Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները Աննախընթաց Ելոյթով Ներկայացուցին «Կարօտի Եւ Պայքարի Ղօղանջներ»-ը

Ապրիլ 29, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-25-15_ham-1Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ մասնակցութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով «Կարօտի եւ պայքարի ղօղանջներ» խորագիրով ոգեկոչման ձեռնարկ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 25 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Յայտագիրի գեղարուեստական ղեկավարն էր Ռոպերթ Առաքելեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Ապա ձեռնարկը կազմակերպողներուն անունով խօսք առաւ Լուսիկ Աֆարեան, որ յայտնեց, թէ «քաջ գիտենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկները ինքնանպատակ չեն. իւրաքանչիւրը ունի իր ինքնուրոյն դիմագիծը, իսկ նպատակը անշեղ է բոլորին համար»:

4-25-15_ham-2Ահա այս հրամայականին թելադրութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, իր աւանդութեան համաձայն, իր գեղարուեստի դպրոցներով կը ներկայանայ մեր հանրութեան:

«Քաղաքակիրթ ժողովուրդներուն վայել գեղարուեստի լեզուով արտայայտուելով, եկէ՛ք անգամ մը եւս մեր հոգեկան ու բարոյական կապը անխզելի պահենք մեր նահատակներու խնկելի յիշատակին ու պատգամին հետ:

4-25-15_ham-5«Այս տարուան ոգեկոչման հանդիսութիւնը ունի նաեւ իր առաջադրանքը, որ միաժամանակ խտացուած բառերու մէջ կ՛արտայայտէ մեր ժողովուրդին ձգտումները` «կարօտի եւ պայքարի ղօղանջներ»-ով:

«Կարօտ, որովհետեւ հարիւր տարի շարունակ օտար ափերու վրայ կը հիւծենք մեր կեանքը եւ կ՛ապրինք հայրենի մեր օճախներուն կարօտով:

«Պայքար, որովհետեւ հարիւր տարիէ ի վեր մեր պայքարը չէ խամրած, այլ մշտանորոգ կամքով կը շարունակուի իրերայաջորդ սերունդներու կողմէ, որոնք երաշխիք են մեր յարատեւութեան եւ անմահութեան:

4-25-15_ham-4«Ղօղանջներ, որովհետեւ Համազգայինը իր առաքելութեամբ հայ մշակոյթի դարբնոց է: Հետեւաբար, գեղարուեստական այս յայտագիրին միջոցով իւրաքանչիւր մասնակից իր նուագով, պարով, ասմունքով, գծագրութեամբ ու թատերական ներկայացումով կը դառնայ ազգային պահանջատիրութեան ու անոր հատուցման անլռելի ղօղանջը:

4-25-15_ham-3«Հայ մշակութային ժառանգութեան լաւագոյն նմուշներու յաջող եւ որակաւոր ներկայացումները կը միտին հայ մարդը հաղորդ պահել իր ժառանգած հայկական պատկանելիութենէն ծնած հպարտութեան զգացումով, որով նաեւ ան անբարդոյթ պիտի կարենայ ապրիլ իր հայկականութիւնը, այլ նաեւ ձգտիլ անոր:

«Հաստատուած ճշմարտութիւն է, թէ մերօրեայ հայ մարդը հիմնականին մէջ երեք տուեալներով է, որ զօդուած է հայ իրականութեան.

Ա. Իր պատմական յիշողութեամբ:

Բ. Հայութեան հաւաքական ձգտումներով եւ յաղթանակներու ակնկալիքներով:

Գ. Մեր մշակութային հաստատութեան իր հաղորդումով եւ անոր յառաջացուցած հպարտութեան զգացումով:

«Հետեւաբար, այսօրուան մեր ներկայացուցած այս աշխատանքը մեր համեստ ներդրումն է այս ուղղութեամբ», եզրափակեց Աֆարեան: Յաջորդաբար գեղարուեստի դպրոցի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուեցան քանոնի վրայ «Երազ»-ը, ուսուցիչ` Մարիա Պարտիզպանեան, «Վերածնուած Հայաստան» երաժշտական համոյթը, ղեկավար` Մկրտիչ Միքայէլեան, «Հերոսական»-ը` տհոլահարներու համոյթը, ղեկավար` Գէորգ Քէօշկերեան, իսկ «Գայեանէ» պարախումբը ներկայացուց «Աշխարհումս», «Պարմանի» եւ «Հերոսական» պարերը, ղեկավարներ` Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններ: «Արեգ» թատերախումբը ներկայացուց «Կարօտ» թատերախաղը, որուն հեղինակը եւ բեմադրիչն է Ռոպերթ Առաքելեան:

«Կարօտ» թատերախաղին նիւթը հայրենաբաղձութիւնն է: Կարօտը` հերոսը, աշխարհի չորս կողմը կը դեգերի ու ամէնուրեք դժուարութիւններու կը հանդիպի: Թատերախաղին պատգամը հայրենիք վերադառնալ է եւ հզօր երկիր մը կերտել ու չսպասել, որ արդարութիւնը մեր երեսին նայի, այլ մենք հայերս զօրանանք ու արդարութիւնը մեր ձեռքով խլենք:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սուրիոյ Հայ Համայնքի Զաւակները

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Ընթացքին. Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ Ծաղկեպսակ Զետեղեց Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?