ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի արեւելեան շրջաններու ապահովութեան միջոցառումներու ծիրէն ներս, Նահրի կամուրջին վրայէն սուրիացի զինուորները քաշուեցան:
Սուրիացի զինուորներու հեռացումէն ետք, սէուտցի եւ լիբանանցի զինուորներ եւ ոստիկաններ ստանձնեցին կամուրջին հսկողութիւնը:
Կամուրջէն անդին, Նոր Հաճըն եւ Խալիլ Պատաուի հայաբնակ թաղերը իրենց կարգին ծանր վնասներու ենթարկուած էին: Հաճընի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ փաղանգաւոր զինեալներ կը շարունակէին մնալ եւ հարցեր կը ստեղծէին թաղի բնակիչներուն հետ: Եկեղեցին մեծապէս վնասուած էր: Նոյնքան ծանրօրէն վնասուած էր Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանը: Իսկ օթոսթրատին վրայ գտնուող հաճընցիներու շէնքը հիմնայատակ կործանած էր:
Նոր Հաճըն եւ Խալիլ Պատաուի թաղերը կը մնային անանցանելի` փլատակներուն հետեւանքով: Թաղեցիք դիտմամբ չէին մաքրեր քարակոյտերը, որովհետեւ կը վախնային կողոպուտէ եւ համոզուած էին, որ եթէ քարերը վերցնէին, ինքնաշարժներու երթեւեկն ու գողերու ախորժակները պիտի աշխուժանային:
Խալիլ Պատաուիի մէջ կային սեւցած շէնքեր, որոնց մէջ ծագած հրդեհները մարած էին իրենք իրենց: Բնակարաններէն մէկուն մէջ շնչահեղձ մահացած էր ընտանիքի մը հիւանդ մայրը, զոր կարելի չէր եղած հրդեհէն ազատել: Օրեր ետք թաղեցիք ստիպուած հրկիզած էին կնոջ մարմինը:
Փողոցներուն մէջ կ՛երթեւեկէին կիներ եւ աղջիկներ, որոնք հոս ու հոն պայթած ջուրի խողովակներուն առջեւ կարգի մտնելով դոյլերով ջուր կը փոխադրէին դէպի չքանդուած տուները:
Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիին գմբէթը փուլ եկած էր, իսկ պատերը ծակծկած էին: Շրջափակը ամբողջ ժողովուրդ լեցուած էր: Ոմանք ջուր կը կրէին, ոմանք ալ եկեղեցին կը մաքրէին, կ՛աղօթէին եւ սրբանկարներուն առջեւ մոմեր կը վառէին:
* * *
Պէյրութի արեւելեան շրջաններու եւ արուարձաններուն 1978 հոկտեմբերի ռմբակոծումներուն յաջորդած զինադուլէն երկու շաբաթ ետք, անդորրութիւնը կրկին խանգարուեցաւ եւ բախումները սաստկացան Տըքուանէի եւ շրջակայքին մէջ: Փաղանգաւորներ հրետանային կրակի տակ առին Տըքուանէի, Ճսըր Ուաթիի, Ճսըր Պաշայի եւ Մըքալլէսի սուրիական դիրքերը, իսկ սուրիական ուժերը հրասայլային թնդանօթներով դիմադարձեցին իրենց վրայ քանի մը վայրերէ բացուող կրակին:
Միւս կողմէ, Տհուր Շուէյրի մէջ կեդրոնացած սուրիական ուժերը ռմբակոծեցին Պիքֆայան եւ շրջակայքը:
Լարուած վիճակ ստեղծուեցաւ նաեւ Պէյրութի կեդրոնը` Նահատակաց հրապարակ – Սինեմա Ռիվոլիի շրջանը: Արձակազէններ կրկին գործի լծուեցան եւ նաեւ հակահրասայլային Էր. Փէ. Ժէ. հրթիռներ գործածեցին երթեւեկը դադրեցնելու համար:
* * *

Էշրեֆիէ, Մար Մխայէլ, Խալիլ Պատաուի, Նոր Հաճըն, Պուրճ Համուտ, Սին էլ Ֆիլ, Տըքուանէ, Ժըտէյտէ, Տորա եւ մինչեւ Անթիլիաս տարածուող հայաբնակ թաղերուն մէջ առօրեայ յաճախակիութեամբ հակահայ անհանդուրժելի արարքներ կը պատահէին, որոնք կը միտէին հայութեան հանդէպ անհեթեթ ու անհիմն տրամադրութիւններ տարածել:
Ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ, ՀՅ Դաշնակցութեան պահանջով Պուրճ Համուտի Սարդարապատ ակումբին մէջ 24 հոկտեմբեր 1978-ին հանդիպում մը կայացաւ փաղանգաւոր եւ ազատական կուսակցութեանց պատասխանատուներուն հետ, հանգամանօրէն քննելու համար հայաբնակ շրջաններէն ներս անդորրութիւնը խանգարող խռովարար եւ անհակակշիռ տարրերը զսպելու, ինչպէս նաեւ շրջանի բնակչութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւն հաստատելու հրամայական հարցերը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան մէկ կողմէ փաղանգաւորներու հիւսիսային Մեթնի ընդհանուր պատասխանատու Ամին Ժըմայէլ, ազատականներու զինուորական խորհուրդի վարիչ Տանի Շամուն եւ քաղաքական խորհուրդի անդամ մեթր Մուսա Փրենս, միւս կողմէ մեթր Խաչիկ Պապիկեան եւ Հրաչ Թուրիկեան: Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ կողմերը ներկայացնող այլ պատասխանատուներ:
Ներկաները համամիտ գտնուեցան հատուածապաշտ ու այլամերժ տարրերու գրգռիչ արարքները դատապարտելու անհրաժեշտութեան: Հանդիպումը որդեգրեց այն տեսակէտը, որ անհրաժեշտ է գործակցիլ ապահովութիւնն ու անդորրութիւնը վերահաստատելու համար եւ միացեալ ու ընդհանրական պայքար բանալ խտրական ու անիշխանական բոլոր կեցուածքներուն ու քայլերուն դէմ:
Փաղանգաւոր եւ ազատական պատասխանատուները խոստացան պարտն ու պատշաճը տնօրինել եւ ամէն ճիգ թափել գրգռութեան մթնոլորտին վերջ տալու համար:
* * *
Արեւելեան շրջաններուն մէջ, հակահայ գրգռութիւններ տեղ գտած էին նաեւ պատերուն վրայ: Երեւոյթին անդրադառնալով, «Ազդակ», 25 հոկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Պատերէն անդին» խորագիրով ակնարկով կ՛ըսէր, որ պատերուն վրայ եւ մեր ժողովուրդի հասցէին արձանագրուած են յանգաւոր տեսթաններ: «Շատ անլուրջ պէտք է ըլլալ` լուրջի առնելու համար քանդումներէն, խժդժութիւններէն ու արիւնահեղութիւններէն այնքան մեծ դժուարութիւններով ու խոհականութեամբ հեռու մնացած մեր ժողովուրդին հասցէին եղած վերագրումները, որոնք յանցապարտ խղճմտանքներ կրող հոգիներու յղացումներ են պարզապէս եւ ոչ մէկ աղերս ունին լիբանանեան ճշմարտութեան հետ», կը շեշտէր «Ազդակ», աւելցնելով, որ հատուածական մոլեգնող չափանիշները, որքան ալ անարդար ըլլան ու գրգռիչ` չեն կրնար խախտել մեր հաւասարակշռութիւնը:
* * *

1978 հոկտեմբերի ռմբակոծումներու յաջորդող օրերուն «Ազդակ»-ի թղթակիցներ այցելեցին Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղերը, ապրեցան տագնապին աւերներուն դէմ մաքառող ժողովուրդին ցաւերն ու դիմադրականութեան կրանիթեայ ոգին, հանդիպումներ ունեցան եւ վկայութիւններ փոխանցեցին:
25 հոկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Պուրճ Համուտի մեր ժողովուրդը` տագնապին հետ, տագնապին դէմ» խորագիրով թղթակցութեան մէջ կ՛ըսուէր, որ իրենց փլատակներէն յարութիւն առնող փիւնիկներ են մեր հայահոծ թաղերը: Հողին կառչած մեր քաջարի ժողովուրդը դուրս կու գար վճռակամօրէն` վնասուած տունը վերանորոգելու, մոխիրի վերածուած խանութը վերականգնելու եւ մեր շէնշող թաղերուն հայաշունչ կենսունակութիւնը վերացայտեցնելու անխախտ լաւատեսութեամբ:
«Անցնիլ Պուրճ Համուտի, Սիսի, Արագածի կամ հայաբնակ որեւէ շրջանի որեւէ թաղէ, կը նշանակէ ապրիլ մեր ժողովուրդին անպարտելի վճռականութենէն ծնունդ առնող երջանկութիւնը, հրճուանքը, հաւատքը», կ՛ըսէր «Ազդակ»:
Իսկ 26 հոկտեմբերի թիւով եւ «Վերականգնումի նոր թափով» խորագիրով յօդուածով «Ազդակ»-ի աշխատակից Շահանդուխտ կ՛ըսէր. «Շրջեցէք մեր աւերուած փողոցներուն եւ շուկաներուն մէջ: Մեր ժողովուրդին արի զաւակները լծուած են նորոգելու, վերականգնումի գեղեցիկ գործին: Հոս` մուրճի հարուած, հոն` սղոցի ճռինչ, անդին` աղիւս կը շարեն, քիչ հեռուն` խումբ մը նուիրեալներ ելեկտրական բզկտուած ցանցերէն լոյս կը քամեն: Ծեր թէ երիտասարդ դարձած են հիւսն, դարբին, ատաղձագործ, աղբահաւաք»:
Իր կարգին տոքթոր Զաքար Մկրեան, 27 հոկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Մեր ընկերային կարիքները» խորագիրով յօդուածին մէջ կ՛ըսուէր, որ ունինք բազմահարիւր ընտանիքներ, որոնք ձմեռուան արհաւիրքին դէմ անպաշտպան կը մնան: Քանդուած կամ անգործածելի բնակարաններ, բնակութեան համար, վտանգաւոր եւ ոչ վստահելի շրջաններ ապրողներ, որոնք ապաստանած են դպրոցներու կամ վանքերու մէջ, գիւղական շրջաններու կամ ազգականներու մօտ: Բազմահարիւր արհեստաւորներու գործատեղիները քանդուած կը մնային, կամ` անապահով շրջաններ գտնուելու հետեւանքով անոնք զրկուած էին աշխատանքէ: Վաճառականները կորսնցուցած էին իրենց առեւտրական ձեռնարկները: Կրթական հաստատութիւնները մեծ մասամբ անգործածելի դարձած էին եւ կարեւոր նորոգութիւններ անհրաժեշտ էին վերամուտէն առաջ:
Տոքթոր Մկրեան կը շեշտէր ըսելով, որ պէտք ունինք ամէն ինչի եւ կ՛եզրափակէր ըսելով. «Ո՛չ մէկ ատեն այսքան կարիք չէ եղած համահայկական ընդհանրական ճիգի, որքան ներկայիս` փրկելու համար արտասահմանի հայութեան ազգային պահանջատիրութեան այս կենսունակ օրրանը»:
* * *

Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանը հինգշաբթի, 26 հոկտեմբեր 1978-ի երեկոյեան 10 քիլոկրամ «Թէ. Էն. Թէ.» ուժանակով ռմբահարուեցաւ եւ ծանրօրէն վնասուեցաւ:
Երկու օր ետք, 28 հոկտեմբերին կատարուած քննութիւնները յստակօրէն փաստեցին, որ եղածը խափանարարական արարք մըն էր: Վատոգի արարքին նպատակն էր խուճապի մատնել հայութիւնը եւ ստիպել, որ լիբանանեան պատերազմին մէջ քրիստոնէական ուժերու կողքին պատերազմող կողմ դառնայ:
Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս կիրակի, 29 հոկտեմբերին դատապարտեց Լիբանանի հայ համայնքին դէմ ի գործ դրուած վայրագ եւ անպատասխանատու յարձակումը:
«Յստակօրէն գիտենք, որ յուշարձանը պայթեցուցած են դիտումնաւոր կերպով», ըսաւ վեհափառը եւ աւելցուց. «Բացայայտ է, որ արարքին անպատասխանատու հեղինակները կը փորձեն գրգռութիւն յառաջացնել մեր ժողովուրդին մօտ»:
Երկուշաբթի, 30 հոկտեմբերին Խորէն Ա. կաթողիկոս եւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Վարդան եպիսկոպոս Տեմիրճեանի, գաւազանակիր Պարոյր վարդապետ Էքմէքճեանի եւ երեսփոխաններ տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեանի, Խաչիկ Պապիկեանի, Սուրէն Խանամիրեանի եւ տոքթոր Անդրանիկ Մանուկեանի, այցելեցին նախագահ Իլիաս Սարգիսի:
Հայութեան կրօնական եւ աշխարհական ներկայացուցիչները հանրապետութեան նախագահին ուշադրութեան յանձնեցին հայ համայնքին նկատմամբ նշմարուող անբարեացակամ տրամադրութեանց եւ կարգ մը թշնամական արարքներու բնոյթը. անոնք խոր ընդվզումով դիտել տուին, թէ ծիրը տակաւ կ՛ընդարձակուի ու կը հասնի անհանդուրժելի տարողութեան:
Վեհափառ հայրապետները եւ երեսփոխանները շեշտը դրին յատկապէս Նահատակաց յուշարձանին դէմ գործուած ոճրափորձին վրայ, վեր առնելով յուշարձանին համահայկական, անժամանցելի ու Լիբանանի սահմաններէն անդին անցնող նշանակութիւնը: Անոնք հանրապետութեան նախագահին ուշադրութեան յանձնեցին նաեւ որ այդ գրգռիչ արարքը կրնայ ծանրակշիռ հետեւանքներ ունենալ լիբանանեան համայնքներու փոխյարաբերութեանց, հետեւաբար` երկրի կառոյցին իսկ վրայ:
Անոնք նախագահէն պահանջեցին անյապաղ անհրաժեշտ ամէն միջոցառումի դիմել` մթնոլորտը դարմանելու եւ հայրենիքին սպառնացող վտանգը փարատելու համար:
Նախագահ Իլիաս Սարգիս խոր հասկացողութիւն ցուցաբերեց արտայայտուած տեսակէտներուն նկատմամբ, ցաւակցութիւն յայտնեց անարգ ոճրափորձին համար ու բաժնեց ախտաճանաչումը: Ան նաեւ խոստացաւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ տնօրինել պարտն ու պատշաճը:
Նահատակաց յուշարձանին դէմ կատարուած անարգ ոճիրին լոյսին տակ «Ազդակ» 31 հոկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Կը մնանք կանգուն» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ Ապրիլեան նահատակաց վիրաւոր յուշարձանը պիտի դառնայ Լիբանանի հայութեան դիմադրական ուժին ամէնէն պերճախօս վկայութեան խորհրդանիշը:
Խափանարարական վատոգի արարքը կը մերկացնէր կոյր այլամերժութիւնը անոնց, որոնք իրենց անիշխանական մոլուցքին մէջ կ՛ուզէին քանդել հանդուրժողութեան ու համակեցութեան տիպար հայրենիքին ամէնէն նուիրական կռուանները, կը նշէր «Ազդակ», շեշտելով, որ խափանարար ու գրգռիչ այս ու նմանօրինակ արարքներու հեղինակները պէտք է անդրադառնան, որ հայ ժողովուրդը կողմ պիտի չըլլայ: Հայութիւնը կը հաւատայ միայն մէկ կողմի, Լիբանանի` որուն միութիւնը եւ ամբողջականութիւնը առաջնահերթ հրամայական կը նկատէ եւ կը մերժէ Լիբանանը պառակտող ու տկարացնող կողմնակի ամէն դիրքորոշում:
«Ազդակ» կ՛եզրակացնէր ըսելով, որ հայութիւնը ճակատաբաց կը կանգնի բոլորին դիմաց, որովհետեւ Լիբանանը ճանչցած է իբրեւ համակեցութեան հայրենիքը, իր զաւակներուն միջեւ խտիր չդնող հանդուրժողութեան տիպար օրրանը: