Երեսուն տարիներ առաջ Պէյրութի մէջ հայանուն դաւադիրներու ձեռամբ առեւանգուած, ապա խոշտանգուած ու սպաննուած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, «Ազդակ-Շաբաթօրեակ Դրօշակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի վաստակը գնահատելու, անոր յիշատակը յարգելու համար կիրակի, 29 մարտի երեկոյեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին հարիւրաւոր հայորդիներ:
Հայորդիները դիմաւորուեցան Ռուբէն եւ Գրիգոր Յարութիւնեաններու տուտուկի նուագով: Առանձնաբար յուզիչ էր Սարգիս Զէյթլեանի կնոջ` Սոնայի, որդւոյն` Հրազդանի, դուստրերուն` Սալբիի ու Կարինի ներկայութիւնը ձեռնարկին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ կազմակերպուած յիշատակի երեկոյի բացումը կատարեց Կեդրոնական կոմիտէի հանրային յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Սարօ Նազարեան:
Յայտագիրի առաջին բաժինով ներկայացուեցան երկու տեսերիզներ, առաջինը` Սարգիս Զէյթլեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին, իսկ երկրորդը` իր կողմէ արտասանուած ճառի մը ընկերակցութեամբ դարձեալ Զէյթլեանի կեանքի զանազան դրուագներ պատկերող նկարներու շարք մըն էր:
Ապա Նայիրի Փանոսեան Յակոբ Յակոբեանի բանաստեղծութիւններէն մէկը արտասանեց:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց մարմինին անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, որ Սարգիս Զէյթլեանը նկատեց հայ անձ մը, դաշնակցակա՛ն առաջնորդ մը, որ իր ազդու եւ լայնածաւալ դրոշմը ունեցաւ Հայ դատի հետապնդման, հայ ազատագրական պայքարի քաղաքական, քարոզչական եւ ցուցական շերտերու ռազմավարութեան եւ գործնականացման աշխատանքներուն վրայ, որոնք ողջ քսանամեակ մը` 1970-1990 տարիներուն, ազգային մեր դատին տուին նոր հորիզոններ նուաճելու կարողութիւններ: Անոր համաձայն, Ս. Զէյթլեան իր ճառագայթով լուսաւորեց ամբողջ շրջապատ մը, քաղաքական եւ յեղափոխական հասունութեամբ օժտեց զայն, եւ կերտուեցաւ սերունդ մը, որ գիտցաւ ծառանալ իր ազգային դատը ուժականօրէն պաշտպանելու` ի հեճուկս սփիւռքի մէջ պարտադրուած անբարենպաստ պայմաններուն եւ շղթայուած Խորհրդային Հայաստանին, որուն ձայնը լաւագոյն պարագային դժուարութեամբ լսելի կը դառնար:
«Մարդիկ եւ ղեկավարներ կու գան, բայց չե՛ն մեկնիր, կը մահանան, բայց չեն մեռնիր: Եւ ա՛յս` որովհետեւ իրենց ստեղծած կամ ջատագոված պայքարը կը հմայէ զանգուածներ, յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէ փայլուն ապագային հանդէպ` խթանիչ մթնոլորտ մը զարգացնելով: Ահա այդ մահացած, բայց չմեռնողներու շարքին է այսօր ընկեր Զէյթլեանը, եւ ահա այդ պատճառով է, որ Կեդրոնական կոմիտէն կազմակերպեց այս յուշ-երեկոն` անգամ մը եւս գօտեպնդուելու ընկեր Սարգիսի եւ գործով առաջնորդող այդ սերունդի գծած ճամբու տեսլականով: Այլապէս եւ անկախ ընկեր Զէյթլեանի հակադաշնակցական մութ ուժերու ձեռքով առեւանգման եւ տմարդի կերպով ահաբեկման երեւոյթէն, այսօր ո՛չ սգահանդէս է, ո՛չ ալ տարելիցի յիշատակման առիթ է, այլ առիթ մը` վերանորոգուելու եւ վերաթարմանալու դաշնակցական գաղափարական մարտունակութեամբ, որուն եզակի եւ լիիրաւ թարգմանը եղաւ ի՛նք` ընկեր Սարգիսը», հաստատեց Տ. Տէր Խաչատուրեան:
