ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ
Գիշերային այս միսթիք ժամերուն
Երբ աշխարհը քնացած է կամ արթուն
Եւ շշուկը աստղերուն`
Կ՛օրօրէ երազներ թաքուն:
Կը զգամ գրչիս հպումը ոլորաձեւ
Ձիւն է միապաղաղ տարածքին:
Թուղթը մերթ կը ժպտայ
Մերթ կը հեծծէ`
Կ՛արտասուէ ու կ՛ողբայ
Ադամի որդիներուն
Բախտին անորոշ
Կ՛ուրուագծէ վազքն անոնց
Իւրացնելու ինչ… անսպառ:
Վազքն այս ահաւոր
Պարփակէ պիտի
Ափ մը հող միմիայն (միայն)
Այսպէս սերունդներ
Գան ու երթան պիտի
Եւ շշուկը աստղերուն
Օրօրէ պիտի երազները սերունդներուն:
Մարտ, 2015