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՆԱՀԱՏՄԱՆ ՍԽԱԼ էր:
Հրէական ցեղասպանութեան պարագային կային տնտեսական եւ ցեղապաշտական դրդապատճառներ, հրեաները հողային պահանջ չունէին:
Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը իրենց հողին վրայ ենթակայ էին ճնշումներու, բայց կը պահէին մշակութային եւ կրօնական ինքնութիւն: Երբ ինքնավարութիւն պահանջեցին, որ կը նշանակէր իրենց հայրենիքին ազատագրումը, ենթարկուեցան ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման:
Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդման ընթացքին չենք խօսիր այս մասին` զայն մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի մը միգամածային սահմանին մէջ պահելով, այդպէս կը վարուին նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը: Գիտաժողովի մը նիւթերու ցանկը կարդացի. չկային հայրենահանումը, շարունակուող ցեղասպանութիւնը, հայոց բռնագրաւուած հայրենիքը, հայրենահանուածներու ինքնութեան աստիճանական փճացումը:
Ըսենք մենք մեզի, նախ մենք մեզի, թէ ի՛նչ կ’ակնկալենք Ցեղասպանութեան ճանաչումէն: Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը Ֆրանսայի կողմէ Ցեղասպանութեան անհասցէ ճանաչման: Եթէ Ամերիկան յայտարարէ, որ ճիշդ է, հայերը ենթարկուած են ցեղասպանութեան, բացի բարոյական յաղթանակէ, ի՞նչ պիտի շահի հայ ազգը:
Կը հոլովենք ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ բառը: Իր ընդհանրութեան մէջ իսկ ԱՆՈՐՈՇ: Եթէ միջազգային համայնքը հրաշքով հարց տայ, թէ ի՞նչ կը պահանջուի, ունի՞նք յստակ բանաձեւում համայն հայ ազգի անունով: Եթէ ճանաչումը չընդգրկէ հայրենահանման ոճիրը, կը մնայ բարոյական մխիթարութիւնը` կրկնելով աւանդական «բարոյապէս յաղթեցինք»-ը, որ այնքան ճառեր զարդարած է: Ինչ որ պէտք է հետապնդել որպէս անժամանցելի, իրաւունքի վերականգնում է, անհատական իրաւունքներէ վեր, անորոշ հատուցումէ տարբեր:
Ցեղասպանութեան ճանաչումը առանց հայոց բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրութեան` մխիթարական պարգեւ է: Այս հիմնական խնդիրը չարծարծող որոշումներ, գիտաժողովներ, այրած սրտի բալասան են, եթէ քիչ մըն ալ անփափկանկատ ըլլանք կ’ըսենք` ցուցամոլիկութիւն եւ շատախօսութիւն, մանր քաղքենիական ինքնասիրութեան բաւարարութիւն, որ ցարդ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑը սառուցեալ բեւեռներէն ասդին չէ բերած:
Ներազգային ճակատի վրայ, Ցեղասպանութեան ճանաչման մե՛նք հարց ունինք, մենք մեզի հետ: Թուրքիան անհատուցելի ոճիր գործեց հայ միտքին դէմ, զոր ո՛չ ինք եւ ո՛չ ալ միջազգային համայնքը կրնան հատուցել: Մեր մտաւորական ուժի ջլատումն էր, մեր մշակոյթը ոչնչացնելու միտող հարուած, մեր ստեղծագործական աւիշի չորացում, մեր լեզուին կորստեան սպառնալիք, եւ հայրենահանուածներու ինքնութեան քանդում: Այս ճանաչումը եւ վերականգնումը մենք պիտի իրականացնենք, եւ չենք յաջողիր, կը բաւարարուինք մասնակիով եւ կարկտաններով: Ինչպէ՞ս տեւել: Առանց լեզուի եւ մշակոյթի` շարունակութիւն պիտի չըլլանք, ժամանակ մըն ալ պիտի տեւենք` որպէս ծագումով հայերու համայնքներ:
Լեզուի եւ մշակոյթի վերականգնումը հայրենահանուածներու տոկալու եւ տեւելու կարելիութեան համար ընդհանրական բնոյթ ունի՞ այսօր:
Եթէ ըմբռնենք Ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանման ոճիրը, օրակարգ կը դարձնենք հայրենադարձութիւնը, հայրենիքին տիրութիւն ընելով, վերականգնելով հայրենահանուածներու ամէն օր աղճատուող ինքնութիւնը: Այս հարցերն ալ ամպագորգոռ գիտաժողով մը չե՞ն արժեր:
Նախաձեռնութիւն, որ չըլլայ լուսանկարի եւ video-ի, show-ի երջանկութիւն:
Առանց այդ տիրութեան, կը զբաղինք Տեառնընդառաջի խարոյկով, որուն բոցերուն վրայէն ցատկել հերոսութիւն չէ:
25 մարտ 2015, Նուազի-լը-Կրան