Ան դիտել տուաւ, որ Զէյթլեանի թեզերն ու գաղափարները, անոր բազմաթիւ միտքերն ու կեցուածքները նիւթ, աւիշ եւ լիցքաւորում տուին 1960-ական, 1970-ական եւ 1980-ական թուականներու սփիւռքահայ երիտասարդութեան կազմաւորման, նաեւ օգտակար եղան Հայաստանի մէջ իր դողդոջ մանկութիւնը ապրող եւ խորհրդային ճնշումներուն ենթակայ հայրենի խիզախ երիտասարդութեան եւ ազգայնական շարժումին հետ կամրջումին, յատկանշականօրէն արցախեան մարտի նախօրեակին:
«Սարգիս Զէյթլեան եղաւ ՀՅԴ գաղափարախօս, դաշնակցական միտքի եւ գործի քաղաքական, քարոզչական եւ ցուցական պայքարի մշակ, երիտասարդութեան քաղաքականացման, կազմակերպուածութեան եւ յեղափոխականացման կերտիչ ու ճարտարագէտ, եղաւ Հայկական Արեւելումի դպրոցի դարբին, եղաւ ազգային գաղափարաբանութեան հաւատաւոր եւ անձնուրաց մարտիկ», եզրափակեց Տարօն Տէր Խաչատուրեան:
Երաժշտական ընդմիջումէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ «Դրօշակ»-ի նախկին խմբագիր, հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան, որ յատկապէս այս առթիւ հրաւիրուած էր Աթէնքէն:
Պէրպէրեան իբրեւ «Ազդակ-Շաբաթօրեակ Դրօշակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ Սարգիս Զէյթլեանի օգնական` մօտէն ճանչնալու առիթ ունեցած էր դաշնակցական ղեկավար գործիչը:
Ան յայտնեց, որ 1976-ին, երբ Լիբանանը զգետնած քաղաքացիական երկարամեայ պատերազմի առաջին հանգրուանի ամէնէն թէժ պահուն սփիւռքի ամէնէն կենսունակ օճախին ու արիւնատար երակին կը սպառնար կազմալուծման վտանգը, յատկապէս արտագաղթի տարտղնող ալիքը դիմագրաւելու համար` «Վահանով կա՛մ վահանի վրայ» նշանաբանով պայքարի դաշտ նետուելու կոչ ուղղած գաղափարի մարտիկը` Սարգիս Զէյթլեան նաեւ իր սեփական օրինակով շնչաւորեց այս սկզբունքը: Ն. Պէրպէրեան Զէյթլեանը նկատեց մտաւորական մարդու, քաղաքական հայու եւ մարտունակ դաշնակցականի ինքնուրոյն համադրումը մարմնաւորողը, որ նոյնինքն կեանքը ընկալեց եւ իմաստաւորեց իբրեւ անդուլ պայքար մը` «Վահանով կամ վահանի վրայ» նշանաբանով:
Ապա բանախօսը անդրադարձաւ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգումին, զայն գտնելու միտումով եղած հետապնդումներուն` հաստատելով, որ` «օրին պատասխանատուութեան վրայ գտնուող կամ անպաշտօն ընկերներ, տիկին Սոնա Զէյթլեանի կողքին եւ անոր ամէնօրեայ դիմումներուն ու անխոնջ հետապնդումներուն մղումով, ամէն ճիգ թափեցին, նաեւ քաղաքական եւ պետական ամէն կապ ու ծանօթութիւն ի գործ դրին` առեւանգեալ մեր ընկերոջ եւ անոր ընկերակիցին ճակատագրին վերաբերեալ ստոյգ տուեալներ ձեռք ձգելու եւ ազատ արձակումը ապահովելու համար: Բայց այդ բոլորը ապարդիւն անցան»: Բանախօսը հաստատեց. «Հարկ է ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի ողբերգական վախճանը ընկալել Դաշնակցութեան դէմ Ասալայի կողմէ բացուած հիւանդագին պայքարի ծիրին մէջ: Հիւանդագին է այդ պայքարը, որովհետեւ Ասալան ոչ միայն թափանցման պարարտ հող դարձաւ այսպէս կոչուած հայկական ահաբեկչութեան ընդյատակեայ կազմակերպութիւնները հակակշռելու նպատակ ունեցող թրքական թէ մեծապետական ուժերուն համար, այլեւ իբրեւ միջոց գործածուեցաւ սփիւռքահայ քաղաքական ամէնէն կազմակերպ ուժը ահաբեկչական խմբակներու ներքին հաշուեյարդարին մէջ ներքաշելու, եղբայրասպան կռիւի մէջ մխրճելու եւ ընդհանրապէս Հայ դատի ուժական պայքարը վարկաբեկելու համար»: Ս. Զէյթլեանի վախճանին անդրադառնալով` Նազարէթ Պէրպէրեան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը անոր սպանութեան պայմաններուն եւ թաղման հաւանական գերեզմանին մօտաւոր տեղին շուրջ ուղղակի յանցագործներէ խոստովանութիւններ ունենալով հանդերձ, տակաւին ի վիճակի չէ ստուգապէս գտնելու նահատակ մեծ ընկերոջ աճիւնը եւ վերջնական անդորրին արժանացնելու զինք:
«Այդ պատճառով ալ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգումը, սպանութիւնը եւ անհետացումը, ահա երեսուն տարիէ ի վեր, կը շարունակեն խոցել սիրտն ու միտքը բոլորիս, առաջին հերթին` իր ընտանեկան հարազատներուն, ապա` գաղափարական իր ընտանիքի անդամներուն, հուսկ եւ իր շունչին տակ կազմաւորուած կամ իր գաղափարներով ու պատգամներով առաջնորդուող բազմութիւններուն», նշեց ան:
Իր խօսքի երկրորդ բաժինով բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարի մարտիկ ըլլալու հանգամանքը: «Գաղափարին եւ խօսքին պաշտամունքը ունէր, բայց գործով խօսքը պայմանաւորելու եւ յանձնառութեամբ գաղափարը արժեւորելու դաշնակցական գիծ ունէր: Հրապարակագիր չեղաւ բառին սոսկ մամլոյ ուխտաւոր մը ըլլալու իմաստով: Հրապարակագիր եղաւ` սեփական մտածողութիւնը իր կուսակիցներուն ընդհանուր մօտեցումը դարձնելու եւ, այդ ճամբով, մեր ժողովուրդին մտածողութիւնը մշակելու առաջադրութեամբ»: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Զէյթլեան գաղափարի մարտիկ էր` ընկերական մեր կազմերուն եւ ընդհանրապէս մեր երիտասարդութեան կարգախօս տալու, քաղաքական եւ գաղափարական գործի ուղղութիւն հունաւորելու իմաստով:
Երրորդ բաժինով Նազարէթ Պէրպէրեան խօսեցաւ Զէյթլեանի հայկական արեւելումի դրօշակիրը ըլլալուն մասին` դիտել տալով, որ Երրորդ Աշխարհի շղթայազերծման մթնոլորտին մէջ Սարգիս Զէյթլեան առաջնահերթ մարտահրաւէր նկատեց հայկական արեւելումի` օրիանթացիայի մշակումը, որպէսզի Հայ դատի ռազմավարութիւնը խարսխուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ հաւասարակշռութեան հիմքին վրայ:
Հայկական արեւելումին համար էական պայմանը հայ հասարակական եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն քաղաքական ինքնահաստատումն է:
Չորրորդ բաժինով Պէրպէրեան ներկայացուց Հայկական հարցի քաղաքական լուծման եւ հայեւթուրք յարաբերութեանց քաղաքական կարգաւորման ռազմավարութեան զէյթլեանական պատկերացումը:
Հինգերորդ բաժինը յատկացուած էր այն իրողութեան, որ Զէյթլեան Հայաստանի ամէնօրեայ կեանքը դարձուց կիզակէտը սփիւռքահայ մամուլի առօրեայ հետաքրքրութեան:
Իրեն համար կենսական նշանակութիւնը ունէր հայերէնի պետական գործունէութիւնը եւ անաղարտ պահպանումը` իբրեւ պայքարի միջոց ռուսականացման վտանգին դէմ:
Իր խօսքի վերջին բաժինով բանախօսը հաստատեց, որ Դաշնակցութեան նորացման եւ երիտասարդացման, այլեւ ՀՅԴ աւանդներու նորովի պահպանման ու զարգացման յառաջապահը եղաւ Ս. Զէյթլեան: «ՀՅԴ ծրագրի վերամշակման մէջ մեծ է իր ներդրումը: ՀՅԴ ապակեդրոնացումը նաեւ հորիզոնական ընկալումով ամրապնդելու հրամայականը ինքն է որ ջատագոված է: Ինք ընկերվարութեան գրաւականը ազատութեան մէջ կը տեսնէր»:
Ոգեկոչական այս հանդիսութիւնը փակուեցաւ առաջնորդ սրբազան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի խօսքով եւ աղօթքով: