ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը եթէ ուրիշ ոչ մէկ օգուտ ունենար, ոչ մէկ յաւելեալ ճանաչում ապահովէր Հայոց ցեղասպանութեան, ոչ մէկ քաղաքական յառաջընթաց արձանագրէր Հայաստանի ու իր թշնամի դրացիներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու տեսակէտէն, մանաւանդ` հայկական պահանջատիրութեան գոհացում տալու առումով, միայն այն իրողութիւնը, որ հարիւրամեակը ազգովին կը նշենք, միասնաբա՛ր կը նշենք` ինքնին նուաճում մըն է, որ ամէն կերպով պէտք է պահպանել:
Ճիշդ է` երեւոյթը աննախընթաց չէ, բայց մասամբ միայն աննախընթաց չէ, քանի որ ոչ մէկ ատեն այսպիսի զօրաշարժի ենթարկուած է հայաշխարհը, Հայաստան ու սփիւռք, միացեալ ուժերով նշելու համար այս կարեւոր թուականը: Ի վերջոյ առաջին անգամ ըլլալով ամբողջ հայութիւնը` իր բոլոր կողմերով, կազմակերպութիւններով, եկեղեցիներով եւ պետութեամբ աշխարհին ներկայացուց իր պահանջագիրը` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրը»:
Հարիւրամեակի ձեռնարկները կազմակերպուեցան ու կը կազմակերպուին ոչ միայն համահայկական մակարդակի վրայ, այլեւ` իւրաքանչիւր գաղթօճախի մէջ, միեւնոյն համերաշխական ոգիով, որուն շնորհիւ ամէն տեղ տարբեր կողմերու պատկանող կամ որեւէ կողմի չպատկանող հայորդիներ իրենց ներդրումը բերելու, աշխատանքներուն մասնակից դառնալու առիթ ունեցան եւ պիտի ունենան` այսպիսով նաեւ աւելի բացայայտ դարձնելով մեր մարդուժը: Յաճախ իրարու անծանօթ ազգակիցներ գործակցեցան, ճանչցան զիրար, ամրացաւ իրենց մէջ մէկ ամբողջութեան մը պատկանելու գիտակցութիւնը:
Կրնանք չգոհանալ այդ եղածով, կրնանք տկարութիւններ կամ թերիներ տեսնել կատարուած ու կատարուող աշխատանքներուն ու աշխատելակերպին մէջ, սակայն չենք կրնար նսեմացնել երեւոյթին կարեւորութիւնը:
Ամէն գնով պահպանե՛նք այս իրագործումը եւ ժամանակաւոր կառոյցը վերածենք մնայունի: Տակաւին չենք հասած հոն, որ ունենանք համահայկական խորհրդարան, չենք հասած հոն, որ սփիւռքի հայութեան ձայնը լսելի դառնայ համայն հայութեան ճակատագրին վրայ ազդող որոշումներու կայացման մէջ, բայց այս հարիւրամեակի կեդրոնական միացեալ յանձնախումբի ու տեղական յանձնախումբերու գոյացումը ճիշդ քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ, ու դժուար պէտք չէ ըլլայ երկարաձգել անոնց կեանքն ու առաքելութիւնը, մանաւանդ որ կազմակերպական նոր կառոյց մը չէ, որ կ՛աւելնայ մեր իրականութեան մէջ, այլ առկայ կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը կ՛ամրապնդուի: Այս կառոյցը տկար կառոյց մըն է, քանի որ չունի մանրամասնեալ կանոնագրութիւն, բայց ուժեղ կառոյց մըն է, քանի որ խարսխուած է ընդհանրական կամեցողութեան վրայ:
Եթէ պէտք է, կարելի է բարեփոխութիւններ բերել այդ կառոյցին մէջ, այնպէս ընել, որ ոչ ոք դուրս մնայ անկէ, որ իւրաքանչիւր հայորդի այնտեղ իր ձայնը հասցնելու միջոցն ու դիւրութիւնը ունենայ, առանց որ ատիկա խանգարէ մասնակից կողմերու համերաշխութիւնը: Կարեւորը` այդ կառոյցը պահպանել ուզելու ցանկութիւնն է:
Իսկ ինչո՞ւ պահպանել այդ կառոյցը: Ի՞նչ պիտի ընէ ան հարիւրամեակէն ետք, անկէ անդին: Ի՞նչ առաքելութիւն պիտի ունենայ ան:
Առաջին հերթին, ինչպէս գրեցի սոյն յօդուածաշարքի նախորդ մասերուն մէջ, հաւաքել ու մատչելի դարձնել հարիւրամեակի աշխատանքներու պատումն ու արձագանգները: Ապա վերլուծել զանոնք, կշիռի վրայ դնել առաւելներն ու պակասները, քաղել անհրաժեշտ դասերը: Բայց մանաւանդ` պատմութեան փոխանցել այդ բոլորը ու ջատագովը հանդիսանալ մեր գաղթօճախներու ներկայի, այլեւ անցեալի ու ապագայի կեանքի արձանագրումին, առանց որուն` մեր բոլոր ճիգերը վաղանցուկ գոյութիւն մը կրնան ունենալ:
Բայց այս միացեալ յանձնախումբերը ատկէ անդին ալ անցնելով` կրնան դիւրացնել մեր ապագայ գործունէութիւնը, նախապատրաստուիլ գալիք ամեակներու ոգեկոչման, այլ ձեռնարկներու կազմակերպման, մանաւանդ այսօր մեզի տակաւին անյայտ` նո՛ր կացութիւններու դիմագրաւման: Սուրիոյ հայութեան պարագան նախանշան մը կրնայ հանդիսանալ… Մենք պատրաստ ըլլալու ենք:
Իսկ այդ պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ առաջին հերթին մեր ներուժի ճանաչումը: Ո՞վ ունինք, ո՞ւր ունինք, սկսեալ բոլոր մարզերու մէջ մեր կամաւորական բանակէն մինչեւ ամէնէն բարձր մասնագիտական ուժերը: Ապա` ո՞վ կը ճանչնանք: Ի՞նչ է մեր յարաբերութիւններու ցանցը: Դարձեալ` բոլոր մարզերուն մէջ, այսինքն` ոչ միայն քաղաքական, որ խիստ անհրաժեշտ է, այլեւ` մտաւորական-կրթական-մշակութային ոլորտներուն մէջ, մանաւանդ` հանրային կարծիք յառաջացնող մամլոյ աշխատակիցներու շրջանակներուն մէջ: Ունի՞նք այդ բոլորին ցանկերը` արագ հասանելի, անմիջական օգտագործման դիւրութեամբ:
Այդ պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ համահայկական առումով թէ տեղական մակարդակներու վրայ մեր խօսքը տեղ հասցնելու դիւրութիւններու ստեղծումը: Տասը հազար թէ հարիւր հազար հայորդի ստեղնաշարի մէկ տկկոցով ոտքի հանել կարենալու միջոցները: Նոյն ձեւով միլիոնաւոր քաղաքացիներու հասնելու եւ մեր խօսքը լսելի դարձնելու կարելիութիւնը: Մասնագիտական ամէնէն յառաջացած արհեստագիտութեամբ:
Եւ` այդ բոլորը առանց վայրկեան մը տատամսումի իրագործել կարենալու նիւթական կռուանները:
Պիտի հարց տաք` արդէն չե՞ն կատարուիր այս բաները: Ի՞նչ կ՛ընեն մեր կազմակերպութիւնները, եկեղեցիները, Հայ դատի յանձնախումբերն ու մասամբ նորին: Անշուշտ բոլորը կը ճգնին այդ առաջադրանքներէն մաս մը, մասնիկ մը իրագործելու, իւրաքանչիւրը իր սահմանափակ մարդուժով ու միջոցներով:
Առաջարկս այդ մարդուժն ու միջոցները համազգային մակարդակի վրայ համախմբել է: Իսկ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միացեալ յանձնախումբերու յառաջացուցած ժամանակաւոր կառոյցներն ու կը յուսամ մնայուն ոգին լաւագոյն երաշխիքն են, որ մեր երթը ոչ միայն չընդհատուի, այլեւ նոր թափ ստանայ: