Յօդուածներ

Ըսինք` 100-Ամեակ.  Ցեղասպանութեան Դէմ Յաղթանակը Մենք Մեզի Դէմ Տարուած Պայքարի Յաջողութիւնն Է

Ըսինք` 100-Ամեակ. Ցեղասպանութեան Դէմ Յաղթանակը Մենք Մեզի Դէմ Տարուած Պայքարի Յաջողութիւնն Է

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Այս մասին մտածեցի, երբ ներկայ էի դասախօսութեան մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ նկարահանումներ: Յուզիչ: Խօսեցան Թուրքիոյ այս կամ այն խուլ անկիւնը մոռցուած-վերապրած եւ ժամանակի աւերին ենթարկուած մամիկներ, որոնց շրթներուն վրայ դեռ մնացած էին հայերէնի փշրանքներ: Յուզիչ: Մամիկները երբ այդպէս կը խօսէին, կը ցաւէինք, կը հասկնայինք: Սփիւռքածին նկարահանողը այդ մամիկներուն հետ կը խօսէր սիրտ ցաւցնող նախնական եւ կցկտուր հայերէնով...

Վերյիշելով 1969 Թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան Յատուկ Առաջին Որմազդներու Տեղադրումը Լիբանանի Զանազան Շրջաններու Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Քաջալերուած նախորդ տարուան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ ցուցահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած վաւերագրական լուսանկարներու ազդեցիկ, հոգիները թափանցող եւ օրուան խորհուրդը առանց մեկնաբանութեան կարիքի փոխանցող յաջող փորձէն` խումբ մը համալսարանականներով որոշեցինք այդ լուսանկարներէն մէկը տպել որմազդի ձեւով եւ փակցնել Պէյրութ քաղաքի որոշ շրջաններու պատերուն, հակառակ երկրին մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն` ցոյցեր եւ այլն: Այս սեղմ խմբակին...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Առիթով Ֆրիտեոֆ Նանսեն (1861-1930)

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Առիթով Ֆրիտեոֆ Նանսեն (1861-1930)

ՀԱՄՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ «Մե՛ղք հայ ժողովուրդին, որ եւրոպական քաղաքականութեան հետ գործ ունեցաւ: Իրեն համար շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ իր անունը երբեք չ՛արտասանուէր Եւրոպայի դիւանագէտի մը կողմէ: Սակայն հայ ժողովուրդը երբեք չէ կորսնցուցած իր յոյսը: Ու մինչ լծուած էր կորովի եւ հաստատակամ աշխատանքի մը, անիկա սպասեց, սպասեց երկար: Կը սպասէ միշտ»: ՖՐԻՏԵՈՖ ՆԱՆՍԵՆ Նորվեկիոյ ժողովուրդի մեծ զաւակը, խաղաղութեան մեծ առաքեալը,...

Հաղորդագրութիւն.  Տէր Եւ Տիկին Յարութ Եւ Վիքի Մարաշլեաններ 50.000 Տոլար Կը Նուիրեն Հայ Օգնութեան Միութեան

Հաղորդագրութիւն. Տէր Եւ Տիկին Յարութ Եւ Վիքի Մարաշլեաններ 50.000 Տոլար Կը Նուիրեն Հայ Օգնութեան Միութեան

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը երախտագիտութեամբ կը յայտարարէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգէն տէր եւ տիկին Յարութ եւ Վիքի Մարաշլեաններ 50,000 տոլար կը նուիրեն Հայ օգնութեան միութեան: Բարերարներուն փափաքով գումարը հաւասարապէս պիտի յատկացուի երկու նպատակներու` Ստեփանակերտի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերանորոգման նոր ծրագիրի աշխատանքներուն եւ Կեդրոնական գրասենեակի ընթացիկ ծախսերուն, ներառեալ` Նիւ Եորքի մէջ կայացած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ հայոց ձեռագործներու ցուցահանդէսը:...

Չիչեք Շուլցի Ներկայացուցած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Իր Տեսակէտը

Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը գրէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Թուրքիոյ մէջ հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի, խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքի հետ: Վերջինիս հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: Չիչեք հայերու զանգուածային սպանութիւնները դարձեալ վերագրած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի պայմաններուն` նշելով, որ անիկա մարդկութեան պատմութեան ամէնէն արիւնալի...

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Տարելիցին Առիթով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Համալսարանականներու Արեան Տուչութեան Արշաւ

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Տարելիցին Առիթով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Համալսարանականներու Արեան Տուչութեան Արշաւ

Մարդասիրական ծառայութիւնը եղած է ՀԲԸՄ- Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան կարեւոր առաքելութիւններէն մին: Շաբաթ, 28 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ    համալսարանականներու վարչութիւնը,  յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, կազմակերպեց արեան տուչութեան արշաւ մը` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, մարդասիրական «Donnes Sang Compter» կազմակերպութեան հետ համագործակցաբար: Ծառայասիրական այս ձենարկը տեղի կ’ունենար Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի հովանաւորութեան տակ: Տուչութեան այս տարուան արշաւը ...

«Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծի Որդեգրումը Հերոսական Ու Պատմական Իրողութիւն Մըն Է», «Ազդակ»-ի Ըսաւ Երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան

«Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծի Որդեգրումը Հերոսական Ու Պատմական Իրողութիւն Մըն Է», «Ազդակ»-ի Ըսաւ Երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տունը 2 ապրիլ 2015-ին միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքը: Նկատի ունենալով այդ պատմական որոշումի ձեռքբերումի հոլովոյթին մէջ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի ունեցած առանցքային դերակատարութիւնը` «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց երեսփոխանին հետ: «ԱԶԴԱԿ».- Առաջին հերթին, խնդրեմ, անդրադառնաք Կիպրոսի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին: ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ.- Նախ եւ առաջ կը փափաքիմ...

Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Հայաստան, Ղարաբաղ Պիտի Գնայինք…  (Թուրք Յօդուածագիրը` Սարգիս Սերոբեանի Մասին)

Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Հայաստան, Ղարաբաղ Պիտի Գնայինք… (Թուրք Յօդուածագիրը` Սարգիս Սերոբեանի Մասին)

T24-ի թղթակից Ճելալ Պաշլանկըչըն «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր Սարգիս Սերոբեանի մահից յետոյ հրապարակել է յօդուած, որում պատմել է նրա հետ Հայաստան կատարած հաճելի ճանապարհորդութեան եւ Սերոբեանի` մանուկ հասակում չլսած «հեքիաթների» մասին: Յօդուածը ներկայացնում ենք որոշ կրճատումներով: Դեռ պիտի ճանապարհորդէինք: Հայաստան, Ղարաբաղ պիտի գնայինք Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Սակայն այժմ քեզ ճանապարհում ենք դէպի ովկիանոսների անվերջութիւն: Ճանապարհիդ լոյս լինի, Սարգի՛ս եղբայր:...

Սարգիս Սերովբեանի Կենսագրական Գիծերը

Սարգիս Սերովբեանի Կենսագրական Գիծերը

Սարգիս Սերովբեան ութսուն տարիներ առաջ ծնաւ Պոլսոյ մէջ, որպէս անդրանիկը բնիկ սեբաստացի ընտանիքի: Դեռ երկու տարեկան էր, երբ ճաշակեց որբութեան դառն բաժակը: Մեծ Մշեցիի` Ս. Մեսրոպի աշակերտը եղաւ նախ Արդի կրթարանի, ապա Էսայեան վարժարանի մէջ: Որբութիւնը չարտօնեց, որ ան ըլլայ լիսէական, համալսարանական կամ գեղարուեստից ակադեմիոյ սան: Մտաւ կեանքի ասպարէզ: Եղաւ համեստ աշխատաւոր` սառնարանի նորոգող: Միշտ մնաց սանը Մաշտոցի ու անոր...

Վրէժուհի Գաբրիէլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Վրէժուհի Գաբրիէլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Արցունքոտ աչքերով կը գրեմ այս տողերս, սիրելի՛ մայրս, խոստովանելով, որ չէի անդրադարձած, թէ առիթը պիտի չունենամ անձամբ իմ երախտագիտութիւնս յայտնելու քեզի` քու անսահման զոհողութիւններուդ ու գուրգուրանքիդ համար: Աստուածավախ եւ բարեպաշտ էիր, նուիրեալ ու աննման մայր մը, որ միշտ առաջնահերթ նկատեցիր ընտանիքդ, զաւակներդ ու թոռներդ: Տքնաջան աշխատանք տարիր, որպէսզի մենք ստանանք հայեցի դաստիարակութիւն եւ բարձր մակարդակի ուսում: Մեր յաջողութիւնը մեծագոյն ուրախութիւնն...

Ազգային Հպարտանք

Ազգային Հպարտանք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ապրիլի առաջին շաբաթավերջին, զատկական օրերու երեկոյ մը, Հայաստանէն պատկերասփռուող լրատուական յայտագիրի մը կը հետեւէի: Յատուկ տեղ տրամադրուած էր  սահմանային գօտիներու մէջ, նախորդող օրերուն, ազերիական նենգամիտ յարձակումներու զոհ գացած նահատակ զինուորներու: 18-21 տարեկան երիտասարդներ էին նահատակները, հայրենի տարբեր օճախներէ: Հաղորդավարը այցելութիւններ տուած էր նահատակներու ծնողներուն, նախկին դպրոցները, եւ զրոյցներ ունեցած էր ծնողներու, ուսուցիչներու, զինակիցներու եւ հարազատներու հետ, որոնք յուշե՜ր...

Արշաւիր Շիրակեան (1900-1973)  Ահաբեկումէ Մը Շատ Աւելին Էր…  «Կտա՜կն Էր Նահատակներուն»

Արշաւիր Շիրակեան (1900-1973) Ահաբեկումէ Մը Շատ Աւելին Էր… «Կտա՜կն Էր Նահատակներուն»

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հայ ժողովուրդի ազգային հերոսներու շարքին փառապանծ ու յաւերժական իր պատուանդանը ունի Արշաւիր Շիրակեան, որուն մահուան 92-րդ տարելիցը կ՛ոգեկոչենք ապրիլ 12-ի օրը: 12 ապրիլ 1973-ին այնքա՜ն արիւնահեղութիւն եւ սարսափ տեսած իր աչքերը առյաւէտ փակեց «Հայոց Նեմեսիս»-ի քաջասիրտ Ահաբեկիչը: Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան պատասխանատու թրքական պետութեան ներկայացուցիչները պատուհասող դաշնակցական արդարագործներու փաղանգին մէջ Արշաւիր Շիրակեան կը հանդիսանայ ա՛յն իւրայատուկ դէմքը,...

Խնդիրը Քաղաքական Կամքի Բացակայութիւնն Է (Ոչ Թէ Ապացոյցի)

Խնդիրը Քաղաքական Կամքի Բացակայութիւնն Է (Ոչ Թէ Ապացոյցի)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Անցնող տարուան յուլիսին, այսինքն` Ուքրանիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ տեղի ունեցող արիւնալի բախումներուն ընթացքին, Մալեզիական օդային գիծերուն պատկանող ճամբորդատար օդանաւ մը ջախջախուեցաւ նշեալ շրջանին մէջ: Անձնակազմի բոլոր անդամներն ու ճամբորդները սպաննուեցան: Արեւմտեան քարոզչական միջոցները ոչ իսկ երկվայրկեան մը ուշացան եւ մօտաւորապէս երկու շաբաթ անդադար Ռուսիոյ դէմ ինչեր ըսես չըսին` առանց ապացոյցի նշոյլ մը հրապարակելու: Ռուսիոյ օդանաւորդութեան մասնագէտներ հրապարակեցին իրե՛նց...

Տեսակէտ. Մենք Կը Յարգենք Միայն Ինքզինք Եւ Մեզ Յարգողը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած արարողութեան մասնակցելու համար Վլատիմիր Փութինի Երեւան այցելութեան հարցը տակաւին կը քննարկուի, եւ որոշում տալու պարագային,  իրենք պիտի կատարեն համապատասխան յայտարարութիւն: Սակայն իրենք արդէն համապատասխան յայտարարութիւնը կատարած էին: Նոյնինքն Փեսքով 12 մարտին այդ առնչութեամբ ԱՖՓ-ի հարցումին յստակ կերպով պատասխանած էր` «Այո՛, ան պիտի մեկնի Երեւան»,...

Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ Ուսուցիչներու Եւ Լրագրողներու. Աղուերանի Մէջ Աւարտեցաւ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի Զարգացման Նպաստող Ծրագիրը

3-10 ապրիլ 2015, Աղուերանի «Ոսկէ գետակ» հանգստեան տան մէջ տեղի ունեցաւ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի կազմակերպած լիբանանահայ ուսուցիչներու եւ լրագրողներու արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի ստեղծման եւ զարգացման նպաստող ծրագիրի դասընթացք-հաւաքը: «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն առաջնահերթ խնդիրներէն է աջակցիլ եւ խթանել համացանցի մէջ հայերէն բովանդակութեան եւ Հայաստանի մասին օտար լեզուներով տեղեկութիւններու զարգացման, «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի ստեղծում եւ զարգացում» նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամ»-ի...

«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սերունդը Պատասխանատու Է Հայ Դատի Պայքարը Եւ Պահանջատիրական Ոգին Փոխանցելու Երկրորդ Հարիւրամեակին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ

«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սերունդը Պատասխանատու Է Հայ Դատի Պայքարը Եւ Պահանջատիրական Ոգին Փոխանցելու Երկրորդ Հարիւրամեակին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ նախաձեռնուած դասախօսութեան մը շրջագիծին մէջ Պէյրութ այցելած եգիպտացի պատմաբան, համալսարանի դասախօս դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ այցելեց «Ազդակ» օրաթերթ, ուր ան ունեցաւ շահեկան հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ Հայ դատի մասին իր կատարած ուսումնասիրութիւններուն, արաբական աշխարհին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի հարցին, շրջանին մէջ իսլամական խալիֆայութիւնը վերականգնելու թրքական երազին, ինչպէս նաեւ` Հայոց...

Հայկական Կիրքի Մասին

Հայկական Կիրքի Մասին

ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԻԿԵԱՆ Ծ.Խ.- Յակոբ Խաչիկեան (Agop  Acikyan)  ծնած է Պոլիս  եւ 1957-ին փոխադրուած է Քանատա: Եղած է գրականութեան պատուական փրոֆ. Ռոյըլ Միլիթըրի քոլեճի մէջ: Հեղինակն է եօթը վէպերու եւ գրական ու լեզուական զանազան հատորներու:  Իր «Ը սամըր ուիթաութ տաուն» վէպը թարգմանուած է  զանազան լեզուներու եւ  արժանացած` համաշխարհային ուշադրութեան: Յակոբ Խաչիկեան կը գրէ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Սոյն գրութիւնը լոյս տեսաւ...

Հայերը Պէտք Է Յետ Պահանջեն Թուրքերի Գողացած Ողջ Գոյքը. Նորվեկիացի Միսիոնարուհու Թոռան Բացառիկ Հարցազրոյցը

Հայերը Պէտք Է Յետ Պահանջեն Թուրքերի Գողացած Ողջ Գոյքը. Նորվեկիացի Միսիոնարուհու Թոռան Բացառիկ Հարցազրոյցը

Հարցազրոյցն` ԱՆԱՀԻՏ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ Նորվեկիացի միսիոնարուհի Պոտիլ Կատարինէ Պեորնը 1905թ. չէր կարող պատկերացնել, թէ ինչպիսի ազդեցութիւն կ՛ունենար իր կեանքի վրայ «Կին միսիոնարներ» կազմակերպութեան կողմից Օսմանեան կայսրութիւն իր գործուղումը: Նա ականատես է լինում 1915թ. Մուշի կոտորածներին, խնամում եւ մահից է փրկում հարիւրաւոր անօթեւան երեխաների, կանանց: Իսկ 1917թ. Պոտիլ Պեորնը Նորվեկիա է վերադառնում երկու տարեկան Ռաֆայէլ անունով մի տղայի հետ, ում, իր խօսքերով,...

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի.  Ալիեւը Կատաղել Է, Կամ` Ինչպէս Են Պաքւում Սիրում Յերիւրանքը Ճշմարտութեան Տեղ Հրամցնել

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի. Ալիեւը Կատաղել Է, Կամ` Ինչպէս Են Պաքւում Սիրում Յերիւրանքը Ճշմարտութեան Տեղ Հրամցնել

Վերջերս, համեմատաբար կարճ եւ յարաբերական անդորրից յետոյ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերի շփման գծում իրավիճակը դարձեալ կտրուկ սրուել է: Գրեթէ ամէն օր ազրպէյճանական կողմը, հաշուի չնստելով սեփական ոչ սակաւաթիւ մարդկային կորուստների հետ, ձեռնարկում է Արցախի տարածք խափանարար ներթափանցումների փորձեր, ինչը, ցաւօք, բերում է զոհերի նաեւ ղարաբաղեան զինծառայողների կողմից: Մարտի 19-ին Ազրպէյճանի իրականացրած հերթական զինուած սադրանքը` երկու կողմերից զոհերի ելքով,...

Վերապրողներու Հսկայ Լուսանկարները` Լոս Անճելըսի Զբօսայգիին Մէջ

Վերապրողներու Հսկայ Լուսանկարները` Լոս Անճելըսի Զբօսայգիին Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակման իւրօրինակ ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչի նախաձեռնութեամբ: Մէկ ամիս տեւելիք ցուցահանդէսին մեկնարկը պիտի կատարուի ապրիլ 25-ին, Լոս Անճելըսի «Կրենտ» զբօսայգիին մէջ: «iwitness» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին իրարու կից եւ ոչ համաչափ յուշարձաններու վրայ եռաչափ պիտի պատկերուին Ցեղասպանութենէն վերապրած ականատեսներու լուսանկարները: 250-450 սմ յուշարձանները պիտի չունենան ուղիղ անկիւններ` խորհրդանշելու համար անհաւասարակշիռ աշխարհը, որ...

Page 1071 of 1110 1 … 1,070 1,071 1,072 … 1,110

Արխիւներ