Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ապու Տապի
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար
Հրանուշ Յակոբեանի Հանդիպումները
Անցնող շաբաթավերջին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպում ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեանի հետ:
Սփիւռքի նախարարը Ապու Տապիի նորակառոյց Սուրբ Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ Ծաղկազարդի արարողութեան եւ պատարագին: Պատարագը մատուցեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան: Արարողութեան հանդիսապետեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի մէջ կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` եկեղեցւոյ տարածքին մէջ գտնուող նահատակներու յիշատակին նուիրուած խաչքարի մօտ, որմէ ետք Ապու Տապիի առաջնորդարանին մէջ սփիւռքի նախարարը հանդիպում ունեցաւ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Նոր Ջուղա
Երաժիշտ Համիկ Ալեքսանդրեանի
«Թիթեռնիկներու Պարը»
Դաշնամուրային Ստեղծագործութիւններու
Ձայնասկաւառակի Համերգ-Շնորհահանդէս
Վերջերս Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ամենափրկչեան վանքի «Տաթեւ» երգչախումբի խմբավար, երաժիշտ Համիկ Ալեքսանդրեանի «Թիթեռնիկներու պարը» դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու ձայնասկաւառակին համերգ-շնորհահանդէսը:
Օրուան հանդիսավար Մանիա Ղուկասեան անդրադառնալով ձայնասկաւառակին մէջ տեղ գտած երաժշտութիւններուն` հաստատեց, թէ Ալեքսանդրեան իր ստեղծագործութիւններու առաջին ալպոմը նուիրած է իր ծնողներուն` որպէս որդիական երախտագիտութեան դրսեւորում: Ան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց երաժիշտին կենսագրական տուեալները: Այնուհետեւ Համիկ Ալեքսանդրեան մեկնաբանեց իր ստեղծագործութիւններէն փունջ մը:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Համիկ Ալեքսանդրեան, իսկ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան գնահատեց երաժիշտին ստեղծագործութիւնը եւ յորդորեց երիտասարդները նման ասպարէզներու մէջ մտնելով` աշխատելու եւ մասնագիտանալու:
Քանատա
«Կանխարգիլումէն Արդարութիւն»
Գիտաժողով
Մարտ 18-ին Մոնրէալի «Մք Կիլ» համալսարանի «Լիքաք» շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը «Կանխարգիլումէն արդարութիւն» թեմայով: Հիւրաբար ներկայ էր Քանատայի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի երիտասարդական կոմիտէի նախագահ Գէորգ Գազանճեան:
Իր խօսքին մէջ Գազանճեան նշեց, որ հետագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար անհրաժեշտ է պատժել մեղաւորները եւ վերականգնել արդարութիւնը:
Ելոյթ ունեցան Ողջակիզումէն վերապրածներէն Թետ Պոլկար, Ռուանտայի ցեղասպանութենէն վերապրած Լէոնտինէ Ումուպիէ, որ պատմեց իր կեանքի պատմութիւնը, նաեւ` դոկտոր Թերիաուլթն, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման գործօնին, նշելով, որ անիկա կրնայ ըլլալ թէ՛ ֆինանսական եւ թէ՛ տարածքային բնոյթի:
Օրուան բանախօսներն էին դոկտ. Պայամ Աքհաւան, որ ներկայացուց «Փերինչեքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործին մանրամասնութիւնները, դոկտ. Հենրի Տերիաուլթ եւ դոկտ. Ֆրենք Չալք շեշտը դրին ցեղասպանութեան կանխարգիլման վրայ:
Փարիզ
«Սահակ-Մեսրոպ» Երգչախումբին Համերգը`
Նուիրուած 1915-Ի Զոհերու Յիշատակին
Մարտ 20-ին Սեն Վիքթոր եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ Մարսէյի «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Խաչիկ Եըլմազեանի:
Երգահանդէսին յայտագիրը կազմուած էր հայրենի քաղաքներու մէջ եւ քաղաքներէն դուրս մորթուած, Տէր Զօրի անապատներու կիզիչ արեւին տակ իրենց վերջին շունչը փչած բազմահազար անմեղ հայորդիներու ձօնուած գործերէ եւ հայրենասիրական խմբերգներէ:
Փարիզի Միջազգային Գիտաժողովը
100 Տարուան Հետազօտութիւն
Մարտ 25-ին, Սորպոնի համալսարանի մեծ ամփիթատրոնին մէջ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան միջազգային գիտաժողովին բացումը, որ կը վայելէր Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին եւ Փարիզի շրջանային խորհուրդին կողմէ:
Միջազգային այս գիտաժողովը տեղի ունեցաւ չորս օրերու ընթացքին` մինչեւ 28 մարտ, զանազան վայրերու մէջ:
Առաջին նիստին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Վենսան Տիւքլերի կողմէ: Ապա խօսք առաւ հանրապետութեան գիտութեան եւ կրթութեան նախարար Նաժատ Վալօ-Պելքասեմ (կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահը): Ան յայտնեց, թէ նախարարութեան կողմէ յատուկ յանձնախումբ մը պիտի ստեղծուի աւելի մանրամասն ուսումնասիրելու համար Հայոց ցեղասպանութիւնը դպրոցներէն ներս ուսուցանելու համար: Նշեալ յանձնախումբը իր աշխատանքի աւարտին պէտք է պաշտօնապէս թղթածրար մը ներկայացնէ:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ EHESS-ի տնօրէն Փիեռ-Սիրիլ Օքէօր, որուն յաջորդեց փարիզեան շրջանի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Ժան-Փոլ Հիւշոյի ներկայացուցիչը:
Խօսք առին Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան միջազգային գիտական խորհուրդի նախագահ Իվ Թեռնոն, Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան միջազգային գիտական խորհուրդէն վեց անդամներ, որոնք ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը:
Մարտ 26-ին նիստերը տեղի ունեցան Շոայի` Փարիզի յուշահամալիրին մէջ: Գիտաժողովը կը բաղկանար չորս մասերէ: Առաջինը նուիրուած էր Ցեղասպանական գործընթացի հանգրուաններուն, երկրորդը` դահիճներուն, զոհերուն եւ փրկողներուն, երրորդը` վկաներուն, իսկ վերջինը` կայսրութեան միւս փոքրամասնութիւններուն:
Խաչիկ Մուրատեանի բանախօսութիւնը նուիրուած էր տարագրութեան ընթացքին դիմադրութիւն ցոյց տուած վերապրողներու վկայութիւններուն: Ան խօսեցաւ հայերու ներքին կազմակերպութեան մասին` վկայութիւն, վիճակագրական տեղեկութիւններ հաւաքելու, օգնութեան միջոցներ գտնելու:
Միացեալ Նահանգներ
«Մէկ Դար Տեւող Ցեղասպանութիւն. Պաքուի
Սեւ Յունուարը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Մարտի 24-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութիւնը Ուաշինկթընի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպեց «Մէկ դար տեւող ցեղասպանութիւն. Պաքուի սեւ յունուարը» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն:
Միացեալ Նահանգներու մէջ ԼՂՀ մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան իր բացման խօսքին մէջ ամփոփ կերպով ներկայացուց ժապաւէնին նպատակը, Պաքուի հայ համայնքի պատմութիւնը եւ ընդգծեց զոհերու յիշատակման կարեւորութիւնը:
Աւելի Քան 600 Աշակերտներ Մոնթեպելլոյի
Յուշարձանին Առջեւ Ոգեկոչեցին
Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը
Վերջերս Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքէն աւելի քան 600 աշակերտներ, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն` Մոնթեպելլոյի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց:
Սոյն նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Արի Կիրակոս Մինասեան, Մանուկեան-Տեմիրճեան, Մեսրոպեան, Հայ քոյրերու վարժարան, Մերտինեան եւ Ֆերահեան վարժարաններու աշակերտները:
Մասնակից վարժարաններուն անունով ելոյթ ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան: Խօսք առին նաեւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վիվըն Ռոմերօ, ինչպէս նաեւ` Մոնթեպելլօ քաղաքի վարիչ Ֆրանչեսքա Թաքըր-Շույլըր:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Իր ելոյթին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միացեալ մարմինի գործադիր վարիչ Գէորգ Ինճէեան յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր աշակերտ յուշարձան մըն է, որ պիտի շարունակէ հայ ժողովուրդին արդար հատուցում ապահովելու պայքարը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ իւրաքանչիւր վարժարան ծաղկեպսակ զետեղեց յուշարձանին առջեւ:
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած
Յուշակոթողի Բացում
Կազմակերպութեամբ Քոսթա Մեսայի Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, 8 մարտին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ տեղի ունեցաւ ձեռնարկներու շարք մը:
Առաւօտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան մատուցեց Ս. պատարագ եւ քարոզեց: Աւարտին, առաջնորդը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցիէն դուրս` դէպի Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթող, ուր կատարեց յուշակոթողի օրհնութեան եւ օծման արարողութիւն:
Յուշակոթողի քանդակագործն է Յարութ Ճուլահեան, իսկ գլխաւոր բարերարն է Կարպիս Արսլանեան:
Նոյն օրը «Օրենճ քոս» համայնքային քոլեճի «Ռապըրթ Մուր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համագաղութային ոգեկոչման յուշահանդէս մը: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Իրանահայ միութեան երգչախումբն ու նուագախումբը, «Փոքրիկներու երգչախումբ»-ը, «Հայկական ժողովրդային համոյթ»-ը եւ Սեպուհ Սիմոնեան:
Ներկայ հիւրերուն մաս կը կազմէին քոնկրեսական Տենա Ռորապախըր, Օրենճ գաւառի վերահսկիչ Միշել Սթիլ եւ նախկին վերահսկիչ Ճան Մուրլաք, նաեւ` Քոսթա Մեսայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սենտի Ճենիս:
Հանդիսավարն էր իրաւաբան Մարք Վ. Աստուրեան, որուն օժանդակեցին Պիանքա Աշիք եւ Վահան Մարտիրոսեան: Ելոյթ ունեցան Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Լեւոն Քէլէշեան, Պրէա քաղաքի քաղաքապետ Մարթի Սիմոնոֆ,
Արեւմտեան թեմի 100-ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան, Օրենճ գաւառի Եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Տ. Էլ. Պաքա, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Մեթիու Հարփըր, Օրենճ գաւառի Գերագոյն ատեանի դատաւոր Կասիա Աբգարեան, Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Կարօ Մատէնլեան:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի
Ատենապետ Նորա Յովսէփեան Կը Մեծարուի
Մարտ 9-ին Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աշաճեան «2015-ի Տարուան կինը» մրցանակով մեծարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանը` 25-ամեայ իր իրաւաբանական սպասարկութեանց համար:
Աշաճեան յայտնեց, թէ Նորա Յովսէփեան արտակարգ ղեկավար մըն է եւ նահանգի տարածքին հայութիւնը յուզող հարցերու ջատագով: Ան իր նուիրումով նպաստած է շատերուն եւ կը շարունակէ Ցեղասպանութեան արհաւիրքը մոռացութեան մատնելու դէմ պայքարը:
Յովսէփեան իր կեանքը նուիրած է հայութեան արդարութիւն ապահովելու գործին:
Յովսէփեան իր մեծարման առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխան Աշաճեանին, որ այս մեծարումով լուսարձակի տակ առաւ հայութիւնը յուզող հարցերն ու Ցեղասպանութեան զոհերը:
Մարտիկեանի, Սարոյեանի Եւ Շէքէրճեանի
Նուիրուած Յուշարձան
Պիտի Կառուցուի Ֆրեզնոյի Մէջ
Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն տեղահան եղած հայորդիներու եւ ՀՕՄ-ուհիներու խումբ մը վերջերս մասնակցեցաւ Ֆրեզնոյի «Արարատ» հայկական գերեզմանատան մէջ կայացած Ճորճ Մարտիկեանի եւ Սուրէն Սարոյեանի յիշատակի հոգեհանգստեան արարողութեանց` առաջնորդութեամբ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանի:
Ցուցադրուեցաւ Աստղիկ Տիլանեան-Սահակեանի պատրաստած` Գերմանիոյ «Ֆունքըրքաշեռն» ճամբարէն տեղահանուածներու լուսանկարները:
Այս առիթով տեղահանուածները դարձեալ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Հայ անտունիներու օժանդակութեան հայկական ազգային յանձնախումբին, անոր հիմնադիրներ` Մարտիկեանին, Սարոյեանին եւ զօր. Հայկ Շէքէրճեանին, ինչպէս նաեւ` ՀՕՄ-ին, որոնք բոլորը նպաստած էին 25 հազար տեղահանուածներուն մէկ մասը Միացեալ Նահանգներ փոխադրելու աշխատանքին:
Յայտնենք, որ որոշուած է Մարտիկեանի, Սարոյեանի եւ Շէքէրճեանի մատուցած ծառայութիւններուն յիշատակը անմահացնող յուշարձան մը կառուցել Ֆրեզնոյի «Արարատ» հայկական գերեզմանատան մէջ, նկատի ունենալով, որ Մարտիկեանն ու Սարոյեանը հոն թաղուած են:
Վրաստան
Հայոց Ցեղասպանութեան
Զոհերու Յիշատակի Ոգեկոչում
Մարտ 28-ին, Վրաստանի Աւետարանական-Մկրտական եկեղեցւոյ Խաղաղութեան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը ոգեկոչող ձեռնարկ:
Բակին մէջ ցուցադրուած էին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին կազմակերպած եւ Մեծ եղեռնի մասին պատմող լուսանկարներ:
Վրաստանի մէջ Աւետարանական-Մկրտական եկեղեցւոյ առաջնորդ Մալխազ արք. Սոնղուլաշվիլի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան եւ կոչ ուղղեց անոնց հոգիներուն համար աղօթելու:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Հայագէտ դոկտ. Տիանա Տէր Պաղտասարովա հանդէս եկաւ վրացերէն բանախօսութեամբ: Ան անդրադարձաւ 100-ամեակներ շարունակ Թուրքիոյ վարած հայաթափման քաղաքականութեան, որուն պատճառով զոհուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր:
Բանաստեղծուհի Մարինա Մոսեսովա-Կիրակոսեան կարդաց ապրիլի 24-ին նուիրած իր բանաստեղծութիւնը:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց աշխարհի տարածքին պետութիւններու օգնութիւնը հայութեան նկատմամբ եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց այն պետութիւններուն եւ ազգերուն, որոնք ընդունած են փրկուածները, որբանոցներու մէջ պահած ու մեծցուցած են հայ մանուկները, որոնց սերունդները այսօր կը շարունակեն դատապարտել Ցեղասպանութիւնը:
Աւարտին վիրահայոց թեմի եկեղեցական երգչախումբերը մեկնաբանեցին հայերէն եւ վրացերէն հոգեւոր երգերու փունջ մը: