Ակնարկ. Քաղաքական Երկու Կարեւոր Քայլ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եթէ Թուրքիոյ դէմ մեր պայքարը նմանցնենք ճատրակի խաղի մը, կրնանք ամենայն ինքնավստահութեամբ ըսել, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանգրուանին մենք թշնամիին դաշտէն ներս արձանագրեցինք բազմաթիւ յառաջխաղացքներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն էին քաղաքական երկու վարպետի հարուած. առաջինը` մեր եկեղեցւոյ կողմէ նահատակներու սրբադասման արարողութիւնն էր, 23 ապրիլին, երկրորդը` Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ 100-ամեակի յիշատակումը` Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, ապրիլ 24-ին: Քաղաքական այս երկու մեծ աքթերը առանձնացնելով`...

















