Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 8, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Այնթապի Օրեր» Մատենադարանին Մէջ

antab 0089Ապրիլ 1-ին` Այնթապի ինքնապաշտպանութեան օրը (1920 թուականին), Մատենադարանին մէջ սկսած են «Այնթապի օրերը»:

Բնակավայրը յայտնի է ոչ միայն իր հերոսական էջերով, այլ նաեւ` ասեղնագործական արուեստի հրաշալի ժառանգութեամբ: Այդ գործերը Մատենադարանին մէջ ներկայացուած են նոր հրատարակուած գիրքով եւ ցուցահանդէսով:

4-0815_ayntabՍուրիահայ Հրազդան Թոքմաճեան հաւաքած, լուսանկարած է զանոնք ու ամփոփած` «Այնթապի ասեղնագործութիւնը» երկհատորեակին մէջ: 760 էջերէ բաղկացած հայերէն եւ անգլերէն գիրքին մէջ ոչ միայն լուսանկարներ կան, այլ նաեւ` պատմական տեղեկութիւններ, վերլուծումներ եւ Այնթապի ասեղնագործութեան ներկայ վիճակը:

Հեղինակը նիւթերը սկսած է հաւաքելու 3 տարի առաջ` Սուրիոյ մէջ, բայց պատերազմին պատճառով գիրքը տպագրուած է Երեւանի մէջ` Մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամին միջոցներով:

Թուրքիան այսօր Այնթապի ձեռագործը իբրեւ իրը կը ներկայացնէ, մինչդեռ տեղւոյն հայերը թրքական իշխանութեան հաստատումէն շատ աւելի առաջ կը տիրապետէին այս նուրբ արուեստին:

Հեղինակին համաձայն, գիրքին մէջ ներկայացուած կարգ մը գործեր Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին պատճառով այսօր արդէն չկան: Թոքմաճեան յոյս յայտնեց, որ Հալէպի մէջ ելեկտրականութիւն ըլլայ, որպէսզի գիրքի պատրաստութեան մէջ իրեն մեծապէս օժանդակած կիներն ու օրիորդները տեսնեն, թէ գործը յաջողութեամբ կարելի եղած է աւարտել եւ լոյս աշխարհ բերել:

«Գիրքին մէջ կան շարք մը հրաշալի ձեռագործեր, Այնթապէն եկած չտեսնուած գեղեցիկ, մետաքսեայ բարձի երեսներ, որոնք հիմա գոյութիւն չունին: Տէր Զօրի թանգարանին մէջ գոյութիւն ունէին շատ արժէքաւոր ձեռագործեր, որոնք չենք գիտեր, թէ ո՛ւր են ներկայիս, գոյութիւն ունի՞ն, թէ՞ ոչ: Այդ տեսակի կորուստներ կան, բայց մենք գիրքին մէջ օգտագործած ենք բնօրինակէն լուսանկարուած ձեռագործներ», յայտնած է հեղինակը:

ԵՊՀ-ի մէջ «Հայոց Ցեղասպանութեան Գործօնը
Մերձաւորարեւելեան Զարգացումներու
Պարունակին Մէջ» Խորագիրով Կլոր Սեղան-Քննարկում

glor-seghan-03310Ապրիլ 3-ին Երեւանի պետական համալսարանի  Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան գործօնը մերձաւորարեւելեան զարգացումներու պարունակին մէջ» խորագիրը կրող կլոր սեղան-քննարկում: Բանախօսներն էին` «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն-խմբագրապետ Շահան Գանտահարեան, Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի Հայ-քրտական առնչութիւններու բաժինի ղեկավար, դոցենտ Վահրամ Պետրոսեան, «Քաղաքական գիտութեան Հայաստանի ասոցիացիա» կազմակերպութեան անդամ Դաւիթ Մանասեան: Քննարկումը վարեց Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեանը, որ իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները եւ կարեւոր նկատեց յիշեալ խնդիրի համատեղ քննարկումը` նշելով քաղաքական իրադարձութիւններուն ճիշդ գնահատական տալու անհրաժեշտութիւնը:

Առաջին հարցին անդրադարձաւ Շահան Գանտահարեան, որ նաեւ  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի փոխատենապետն է: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ իրականացուած ու իրականացուելիք նախաձեռնութիւնները, այնուհետեւ անդրադարձաւ այս ծիրին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացներուն: Շ. Գանտահարեան նշեց, որ արդէն 4 տարի է` Լիբանանի մէջ կը գործէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի աշխատանքները համակարգող Կեդրոնական մարմին, որուն մէջ ներկայացուած են համայնքի գլխաւոր շրջանակները` հայ ազգային կուսակցութիւններ, միութենական համայնքային միութիւններ: Ան դիտել տուաւ, որ արդէն տեղի ունեցած են մօտաւորապէս 25 նախաձեռնութիւններ,  քաղաքական հանդիպումներ, քննարկումներ, նաեւ` Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղարութեան հետ սերտ համագործակցութիւն: Գանտահարեան նշեց թիրախային 3 ուղղուածութիւն` այս նախաձեռնութիւններու կազմակերպման  իմաստով: Առաջին կարեւորագոյն գործօնը, անոր համաձայն, սփիւռքի մէջ ներազգային ճակատի գոյութեան կարեւորութիւնն է եւ աշխուժութիւնը: Ըստ անոր, յատկապէս նոր սերունդին քաղաքական գիտակցութեան մակարդակի բարձրացման ուղղուած քայլերու պէտք է ձեռնարկուի, ինչպէս նաեւ` Ցեղասպանութեան առնչուող  խնդիրներու, թրքական գործօնի ելեւէջներու, քաղաքական իրադարձութիւններու  առաւել ճիշդ լուսաբանման եւ պատրաստուածութեան հարցին մէջ:

Երկրորդ քայլը Լիբանանի պետական, քաղաքական մակարդակներուն վրայ եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրի ներկայացումն ու ճշգրիտ մատուցումն է: Ան նշեց, որ քաղաքական դաշտին մէջ խնդիրի մատուցման  խճանկարը բազմաշերտ է, ինչ որ պայմանաւորուած է Լիբանանի մէջ կրօնական բազմաշերտ ուղղուածութեամբ: Երրորդ թիրախային կէտը դիւանագիտական ներկայացուցչական շրջանակներն են եւ այս վերջիններուն կատարած աշխատանքը: Յատկապէս պէտք է ուշադրութիւն դարձնել  Հայաստանի  դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն հետ միացեալ աշխատանքին: Կարեւոր նկատուեցաւ Լիբանանի մէջ գործող օտար դիւանագիտական կառոյցներուն հետ համագործակցութեան եւ տեղեկացուածութեան խնդիրը: Շահան Գանտահարեան խօսեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ   թրքական գործօնի աշխուժացման եւ կտրուկ նահանջի պատճառներուն մասին: Ըստ անոր, ասիկա պայմանաւորուած է վերջին տարիներուն Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող հակաիսրայէլական ցուցադրական  դրսեւորումներով:

Ըստ բանախօսին, այդ քայլով Անգարան կրցաւ որոշ չափով շահիլ արաբական աշխարհին համակրանքը: Սակայն համակրանքը փոխուեցաւ որոշ լիբանանեան շրջանակներու մօտ կտրուկ հակակրանքի սուրիական պատերազմին սկսելէն ի վեր. միւս կողմէ` տարածաշրջանին մէջ մեծապէս փոխուեցան Թուրքիոյ  շահերը:

Յաջորդ բանախօսն էր Դաւիթ Մանասեան, որ անդրադարձաւ ՏԱՀԵՇ¬ի կազմաւորման եւ Թուրքիոյ հետ այդ խմբաւորման համագործակցութեան: Անոր համաձայն,  Թուրքիան աջակցած է ՏԱՀԵՇ¬ին, որպէսզի տարածաշրջանին մէջ հետագային կարենայ իրագործել իր ապաքրիստոնէացման գործընթացը, աւարտին հասցնել տարածաշրջանին մէջ քրիստոնէական արժէքներու վերացման իր լայնածաւալ գործունէութիւնը: Մանասեան նշեց, որ  Թուրքիոյ այս քայլը հեռահար նպատակ ունի. այն է` հետագային տարածաշրջանին մէջ պատմական յաւակնութիւններ ձեռք բերելը:

Հայոց ցեղասպանութեան պարունակին հայ-քրտական համագործակցութեան եւ առհասարակ քրտական գործօնի մասին խօսեցաւ Վահրամ Պետրոսեանը: Ան անդրադարձաւ քրտական աշխարհի ձեւաւորման եւ զարգացման գործընթացին` նշելով  քրտական գործօնի աշխուժացման 3 հանգրուան: Առաջինը 1991 թուականէն ետք երկարող հակաիրաքեան պատերազմի ժամանակաշրջանն է, երկրորդը` իրաքեան քրտական ինքնավարութեան ստեղծումը 1992-ին, այնուհետեւ` հակաիրաքեան պատերազմ մը եւս 2003-ին, երբ արդէն իրաքեան քրտական ինքնավար մարզը տէ ժիւրէ կը դառնայ դաշնակցային միաւոր, եւ երրորդը սուրիական զարգացումներն են, որոնք նոր երանգ տուին այս հարթութեան վրայ: Խօսուեցաւ հայ-քրտական յարաբերութիւններու զարգացման եւ սերտ համագործակցութեան խորացման հետագայ քայլերուն մասին:

«Նախ պէտք է քիւրտերուն հանդէպ մեր դիրքորոշումը յստակեցնենք եւ հասկնանք, թէ ի՛նչ սպասելիքներ ունինք անոնցմէ: Ի հարկէ, իրատեսական չէր ըլլար թուրքերուն կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ հայերուն կոտորածներու իրականացման մասնակցած քիւրտերէն ինչ-որ լուրջ քայլեր սպասել, սակայն մէկ բանի պէտք է յստակ գիտակցինք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ալ իր բազմաշերտ երանգները ունի», նշեց Վահրամ Պետրոսեան:

Հանդիպումին աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում:

 «Հանդիպում» Ցեղասպանութեան
100-
Ամեակին Նուիրուած Նոր Ժապաւէն

«Հանդիպում…». Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նոր ժապաւէն մըն է, որուն դէպքերը տեղի կ՛ունենան պոլսահայ նահատակ լրագրող Հրանդ Տինքի` «Եկած է անկեղծանալու իսկական ժամանակը» արտայայտութեան վրայ:

Ժապաւէնին մէջ կը հանդիպին Ճեմալ փաշան սպաննողներէն մէկուն` Արտաշէս Գէորգեանի ու Ճեմալ փաշայի թոռները` Արմէն Գէորգեանը եւ Հասան Ճեմալը: Նկարահանումները կատարուած են հիմնականին մէջ Պոլսոյ մէջ, բազմաթիւ են նաեւ փաստագրական նիւթերը:

Բեմադրիչ Հրանտ Յակոբեանի համաձայն, «Հանդիպում…» ժապաւէնի ասելիքը շատ է. սա հանդիպում է ոչ միայն երկու հերոսների միջեւ, այլեւ` մեր անցեալի»:

Սփիւռքահայ Պատմաբաններ Դիլիջանի
Միջազգային Քոլեճի Յարկին Տակ

4-0815_badmapan«Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ»-ի (Աշխարհի միացեալ քոլեճներ) ցանցին մաս կազմող Դիլիջանի միջազգային քոլեճը կը շարունակէ մարդասիրական նիւթերով դասախօսութիւններու շարքը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Մարտ 31-ի երեկոյեան քոլեճի ուսանողական եւ դասախօսական կազմին դասախօսած են սփիւռքահայ անուանի պատմաբաններ` Աշխարհաքաղաքական հետազօտութիւններու ֆրանսական հիմնարկի ղեկավար, Փարիզի Սեն Տընի համալսարանի փրոֆեսէօր Ռեմոն Գէորգեան եւ Քալիֆորնիոյ «Պերքլի» համալսարանի դասախօս Ստեփան Աստուրեան:

Անոնք անդրադարձած են ցեղասպանութիւններուն, անոնց տուն տուող պատճառներուն, զուգահեռներ գծած են Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հրէական ողջակիզումին միջեւ: Անոնք խօսած են նաեւ մարդասիրութեան մասին` ընդգծելով, որ տարբեր երկիրներու բարեսիրական կազմակերպութիւններ օգնութեան ձեռք երկարած են Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներուն:

Դասախօսութիւններուն շարքը կազմակերպուած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնարկի եւ Դիլիջան միջազգային քոլեճի միացեալ նախաձեռնութեամբ:

«Մեր քոլեճի կրթական գաղափարախօսութեան հիմնական առաջադրանքներէն է առաւելագոյն չափով ծանօթանալ այն ժողովուրդներու պատմութեան եւ մշակոյթին, որոնցմով կազմուած է մեր քոլեճը` միաժամանակ հաշուի առնելով ուսանողներուն միջազգային ներկայացուածութիւնն ու մտածողութիւնը: Այս տարի, երբ կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, մենք պիտի հրաւիրենք նշանաւոր գիտնականներ` քննարկելու ընդհանրապէս ցեղասպանութեան եւ մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող հարցերը` տարբեր տեսանկիւններէ», յայտնած է քոլեճի տնօրէն Ճոն Փատըֆուտը:

«Ցեղասպանութեան Տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի
Հայ Հոգեւորականութեան Առաքելութիւնը»
Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողով Էջմիածինի Մէջ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի դահլիճին մէջ 7 ապրիլին, ժամը 12:00-ին, պիտի մեկնարկէ «Ցեղասպանութեան տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի հայ հոգեւորականութեան առաքելութիւնը» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը:

Գիտաժողովը պիտի կայանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հովանաւորութեան տակ` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ Աւետարանական ընկերակցութեան, «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի աջակցութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Պիտի կարդացուին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան ուղերձները:

Մասնակիցները պիտի ողջունեն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը:

Գիտաժողովին մասնակիցները եւ հիւրերը նիստէն առաջ պիտի մասնակցին սուրբ պատարագին:

40 Երկիրներէ 100 Երաժիշտներ
Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ
24
Ապրիլի Համերգին Պիտի Մասնակցին

Աշխարհի 40 երկիրներէ 100 երաժիշտներ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ապրիլ 24-ին պիտի մասնակցին Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած համերգին:

Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն տեղեկացուցած են, որ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ապրիլ 24-ին, ժամը 20:15-ին, տեղի պիտի ունենայ «24/04 Orchestra» նուագախումբին համերգը:

Աշխարհի աւելի քան 40 երկիրներէ Հայաստան պիտի ժամանեն շուրջ 100 երաժիշտներ, միանալով իրենց հայ գործընկերներուն, բացառիկ այդ համերգով բազմազգ երաժիշտները հանդէս պիտի գան խաղաղութեան, սիրոյ, մարդասիրական կոչերով: Համերգը պիտի ղեկավարեն խմբավարներ` Սերգէյ Սմբատեան, Յովհաննէս Չեքիճեան, Ճանլուքա Մարչիանոն եւ Միխայիլ Եուրովսքին:

Հայաստանն Ու Կիպրոսը Հրապարակած Են
«
Մելքոնեան Վարժարան» Խորագիրով Դրոշմաթուղթ

4-0815_melkonian-(2)Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ Կիպրոսի նամակատունը եւ «Հայփոստ»-ը շրջանառութեան մէջ դրած են մէկական դրոշմաթուղթ` Մելքոնեան վարժարանի եւ անոր սաներուն պատկերներով: Անոնցմէ մէկուն վրայ պատկերուած է Մելքոնեան վարժարանին շէնքը եւ այն ծառերը, զորս տնկած են վարժարանին մէջ ապաստան գտած որբերը` ի յիշատակ իրենց նահատակ ծնողներուն: Միւս դրոշմաթուղթին վրայ կայ նկարը առաջին սաներուն` Մելքոնեան վարժարանի խորապատկերով:

Դրոշմաթուղթերուն հրապարակութեան արարողութեան ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Կիպրոսի նամակատուներուն կողմէ եղած այս նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Մելքոնեան վարժարանը կարեւոր հանգրուան եղած է հայ սաներու համար: «Նախ եւ առաջ համատեղ նամականիշի թողարկումը խորհրդանշում է Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւնները: Միւս կողմից` սա հնարաւորութիւն է յարգանքի տուրք մատուցելու սփիւռքի կարեւորագոյն վարժարաններից մէկին: Շուրջ 80-ամեայ գործունէութեան ընթացքում այն հսկայական դերակատարութիւն է ունեցել հայապահպանութեան գործում: Խորհրդանշական է, որ համատեղ նամականիշի մարումը տեղի է ունենում հէնց այս օրը, երբ Կիպրոսի խորհրդարանը ընդունեց օրէնք, որով քրէականացւում է ցեղասպանութիւնների ժխտումը», նշած է Քոչարեան:

4-0815_melkonian-(1)4-0815_melkonian-(3)«Հայաստանի ֆիլատելիստների միութեան» նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան եւս ընդգծած է, որ դրոշմաթուղթերը մեծ կարեւորութիւն ունին ազգային արժէքներու տարածման տեսանկիւնէն: «Նշանակալի է, որ տարուայ մէջ մի քանի անգամ կարողանում ենք խօսել ազգային նամականիշների մասին: Նամականիշները` մեր դրօշի եւ դրամի հետ միասին, երկրի խորհրդանիշներից են», ըսած է ան:

«Մելքոնեան վարժարան»-ին նուիրուած դրոշմաթուղթերը հրապարակուած են 60 հազար տպաքանակով:

Միշտ Զինուորի Կողքին. ՀՕՄ-ուհիները
Կ՛այցելեն Զինուորական Հիւանդանոց

4-0815_ARSartsakhՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ընկերուհիներ այցելեցին Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոց եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին թշնամիի յարձակումին ընթացքին վիրաւորուած զինուորներուն եւ անոնց ծնողներուն: ՀՕՄ-ուհիները զինուորներուն  յանձնեցին նաեւ փոքրիկ դրամական օգնութիւն:

1-24 Ապրիլ Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Աշակերտները
Պատուոյ Պահակ Պիտի Կանգնին

4-0815_honorguardԵրեւանի հիմնական եւ աւագ դպրոցներու աշակերտները 1-24 ապրիլին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, հերթափոխութեամբ պատուոյ պահակ պիտի կանգնին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ: Նախաձեռնութեան հեղինակը կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանն է, որ 1 ապրիլին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին ներկայ գտնուեցաւ արարողութեան մեկնարկին:

«Մեր աշակերտները իրենց լուռ եւ ձիգ կեցուածքով կ՛ոգեկոչեն յիշատակը մեր այն զոհերուն, որոնց կարգին կան իրենց տատերը, պապերը, նախահայրերը: Պատուոյ պահակի մասնակից աշակերտներուն մօտ կայ յուզմունք, ապրումներ, պատմական յիշողութիւն, կայ այստեղ կանգնելու` սգով շաղախուած հպարտութիւն», նշած է Արմէն Աշոտեան:

Նշենք, որ 4 աշակերտներ պատուոյ պահակ պիտի կանգնին ամէն օր մինչեւ 24 ապրիլ` առաւօտեան 10-էն մինչեւ երեկոյեան 18:00:

24 Ապրիլին Ժողովուրդը Ծիծեռնակաբերդ
Պիտի Կարենայ Այցելել Օրուան Երկրորդ Կիսուն

Ապրիլ 24-ին դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք մարդկային հոսքը կարելի պիտի ըլլայ միայն օրուան երկրորդ կիսուն, յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող խորհուրդի քարտուղար, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան` «NewsBook»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին` առանց յստակ ժամ ճշդելու:

Անոր համաձայն, այդ օրը արտասահմանէն եկած պաշտօնական պատուիրակութիւններու անվտանգութեան ապահովման նկատառումներով արտակարգ միջոցառումներու պիտի դիմուի, այս պատճառով ալ Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յարգելու եկած քաղաքացիները յուշահամալիր պիտի կարենան բարձրանալ օրուան երկրորդ կիսուն: «Յուշահամալիրին մօտ բեմ պիտի տեղադրուի, տարբեր երկիրներու ղեկավարներու ներկայութեամբ 1 ժամ տեւողութեամբ ձեռնարկ պիտի կատարուի, անկէ ետք մարդոց կարելիութիւն պիտի տրուի ուղղուելու Ծիծեռնակաբերդի բարձունք», դիտել տուած է Հայկ Դեմոյեան:

Ան դժուարութիւն ունեցած է նշելու, թէ արդեօք լրագրողներուն պիտի արտօնուի՞ ներկայ գտնուիլ արտասահմանեան պատուիրակութիւններու Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան եւ պաշտօնական ձեռնարկին:

Ցեղասպանութեան Վերապրածներուն
Բժշկական Ծառայութիւն Մատուցուած Է

4-0815_survivorՄեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան համակարգող խորհուրդը կը շարունակէ մարզային այցելութիւնները` բժշկական օգնութիւն եւ սպասարկում տրամադրելով Հայոց ցեղասպանութեան ականատես-վերապրածներուն:

Համակարգող խորհուրդը նախագահ, առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Գագիկ Միրիջանեանի գլխաւորութեամբ, 1 ապրիլին այցելած է Արմաւիրի մարզ, ուր ականատես-վերապրածներու մեծագոյն թիւը կայ:

Մարզաբնակ ականատես-վերապրածներուն տրամադրուած են բժշկական ցուցումներուն համապատասխան դեղեր եւ բժշկական պարագաներ:

Մասնագիտական խումբերու այցելութեան ընթացքին Երեւանի եւ մարզերուն մէջ կատարուած են անհրաժեշտ բժշկական հետազօտութիւններ, որոնց հիման վրայ կը պատրաստուին ականատես-վերապրածներու բժշկական թղթածրարներ:

«Հայաստանի բուժքոյրերի միաւորում ասոցիացիա» հասարակական կազմակերպութիւնը եւս իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ` տրամադրելով խնամակալներ:

Բժշկական օգնութեան կարիք ունեցողները Երեւանի մէջ կը գտնուին «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ», իսկ մարզերուն մէջ` մարզային բժշկական կեդրոններու մասնագէտներու մնայուն հսկողութեան տակ:

Նախորդը

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում

Յաջորդը

«Ցեղասպանութեան Տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Հոգեւորականութեան Առաքելութիւնը» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողով` Ս. Էջմիածինի Մէջ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 29, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 22, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 15, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In