Մոնրէալի մեթրոյի 20 կայարաններու մէջ մարտ 31-ին տեղադրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը յուշող որմազդներ: Նոյնպէս` մեթրոյի կայարաններու 200 հեռուստացոյցի պաստառներու վրայ կը սփռուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը: Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի միացեալ մարմինին: Այս ծրագիրին համար ձեր ներդրումն ու նիւթական աջակցութիւնը բերելու համար այցելեցէք www.fightgenocide.ca կայքէջը: